Loading...

Genesis 6

Genesis 5  ‹  Genesis 6  ›  Genesis 7  »  Exodus


ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

1

Երբ մարդիկ երկրագունդի մակերեսին վրայ սկսան բազմանալ ու իրենց աղջիկներ ծնան,

2

Աստուծոյ որդիները տեսան մարդոց աղջիկներուն վայելչագեղ ըլլալը, եւ իրենց կիներ առին իրենց բոլոր ընտրածներէն։

3

Ու Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդուն վրայ պիտի 1չմնայ. որովհետեւ ան մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի պիտի ըլլան»։

4

Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային. եւ անկէ ետքն ալ, երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին. ասոնք հին դարերու զօրաւոր ու անուանի մարդիկն էին։

5

Երբ Տէրը տեսաւ թէ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնար, եւ անոնց սիրտին մտածումներուն բոլոր նպատակները միայն չար էին 2ամէն ատեն՝՝,

6

Տէրը երկրի վրայ մարդը 3ստեղծելուն զղջաց, ու իր սիրտին մէջ վշտացաւ։

7

Եւ Տէրը ըսաւ. «Երկրագունդի մակերեսէն պիտի բնաջնջեմ մարդը՝ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ ընտանի անասունները, սողուններն ու երկինքի թռչունները, որովհետեւ զանոնք 4ստեղծելուս կը զղջամ»։

8

Բայց Նոյ շնորհք գտաւ Տէրոջ 5առջեւ։


ՆՈՅ

9

6Ահա՛ւասիկ Նոյի պատմութիւնը՝՝։ Նոյ իր սերունդին մարդոց մէջ արդար ու պարկեշտ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ ընթացաւ։

10

Նոյ ծնաւ երեք որդի՝ Սէմը, Քամը եւ Յափէթը։

11

Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ. նաեւ երկիրը բռնութեամբ լեցուեցաւ։

12

Աստուած երկրին նայեցաւ, եւ ահա՛ ապականած էր, որովհետեւ երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։

13

Ուստի Աստուած Նոյի ըսաւ. «Բոլոր մարմիններուն վախճանը հասած է իմ առջեւս, քանի որ երկիրը անոնց 7պատճառով բռնութեամբ լեցուեցաւ. ահա՛ զանոնք երկրի հետ պիտի բնաջնջեմ։

14

8Խիժաբեր փայտէ տապա՛ն մը շինէ դուն քեզի. տապանին մէջ 9խորշե՛ր շինէ, եւ զայն ներսէն ու դուրսէն ձիւթո՛վ ծեփէ։

15

Սա՛ ձեւով շինէ զայն.— տապանին երկայնքը երեք հարիւր կանգուն թող ըլլայ, լայնքը՝ յիսուն կանգուն, եւ բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։

16

Տապանին 10լուսամո՛ւտ մը շինէ, ու զայն վերէ՛ն աւարտէ մէկ կանգունի չափով։ Տապանին դուռը իր կողմի՛ն վրայ դիր. ստորին, 11միջին ու վերին՝՝ յարկերո՛վ շինէ զայն։

17

Ահա՛ երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերեմ՝ երկինքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները բնաջնջելու համար։ Երկրի վրայ եղող ամէն ինչ շունչը պիտի տայ։

18

Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, ու տապանը պիտի մտնես՝ դուն, եւ քեզի հետ՝ որդիներդ, կինդ, ու որդիներուդ կիները։

19

Ամէն մարմինէ եղող իւրաքանչիւր կենդանիէն՝ երկու հատ ամէն տեսակէն տապանը բեր, որպէսզի քեզի հետ ողջ մնան. անոնք արու եւ էգ ըլլան։

20

Թռչուններէն՝ իրենց տեսակին համեմատ, ընտանի անասուններէն՝ իրենց տեսակին համեմատ, գետինի բոլոր սողուններէն՝ իրենց տեսակին համեմատ, իւրաքանչիւրէն երկու հատ քեզի պիտի գան՝ ողջ մնալու համար։

21

Եւ դուն՝ ա՛ռ քեզի ամէն ուտելիքէ որ կ’ուտուի, ու քո՛վդ ժողվէ, որպէսզի քեզի եւ անոնց կերակուր ըլլայ»։

22

Եւ ա՛յդպէս ըրաւ Նոյ. Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ։



1 Եբր.՝ չտիրէ
2 Եբր.՝ ամբողջ օրը
3 Եբր.՝ ընելուն
4 Եբր.՝ ընելուս
5 Եբր.՝ աչքերուն
6 Եբր.՝ Ասոնք են Նոյի ծնունդները
7 Եբր.՝ երեսէն
8 Կամ՝ Նոճիի
9 Եբր.՝ բոյնե՛ր
10 Կամ՝ յա՛րկ
11 Եբր.՝ երկրորդ ու երրորդ