Genesis 2
Genesis 1 ‹ Genesis 2 › Genesis 3 » Exodus
ԵԴԵՄԻ ՊԱՐՏԷԶԸ
1Եւ աւարտեցան երկինքն ու երկիրը, եւ անոնց բոլոր 1զարդերը։
2Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը աւարտեց, ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր ըրած բոլոր գործերէն։
3Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց, ու սրբացուց զայն. որովհետեւ անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որ Աստուած ստեղծած եւ ըրած էր։
4Ահա՛ւասիկ երկինքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։ Այն օրը՝ երբ 2Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ,
5դաշտի որեւէ տունկ դեռ երկրի վրայ եղած չէր, եւ դաշտի որեւէ բոյս դեռ բուսած չէր, քանի որ Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրեւ տեղացուցած չէր, ու հողը մշակող մարդ չկար.
6հապա երկրէն 3շոգի կը բարձրանար ու գետինին ամբողջ մակերեսը կը ջրէր։
7Տէր Աստուած գետինի 4հողէն ձեւակերպեց 5մարդը, անոր ռունգերէն կեանքի շունչ փչեց, եւ մարդը ապրող անձ եղաւ։
8Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր ձեւակերպած մարդը հոն դրաւ։
9Տէր Աստուած գետինէն բուսցուց՝ երեւոյթով ցանկալի եւ ուտելիքի համար լաւ ամէն ծառ, ու պարտէզին մէջտեղը՝ կեանքի ծառը, եւ բարիին ու չարին գիտութեան ծառն ալ։
10Պարտէզը ջրելու համար՝ գետ մը 6կը բխէր՝՝ Եդեմէն, եւ անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր։
11Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի ամբողջ երկրին շուրջը կը դառնայ, ուր ոսկի կայ
12եւ այդ երկրին ոսկին լաւորակ է. 7քարխունկ ու եղնգնաքար կայ հոն։
13Երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի ամբողջ երկրին շուրջը կը դառնայ։
14Երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արեւելեան կողմը կ’երթայ։ Չորրորդ գետը Եփրատն է։
15Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զայն մշակէ եւ պահէ։
16Տէր Աստուած մարդուն պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր,
17բայց բարիին ու չարին գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. որովհետեւ այն օրը երբ անկէ ուտես, 8անշո՛ւշտ պիտի մեռնիս՝՝ »։
18Տէր Աստուած ըսաւ. «Լաւ չէ որ 9Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ՝ իրեն յարմար»։
19Եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազաններն ու երկինքի բոլոր թռչունները Կամ՝ հողէն ձեւակերպեց եւ Ադամի առջեւ բերաւ, որպէսզի տեսնէ թէ ի՛նչպէս պիտի կոչէ զանոնք։ Ի՛նչպէս Ադամ կոչեց ամէն շնչաւոր կենդանի, ա՛յն եղաւ անոր անունը։
20Ադամ բոլոր ընտանի անասունները, երկինքի թռչուններն ու դաշտին բոլոր գազանները կոչեց իրենց անուններով, բայց Ադամի օգնական մը չգտնուեցաւ՝ իրեն յարմար։
21Եւ Տէր Աստուած խորունկ քունի մը մէջ ձգեց Ադամը, եւ ան քնացաւ։ Անոր կողոսկրներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։
22Տէր Աստուած Ադամէն առած կողոսկրէն կին մը 10ձեւակերպեց, եւ զայն Ադամի բերաւ։
23Ադամ ըսաւ. «Այս անգամ ասիկա ոսկորէս՝ ոսկոր, ու միսէս՝ միս է. ասիկա 11կին պիտի կոչուի, քանի որ 12մարդէն առնուեցաւ»։
24Ատոր համար մարդը հայրն ու մայրը պիտի թողու, եւ իր կնոջ պիտի յարի, ու մէկ 13մարմին պիտի ըլլան։
25Ադամ եւ իր կինը՝ երկուքն ալ մերկ էին, ու չէին ամչնար։