Loading...

Genesis 10

Genesis 9  ‹  Genesis 10  ›  Genesis 11  »  Exodus


ՆՈՅԻ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 5-23)

1

Ահա՛ւասիկ Նոյի որդիներուն՝ Սէմի, Քամի ու Յափէթի ծնունդները. ջրհեղեղէն ետք անոնց որդիներ ծնան։

2

Յափէթի որդիներն էին՝ Գոմեր, Մագոգ, Մադայ, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս։

3

Գոմերի որդիները՝ Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա։

4

Յաւանի որդիները՝ Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու 1Դոդացիները։

5

Ասոնցմէ՛ բաժնուեցան 2ազգերուն կղզիները՝ իրենց երկիրներով, իւրաքանչիւրը իր լեզուին համեմատ, իրենց գերդաստաններով՝ ազգերուն մէջ։

6

Քամի որդիներն էին՝ Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան։

7

Քուշի որդիները՝ Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա։ Ռեգմայի որդիները՝ Շաբա ու Դեդան։

8

Քուշ ծնաւ Նեբրովթը, որ սկսաւ երկրի վրայ զօրաւոր ըլլալ։

9

Ան Տէրոջ առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր. հետեւաբար կ’ըսուի. «Տէրոջ առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ»։

10

Իր թագաւորութեան սկիզբը՝ Բաբելոն, ապա Արեք, Աքադ եւ Քաղանէ էր, Սենաարի երկրին մէջ։

11

Յետոյ այդ երկրէն դուրս ելաւ դէպի 3Ասորեստան, ու կառուցանեց Նինուէն, Ռոբովթ քաղաքը, եւ Քաղան։

12

Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։

13

Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները,

14

Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (որոնցմէ 4Փղշտացիները ծնան՝՝) եւ Կափթորացիները։

15

Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը,

16

Յեբուսացին, Ամորհացին, Գերգեսացին,

17

Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին,

18

Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին. յետոյ Քանանացիներուն գերդաստանները տարածուեցան։

19

Քանանացիներուն հողամասը՝ Սիդոնէ Գերարա անցնելով՝ մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր, Ադմա եւ Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։

20

Ասո՛նք են Քամի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով, իրենց լեզուներով, իրենց երկիրներուն եւ իրենց ազգերուն մէջ։

21

Յափէթի մեծ եղբօր՝ Սէմի ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։

22

Սէմի որդիներն էին՝ Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ եւ Արամ։

23

Արամի որդիները՝ Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ։

24

Արփաքսադ ծնաւ Սաղան, եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։

25

Եբերի երկու որդի ծնան. մէկուն անունը 5Փաղէկ էր, քանի որ երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ, եւ անոր եղբօր անունը Յեկտան էր։

26

Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը,

27

Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան,

28

Գեբաղը, Աբիմեէլը, Շաբան,

29

Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք բոլորը Յեկտանի որդիներն էին,

30

եւ իրենց բնակութիւնը Մեսայէն մինչեւ Սոփեր՝ արեւելեան լեռը եղաւ։

31

Ասո՛նք են Սէմի որդիները՝ իրենց գերդաստաններով, իրենց լեզուներով, իրենց երկիրներուն մէջ՝ իրենց ազգերով։

32

Ասո՛նք են Նոյի որդիներուն գերդաստանները, իրենց ծնունդներուն եւ ազգերուն համեմատ։ Ջրհեղեղէն ետք՝ ազգերը ասոնցմէ՛ տարածուեցան երկրի վրայ։



1 Կամ՝ Ռոդացիները
2 Կամ՝ հեթանոսներուն
3 Եբր.՝ Ասուր
4 Եբր.՝ Պաղեստինցիները ելան
5 Այսինքն՝ Բաժանում