Loading...

Genesis 7

Genesis 6  ‹  Genesis 7  ›  Genesis 8  »  Exodus


ՋՐՀԵՂԵՂԸ

1

Տէրը Նոյի ըսաւ. «Դուն ամբողջ տունովդ տապանը մտիր, որովհետեւ այս սերունդին մարդոց մէջ՝ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ։

2

Բոլոր մաքուր անասուններէն քեզի եօթնակա՛ն առ, 1արու եւ էգ՝՝. իսկ անմաքուր անասուններէն՝ երկուքական, արու եւ էգ։

3

Երկինքի թռչուններէն ալ եօթնական առ, արու եւ էգ, ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ անոնց զարմը ողջ պահելու համար։

4

Որովհետեւ եօթը օր ետք՝ երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի տեղացնեմ, եւ երկրագունդի մակերեսէն պիտի բնաջնջեմ ամէն արարած որ ըրի»։

5

Ու Նոյ Տէրոջ իրեն բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրաւ։

6

Ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը՝ Նոյ վեց հարիւր տարեկան էր։

7

Նոյ, իր որդիները, իր կինն ու իր որդիներուն կիները՝ իրեն հետ տապանը մտան ջրհեղեղին ջուրերուն 2պատճառով։

8

Մաքուր անասուններէն եւ անմաքուր անասուններէն, թռչուններէն ու գետինի վրայ բոլոր սողացողներէն՝

9

զոյգ-զոյգ, արու եւ էգ, տապանը՝ Նոյի գացին, ինչպէս Աստուած Նոյի պատուիրեր էր։

10

Ու եօթը օր ետք՝ ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան։

11

Նոյի կեանքին վեց հարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնեօթներորդ օրը, նոյն օրը՝ մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան, երկինքի 3սահանադռները բացուեցան,

12

ու երկրի վրայ քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր տեղատարափ 4եկաւ։

13

Ճիշդ նոյն օրը՝ Նոյ, ու Նոյի որդիները՝ Սէմ, Քամ եւ Յափէթ, Նոյի կինն ու իր որդիներուն երեք կիները՝ իրենց հետ տապանը մտան.

14

անոնք, եւ բոլոր գազանները՝ իրենց տեսակին համեմատ, բոլոր ընտանի անասունները՝ իրենց տեսակին համեմատ, երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները՝ իրենց տեսակին համեմատ, ու բոլոր թռչունները՝ իրենց տեսակին համեմատ, բոլոր թռչնազգիները, ամէն տեսակ թեւաւոր։

15

Կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն մարմինէ երկուքական մտան տապանը՝ Նոյի քով։

16

Տապանը մտնողները արու եւ էգ մտան ամէն մարմինէ, ինչպէս Աստուած անոր պատուիրեր էր. ու Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց։

17

Երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ. ջուրերը շատցան, տապանը վերցուցին, եւ ան երկրէն բարձրացաւ։

18

Ջուրերը զօրացան, չափազանց շատցան երկրի վրայ, ու տապանը ջուրերու մակերեսին վրայ կ’երթար։

19

Ջուրերը երկրի վրայ չափազանց զօրացան, եւ ամբողջ երկինքին տակ եղած բոլոր բարձր լեռները ծածկուեցան։

20

Ջուրերը տասնհինգ կանգուն 5բարձրացան լեռներէն վեր, որոնք ծածկուեցան.

21

ու երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ ընտանի անասուն, թէ՛ գազան, թէ՛ երկրի վրայ զեռացող ամէն զեռուն, եւ ամէն մարդ շունչը տուաւ։

22

Բոլոր անոնք՝ որ իրենց ռունգերուն մէջ կենդանութեան շունչ ունէին, բոլոր ցամաքի վրայ եղողները մեռան։

23

Երկրագունդի մակերեսին վրայ եղող ամէն արարած բնաջնջուեցաւ, մարդէն մինչեւ ընտանի անասունը, սողունէն մինչեւ երկինքի թռչունը. անոնք երկրէն բնաջնջուեցան, ու միայն Նոյ մնաց, եւ իրեն հետ տապանին մէջ եղողները։

24

Ու ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր 6բարձրացած մնացին՝՝։



1 Եբր.՝ մարդը եւ իր կինը
2 Եբր.՝ երեսէն
3 Այսինքն՝ ջրարգելները
4 Եբր.՝ եղաւ
5 Եբր.՝ զօրացան
6 Եբր.՝ զօրացան