Genesis 9
Genesis 8 ‹ Genesis 9 › Genesis 10 » Exodus
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ՆՈՅԻ ՀԵՏ
1Աստուած Նոյը եւ անոր որդիները օրհնեց, ու անոնց ըսաւ. «Աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, եւ լեցուցէ՛ք երկիրը։
2Ձեր արհաւիրքն ու զարհուրանքը՝ երկրի բոլոր գազաններուն վրայ, երկինքի բոլոր թռչուններուն վրայ, գետինի բոլոր շարժողներուն վրայ եւ ծովու բոլոր ձուկերուն վրայ պիտի ըլլան. անոնք ձեր ձեռքը յանձնուած են։
3Ամէն շարժող կենդանի՝ ձեզի կերակուր ըլլայ. կանաչ բոյսի պէս՝ բոլորը ձեզի տուի։
4Բայց միսը իր 1կեանքով՝ այսինքն իր արիւնով՝ մի՛ ուտէք։
5Եւ անտարակոյս ձեր 2կեանքին՝ այսինքն արիւնին համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն, ու մարդուն ձեռքէն։ Մարդուն կեանքը իւրաքանչիւրին եղբօր ձեռքէն պիտի պահանջեմ։
6Ո՛վ որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի, քանի որ Աստուած իր պատկերով 3ստեղծեց մարդը։
7Դուք աճեցէ՛ք, բազմացէ՛ք, երկրի վրայ 4շատցէ՛ք, եւ անոր մէջ բազմացէ՛ք»։
8Եւ Աստուած Նոյի եւ իրեն հետ եղող իր որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով.
9«Ահա՛ ձեզի հետ, ու ձեզմէ ետք՝ ձեր զարմին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ,
10նաեւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի հետ, թէ՛ թռչունի, թէ՛ ընտանի անասունի, թէ՛ ալ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանի հետ, տապանէն դուրս ելածներէն բոլորին հետ, ու երկրի բոլոր գազաններուն հետ։
11Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգա՛մ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չբնաջնջուի, եւ ա՛լ ջրհեղեղ չըլլայ՝ երկիրը կործանելու համար»։
12Եւ Աստուած ըսաւ. «Իմ ու ձեր միջեւ, եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի միջեւ՝ յաւիտենական սերունդներու համար դրած ուխտիս իբր նշան՝
13իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ. ա՛ն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի միջեւ եղող ուխտին նշանը։
14Երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ՝ աղեղը ամպին մէջ պիտի երեւնայ,
15եւ իմ ու ձեր միջեւ, եւ ամէն մարմինէ իւրաքանչիւր շնչաւոր կենդանիի միջեւ եղող իմ ուխտս պիտի յիշեմ, ու անգա՛մ մըն ալ ջուրերը ջրհեղեղի պիտի չվերածուին՝ ամէն մարմին բնաջնջելու համար։
16Աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ եւ անոր պիտի նայիմ, որպէսզի յիշեմ յաւիտենական ուխտը՝ Աստուծոյ ու ամէն մարմինէ իւրաքանչիւր շնչաւոր կենդանիի միջեւ, որ երկրի վրայ է»։
17Աստուած Նոյի ըսաւ. «Ա՛յս է այն ուխտին նշանը, որ հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի միջեւ»։
ՆՈՅ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐԸ
18Նոյի որդիները՝ որ տապանէն դուրս ելան, Սէմը, Քամը եւ Յափէթն էին. Քամ Քանանի հայրն էր։
19Այս երեքը Նոյի որդիներն էին, ու ասոնցմէ տարածուեցան ամբողջ երկիրը։
20Նոյ սկսաւ 5հողագործ ըլլալ. այգի տնկեց,
21գինիէն խմեց, գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։
22Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօր մերկութիւնը տեսաւ, ու դուրս ելլելով՝ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։
23Սէմ եւ Յափէթ հանդերձ առին, իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին, ու դէպի ետեւ երթալով՝ իրենց հօր մերկութիւնը ծածկեցին։ Իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօր մերկութիւնը չտեսան։
24Նոյ՝ իր գինովութենէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը գիտցաւ,
25եւ ըսաւ. «Անիծեա՛լ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ստրուկներուն ստրուկը պիտի ըլլայ»։
26Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, Սէմի Աստուածը, ու Քանան անոր ստրուկը ըլլայ։
27Աստուած թող ընդարձակէ Յափէթը ու Սէմի վրանները բնակի, եւ Քանան 6անոր ստրուկը ըլլայ»։
28Նոյ ջրհեղեղէն ետք երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ։
29Նոյի բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան, ու մեռաւ։