Genesis 8
Genesis 7 ‹ Genesis 8 › Genesis 9 » Exodus
ՋՐՀԵՂԵՂԻՆ ՎԱԽՃԱՆԸ
1Աստուած յիշեց Նոյը, եւ անոր հետ տապանին մէջ եղող բոլոր կենդանիներն ու բոլոր ընտանի անասունները. եւ Աստուած երկրի վրայէն հով մը անցուց, ու ջուրերը ցածցան։
2Նաեւ անդունդին աղբիւրներն ու երկինքի սահանադռները փակուեցան, եւ երկինքի տեղատարափը դադրեցաւ։
3Ջուրերը շարունակ երկրի վրայէն կը նահանջէին, ու հարիւր յիսուն օրէն ետք՝ ջուրերը քիչցան։
4Եօթներորդ ամիսը, ամսուան տասնեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ հանգչեցաւ։
5Ջուրերը 1շարունակ կը քիչնային մինչեւ տասներորդ ամիսը. տասներորդ ամսուան առաջին օրը՝ լեռներուն գագաթները երեւցան։
6Քառասուն օր ետք՝ Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ
7եւ ագռաւ մը արձակեց, որ դուրս ելաւ ու կ’երթար կու գար՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։
8Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէսզի տեսնէ թէ արդեօք գետինի մակերեսէն ջուրերը քիչցա՛ծ են։
9Բայց աղաւնին իր 2թաթին հանգստավայր չգտաւ, եւ իրեն վերադարձաւ՝ տապանին մէջ, որովհետեւ ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ ջուրեր կային։ Այն ատեն իր ձեռքը երկարեց, առաւ զայն եւ իր քով՝ տապանին մէջ բերաւ։
10Ուրիշ եօթը օր ալ սպասեց, ու աղաւնին տապանէն վերստին արձակեց։
11Իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ, եւ ահա՛ իր կտուցը ձիթենիի նոր փրցուած ոստ մը կար. ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։
12Ուրիշ եօթը օր ալ սպասեց ու դարձեալ աղաւնին արձակեց, որ անգա՛մ մըն ալ անոր չվերադարձաւ։
13Նոյի կեանքին վեց հարիւր մէկերորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրի վրայէն ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածքը վերցուց ու նայեցաւ, եւ ահա՛ գետինի մակերեսը ցամքած էր։
14Ու երկրորդ ամիսը, ամսուան քսանեօթներորդ օրը, երկիրը չորցաւ։
15Աստուած Նոյի խօսեցաւ՝ ըսելով.
16«Տապանէն դո՛ւրս ելիր՝ դո՛ւն, կինդ, որդիներդ եւ որդիներուդ կիները՝ քեզի հետ։
17Քեզի հետ եղող ամէն մարմինէ իւրաքանչիւր կենդանի, թէ՛ թռչունները, թէ՛ ընտանի անասունները, եւ թէ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները՝ քեզի հետ դո՛ւրս հանէ, որպէսզի երկրի վրայ 3շատնան, ու երկրի վրայ աճին եւ բազմանան»։
18Նոյ, իր որդիները, իր կինն ու իր որդիներուն կիները՝ իրեն հետ դուրս ելան.
19ամէն գազան, ամէն սողուն, ամէն թռչուն, երկրի վրայ բոլոր շարժողները՝ իրենց տեսակին համեմատ՝ տապանէն դուրս ելան։
ՆՈՅ ԶՈՀ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ
20Նոյ զոհասեղան մը կառուցանեց Տէրոջ, ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ առաւ, ու զոհասեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց։
21Տէրը անոյշ հոտը 4առաւ եւ իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Անգա՛մ մըն ալ մարդուն պատճառով գետինը վերստին պիտի չանիծեմ, 5քանի որ մարդուն սիրտին նպատակը իր մանկութենէն 6սկսեալ չար է. անգա՛մ մըն ալ վերստին պիտի չզարնեմ ամէն կենդանի մարմին՝ ինչպէս ըրի։
22Ո՛րքան ատեն որ երկիրը կը մնայ, ցանք եւ հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ եւ ձմեռ, ցերեկ ու գիշեր պիտի չդադրին»։