Deuteronomy 30
Numbers « Deuteronomy 29 ‹ Deuteronomy 30 › Deuteronomy 31 » Joshua
ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
1«Երբ այս բոլոր բաները՝ որ առջեւդ դրի, թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ անէծքը, քու վրադ գան, ու դուն անոնց մասին 1մտածես այն բոլոր ազգերուն մէջ՝ ուր Տէրը, քու Աստուածդ, քեզ պիտի աքսորէ,
2եւ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ վերադառնաս ու ամբողջ սիրտովդ եւ ամբողջ անձովդ անոր խօսքը մտիկ ընես, թէ՛ դուն եւ թէ քու որդիներդ, այսօր քեզի տուած բոլոր պատուէրներուս համաձայն,
3Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ գերութենէդ պիտի վերադարձնէ, վրադ պիտի գթայ, ու դարձեալ պիտի հաւաքէ քեզ այն բոլոր ժողովուրդներէն, որոնց մէջ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ ցրուեր էր։
4Նոյնիսկ եթէ մինչեւ երկինքին ծայրը աքսորուած ըլլաս, Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ անկէ պիտի հաւաքէ, քեզ անկէ պիտի բերէ.
5Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ պիտի վերադարձնէ այն երկիրը, որուն հայրերդ տիրացած էին. դուն անոր պիտի տիրանաս, եւ քեզի բարիք ընելով՝ քեզ հայրերէդ աւելի պիտի բազմացնէ։
6Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ պիտի թլփատէ սիրտդ ու զարմիդ սիրտը, որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ եւ ամբողջ անձովդ սիրես, որպէսզի ապրիս։
7Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ այս բոլոր անէծքները թշնամիներուդ վրայ պիտի դնէ, քեզ ատողներուն եւ հալածողներուն վրայ,
8իսկ դուն պիտի վերադառնաս, Տէրոջ խօսքը մտիկ պիտի ընես ու գործադրես անոր բոլոր պատուիրանները՝ որ այսօր քեզի կը հրամայեմ։
9Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ յորդառատ պիտի ընէ ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղն ու հողիդ պտուղը՝ քու բարիքիդ համար. արդարեւ Տէրը բարիք ընելով դարձեալ պիտի բերկրի քեզի համար, ինչպէս հայրերուդ համար բերկրեցաւ,
10երբ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ խօսքը մտիկ ընես եւ այս Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած անոր պատուիրաններն ու կանոնները պահես, ամբողջ սիրտովդ եւ ամբողջ անձովդ Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ վերադառնալով։
11Արդարեւ այս պատուիրանը՝ որ այսօր քեզի կը հրամայեմ, քեզի խրթին չէ, ո՛չ ալ քեզմէ հեռու։
12Ան երկինքը չէ, որ ըսես. “Մեզի համար ո՞վ պիտի բարձրանայ երկինքը եւ զայն մեզի բերէ, որպէսզի լսենք ու գործադրենք”։
13Ան ծովուն միւս կողմն ալ չէ, որ ըսես. “Մեզի համար ո՞վ պիտի անցնի ծովուն միւս կողմը եւ զայն մեզի բերէ, որպէսզի լսենք ու գործադրենք”։
14Հապա այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, բերանիդ եւ սիրտիդ մէջ է, որպէսզի զայն գործադրես։
15Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարիքը, մահն ու չարիքը առջեւդ դրի։
16Արդարեւ այսօր քեզի կը պատուիրեմ որ Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներէն ընթանաս, եւ անոր պատուիրանները, կանոններն ու 2դատավճիռները պահես, որպէսզի ապրիս եւ բազմանաս, ու Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր կ’երթաս՝ անոր տիրանալու համար։
17Բայց եթէ քու սիրտդ հեռացնես ու չհնազանդիս, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագես եւ զանոնք պաշտես,
18այսօր ձեզի կ’իմացնեմ թէ անշո՛ւշտ պիտի կորսուիք, ու ձեր օրերը երկար պիտի չըլլան այն 3երկրին վրայ, ուր մտնելու եւ անոր տիրանալու համար Յորդանանէն կ’անցնիք։
19Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը կանչեմ ձեզի դէմ, թէ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեա՛նքը ընտրէ՝ որ ապրիս,— դուն եւ քու զարմդ,—
20Տէրը՝ քու Աստուածդ սիրելով, անոր խօսքը մտիկ ընելով ու անոր յարելով,— որովհետեւ ա՛ն է քու կեանքդ եւ օրերուդ երկարութիւնը,— որպէսզի բնակիս այն հողին վրայ, որուն համար Տէրը հայրերուդ՝ Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի երդում ըրաւ՝ անոնց տալու»։