Loading...

Exodus 1

Genesis  «  Genesis 50  ‹  Exodus 1  ›  Exodus 2  »  Leviticus


ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆԳԹՈՒԹԻՒՆԸ

1

Ահա՛ւասիկ Եգիպտոս գացող Իսրայէլի որդիներուն անունները. իւրաքանչիւրը իր ընտանիքով Յակոբի հետ գնաց.—

2

Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի ու Յուդա,

3

Իսաքար, Զաբուղոն եւ Բենիամին,

4

Դան ու Նեփթաղիմ, Գադ եւ Ասեր։

5

Յակոբի երանքէն ելած բոլոր անձերը եօթանասուն անձ էին. Յովսէփ ալ Եգիպտոս էր։

6

Յովսէփ, անոր բոլոր եղբայրները եւ այդ ամբողջ սերունդը մեռան։

7

Իսկ Իսրայէլի որդիները աճեցան ու 1շատցան, բազմացան, չափազանց հզօրացան, եւ այդ երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։

8

Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։

9

Ան իր ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա՛ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ բազմաթիւ ու հզօր է։

10

Եկէ՛ք իմաստուն ըլլանք անոնց հանդէպ՝ որ չբազմանան, ու երբ պատերազմ պատահի՝ անոնք ալ 2մեր ոսոխներուն՝՝ միանալով մեզի դէմ չպատերազմին եւ այս երկրէն չբարձրանան»։

11

Հետեւաբար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէսզի տառապեցնեն զանոնք բռնի աշխատանքներով. եւ Փարաւոնի կառուցանեցին շտեմարանի քաղաքներ՝ Փիթոմն ու Ռամսէսը։

12

Սակայն ո՛րչափ կը տառապեցնէին զանոնք, ա՛յնչափ աւելի կը բազմանային ու կ’աճէին. եւ անոնք Իսրայէլի 3որդիներէն 4ահաբեկեցան։

13

Ուստի Եգիպտացիները բրտութեամբ ծառայեցուցին Իսրայէլի որդիները.

14

անոնց կեանքը տաժանելի ստրկութեամբ՝ 5կաւով, աղիւսներով ու դաշտի ամէն տեսակ ծառայութեամբ կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բրտութեամբ էր։

15

Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը Սեփրա էր, ու միւսին անունը՝ Փուա,

16

եւ ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն ծննդաբերութեան ատեն նայեցէ՛ք անոնց՝ երբ 6նստարաններուն վրայ են՝՝. եթէ 7տղայ է՝ մեռցուցէ՛ք զայն, իսկ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։

17

Բայց մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, ու չըրին այնպէս՝ ինչպէս Եգիպտոսի թագաւորը իրենց ըսեր էր. հապա տղաները ողջ պահեցին։

18

Եգիպտոսի թագաւորը մանկաբարձները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս բանը ըրիք ու տղաները ողջ պահեցիք»։

19

Մանկաբարձներն ալ ըսին Փարաւոնի. «Որովհետեւ եբրայեցի կիները Եգիպտոսի կիներուն պէս չեն. արդարեւ առոյգ են, եւ մանկաբարձը դեռ անոնց չհասած՝ կը ծնանին»։

20

Հետեւաբար Աստուած մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ, ու ժողովուրդը բազմացաւ եւ չափազանց հզօրացաւ։

21

Քանի որ մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, ան ալ անոնց տուներ շինեց։

22

Ուստի Փարաւոն իր ամբողջ ժողովուրդին պատուիրեց. «Ամէն ծնած տղայ 8գե՛տը նետեցէք, իսկ ամէն աղջիկ ո՛ղջ պահեցէք»։



1 Եբր.՝ վխտացին
2 Եբր.՝ մեզ ատողներուն
3 Եբր.՝ որդիներուն երեսէն
4 Կամ՝ զզուեցան
5 Կամ՝ շաղախով
6 Կամ՝ նորածինին սեռին
7 Եբր.՝ որդի
8 Կամ՝ Նեղոսի՛ մէջ