Loading...

Genesis 5

Genesis 4  ‹  Genesis 5  ›  Genesis 6  »  Exodus


ԱԴԱՄԻ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 1-4)

1

Ահա՛ւասիկ Ադամի ծնունդներուն գիրքը։ Այն օրը՝ երբ Աստուած ստեղծեց մարդը, Աստուծոյ նմանութեամբ ըրաւ զայն.

2

արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, օրհնեց զանոնք, ու անոնց ստեղծուած օրը՝ անոնց անունը 1Ադամ կոչեց։

3

Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, եւ իր նմանութեամբ՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սէթ կոչեց։

4

Ադամի օրերը՝ Սէթը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տարի եղան, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

5

Ադամի ապրած բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան, եւ մեռաւ։

6

Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ենովսը։

7

Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

8

Սէթի բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան, եւ մեռաւ։

9

Ենովս իննսուն տարի ապրեցաւ, ու Կայնանը ծնաւ։

10

Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տասնհինգ տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

11

Ենովսի բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան, եւ մեռաւ։

12

Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Մաղաղիէլը։

13

Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

14

Կայնանի բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան, եւ մեռաւ։

15

Մաղաղիէլ վաթսունհինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Յարեդը։

16

Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

17

Մաղաղիէլի բոլոր օրերը ութ հարիւր իննսունհինգ տարի եղան, եւ մեռաւ։

18

Յարեդ հարիւր վաթսուներկու տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ենովքը։

19

Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետք՝ ութ հարիւր տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

20

Յարեդի բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսուներկու տարի եղան, եւ մեռաւ։

21

Ենովք վաթսունհինգ տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Մաթուսաղան։

22

Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետք՝ երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ ընթացաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

23

Ենովքի բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունհինգ տարի եղան։

24

Ենովք Աստուծոյ հետ ընթացաւ, եւ չէր գտնուեր, քանի որ Աստուած զինք առաւ։

25

Մաթուսաղա հարիւր ութսունեօթը տարի ապրեցաւ, ու ծնաւ Ղամէքը։

26

Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետք՝ եօթը հարիւր ութսուներկու տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

27

Մաթուսաղայի բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունինը տարի եղան, եւ մեռաւ։

28

Ղամէք հարիւր ութսուներկու տարի ապրեցաւ, ու որդի մը ծնաւ

29

եւ անոր անունը 2Նոյ կոչեց՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն ցաւէն, որ Տէրոջ անիծած գետինին պատճառով կը կրենք»։

30

Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետք՝ հինգ հարիւր իննսունհինգ տարի ապրեցաւ, եւ որդիներ ու աղջիկներ ծնաւ։

31

Ղամէքի բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունեօթը տարի եղան, եւ մեռաւ։

32

Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ. Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը եւ Յափէթը։



1 Այսինքն՝ մարդ
2 Այսինքն՝ հանգստութիւն