Loading...

Genesis 4

Genesis 3  ‹  Genesis 4  ›  Genesis 5  »  Exodus


ԿԱՅԷՆ ԵՒ ԱԲԷԼ

1

Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը, եւ ան յղացաւ, 1Կայէնը ծնաւ ու ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։

2

Վերստին անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ. Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, իսկ Կայէն հողը կը մշակէր։

3

Ժամանակէ մը ետք՝ Կայէն գետինի պտուղէն Տէրոջ ընծայ բերաւ։

4

Աբէլ ինք ալ՝ իր ոչխարներուն առջինեկներէն եւ անոնց 2պարարտներէն բերաւ։ Տէրը նայուածքը դարձուց Աբէլի ու անոր ընծային,

5

բայց Կայէնի եւ անոր ընծային նայուածքը չդարձուց. ուստի Կայէն շատ բորբոքեցաւ ու երեսը 3կախեց։

6

Տէրը Կայէնի ըսաւ. «Ինչո՞ւ բորբոքեցար, եւ ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր.

7

եթէ բարիք ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար։ Եթէ բարիք չընես, 4մեղքը դրան քով պառկած է. 5ան քեզի կը բաղձայ՝՝, բայց դուն տիրէ՛ անոր վրայ»։

8

Կայէն իր Աբէլ եղբօր հետ խօսեցաւ, ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօր վրայ 6յարձակեցաւ եւ սպաննեց զայն։

9

Տէրը Կայէնի ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ՝ Աբէլը»։ Ան ալ ըսաւ. «Չեմ գիտեր. միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։

10

Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր. քու եղբօրդ արիւնին ձայնը՝ գետինէն ինծի կ’աղաղակէ։

11

Հիմա դուն անիծեա՛լ ես գետինէն, որ իր բերանը բացաւ՝ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ստանալու։

12

Երբ հողը մշակես, ասկէ ետք իր 7բերքը պիտի չտայ քեզի. երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլաս»։

13

Կայէն Տէրոջ ըսաւ. «8Իմ անօրէնութիւնս՝ ներում գտնելու չափէն՝՝ աւելի մեծ է։

14

Ահա՛ զիս այսօր երկրագունդի մակերեսէն վռնտեցիր, ու ես քու երեսէդ պիտի ծածկուիմ։ Երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ, եւ ո՛վ որ զիս գտնէ՝ զիս պիտի մեռցնէ»։

15

Տէրը անոր ըսաւ. «Ուրեմն ո՛վ որ Կայէնը սպաննէ, անկէ եօթնապատիկ վրէժ պիտի առնուի»։ Ու Տէրը նշան մը դրաւ Կայէնի վրայ, որպէսզի զայն գտնող մէկը՝ զինք 9չմեռցնէ։


ԿԱՅԷՆԻ ԶԱՐՄԸ

16

Կայէն Տէրոջ ներկայութենէն դուրս ելաւ, ու Եդեմի արեւելեան կողմը՝ Նայիդ երկիրը բնակեցաւ։

17

Կայէն իր կինը գիտցաւ, եւ ան յղացաւ ու Ենովքը ծնաւ. քաղաք մը կը կառուցանէր այն ատեն, եւ քաղաքին անունը՝ իր որդիին անունին համեմատ Ենովք կոչեց։

18

Ենովք ծնաւ Գայիրադը, Գայիրադ ծնաւ Մայիէլը, Մայիէլ ծնաւ Մաթուսայէլը, ու Մաթուսայէլ ծնաւ Ղամէքը։

19

Ղամէք իրեն երկու կին առաւ. մէկուն անունը Ադդա էր, եւ միւսին անունը՝ Սելլա։

20

Ադդա ծնաւ Յոբէլը, որ վրանաբնակներուն ու խաշնարածներուն հայրը եղաւ։

21

Անոր եղբօր անունը Յոբալ էր, որ բոլոր քնարահարներուն եւ սրնգահարներուն հայրը եղաւ։

22

Սելլա ալ ծնաւ Թոբէլկայէնը, որ պղինձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ 10գործիք կը դարբնէր՝՝։ Թոբէլկայէնի քոյրը՝ Նաամա էր։

23

Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդայի եւ Սելլայի ըսաւ. «Ձա՛յնս մտիկ ըրէք, Ղամէքի՛ կիներ. խօ՛սքս ունկնդրեցէք, որովհետեւ ես մարդ մը սպաննեցի՝ իմ վէրքիս, ու երիտասարդ մը՝ իմ հարուածիս համար։

24

Եթէ Կայէնի համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքի համար ալ՝ եօթանասունեօթը անգամ»։


ՍԷԹ ԵՒ ԵՆՈՎՍ

25

Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ. ան ալ որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը 11Սէթ կոչեց, քանի որ ըսաւ. «Աստուած ինծի ուրիշ զարմ մը տուաւ՝ Կայէնի սպաննած Աբէլին տեղը»։

26

Սէթ ալ որդի մը ծնաւ, ու անոր անունը Ենովս կոչեց. այն ատեն մարդիկ սկսան Տէրոջ 12անունը կանչել։



1 Այսինքն՝ ստացուած
2 Եբր.՝ ճարպէն
3 Եբր.՝ ինկաւ
4 Կամ՝ մեղքին պատարագը
5 Կամ՝ ան քեզի պիտի հնազանդի
6 Եբր.՝ ելաւ
7 Եբր.՝ ոյժը
8 Կամ՝ Իմ անօրէնութեանս պատիժը՝ կրելու կարողութենէս
9 Եբր.՝ չզարնէ
10 Կամ՝ խոփ կը սրէր
11 Այսինքն՝ դրուած
12 Կամ՝ անունով