Genesis 3
Genesis 2 ‹ Genesis 3 › Genesis 4 » Exodus
ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտին բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը։ Ան կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ “պարտէզին որեւէ ծառէն մի՛ ուտէք”»։
2Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կ’ուտենք։
3Բայց պարտէզին մէջտեղը եղող ծառին պտուղին մասին՝ Աստուած ըսաւ. “Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէսզի չմեռնիք”»։
4Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ “անշուշտ պիտի մեռնիք”։
5Որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ այն օրը երբ անկէ ուտէք՝ ձեր աչքերը պիտի բացուին, եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։
6Կինը՝ տեսնելով թէ ծառը լաւ էր ուտելիքի համար, փափաքելի՝ աչքերուն, եւ ցանկալի՝ 1ուշիմ ըլլալու՝՝ համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ։ Նաեւ իրեն հետ եղող իր ամուսինին տուաւ. ա՛ն ալ կերաւ,
7եւ անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան, ու գիտցան թէ մերկ էին։ Ուստի թզենիի տերեւներ կարեցին եւ իրենց գօտիներ ըրին։
8Երբ օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ շրջող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսեցին, Ադամ ու իր կինը՝ Տէր Աստուծոյ 2ներկայութենէն պահուըտեցան պարտէզին ծառերուն մէջ։
9Տէր Աստուած Ադամը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր ես »։
10Ան ըսաւ. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, որովհետեւ մերկ էի, եւ պահուըտեցայ»։
11Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ իմացուց քեզի թէ մերկ էիր. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն, որուն մասին քեզի պատուիրեցի՝ որ անկէ չուտես»։
12Ադամ ըսաւ. «Այն կինը՝ որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն, ու ես կերայ»։
13Տէր Աստուած կնոջ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս ըրածդ»։ Կինը ըսաւ. «Օ՛ձը զիս հրապուրեց, ու ես կերայ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
14Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Ասիկա ընելուդ համար՝ բոլոր ընտանի անասուններէն ու դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեա՛լ ըլլաս. փորի՛դ վրայ պիտի երթաս, եւ կեանքիդ բոլոր օրերը 3հո՛ղ պիտի ուտես։
15Քու ու կնոջ միջեւ, քու զարմիդ եւ անոր զարմին միջեւ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի 4ջախջախէ, իսկ դուն անոր կրունկը պիտի 5խայթես»։
16Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը մեծապէս պիտի շատցնեմ. տքնելո՛վ որդի պիտի ծնանիս։ Ամուսինիդ պիտի 6բաղձաս, բայց ինք պիտի տիրէ քու վրադ»։
17Եւ Ադամի ըսաւ. «Որովհետեւ դուն կնոջդ 7խօսքը մտիկ ըրիր, ու կերար այն ծառէն՝ որուն մասին քեզի պատուիրեցի. “Անկէ մի՛ ուտեր”, 8գետինը քու պատճառովդ անիծեա՛լ ըլլայ։ Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւո՛վ պիտի ուտես անկէ.
18փուշ ու տատասկ պիտի բուսցնէ քեզի, եւ դաշտին բոյսը պիտի ուտես։
19Դէմքիդ քրտինքո՛վ պիտի ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը վերադառնալդ՝ ուրկէ առնուեցար. քանի որ դուն 9հող էիր, ու հողին պիտի վերադառնաս»։
20Ադամ իր կնոջ անունը 10Եւա կոչեց, որովհետեւ ա՛ն էր բոլոր ապրողներուն մայրը։
21Ու Տէր Աստուած Ադամի եւ անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց ու անոնց հագցուց։
ԱԴԱՄ ՈՒ ԵՒԱ ԴՐԱԽՏԷՆ ԿԸ ՎՌՆՏՈՒԻՆ
22Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա՛ Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալու համար. հիմա ձեռքը թող չերկարէ՝ որ կեանքի ծառէն ալ առնէ, ուտէ ու յաւիտեան ապրի»։
23Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն վտարեց զայն, որպէսզի հողը մշակէ՝ ուրկէ առնուեցաւ։
24Այսպէս վռնտեց Ադամը. Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմը քերովբէներ դրաւ եւ ամէն կողմ դարձող բոցավառ սուրը՝ կեանքի ծառին ճամբան պահելու համար։