Genesis 12
Genesis 11 ‹ Genesis 12 › Genesis 13 » Exodus
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԿԱՆՉԷ ԱԲՐԱՄԸ
1Տէրը Աբրամի ըսաւ. «Քու երկրէդ, ազգականներէդ ու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ։
2Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ, եւ քեզ պիտի օրհնեմ. քու անունդ պիտի մեծցնեմ, ու դուն 1օրհնեա՜լ պիտի ըլլաս։
3Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ, քեզ անիծողները պիտի անիծեմ, ու երկրագունդի բոլոր գերդաստանները քեզմո՛վ պիտի օրհնուին»։
4Եւ Աբրամ գնաց՝ ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր. Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունհինգ տարեկան էր՝ երբ Խառանէն դուրս ելաւ։
5Աբրամ առաւ իր կինը՝ Սարան, իր եղբօրորդին՝ Ղովտը, իրենց վաստկած ամբողջ ինչքը, եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած անձերը, ու դուրս ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան,
6եւ Աբրամ այդ երկրէն անցաւ մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մորէի կաղնին։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այդ երկրին մէջ։
7Տէրը երեւցաւ Աբրամի ու ըսաւ. «Քու զարմի՛դ պիտի տամ այս երկիրը»։ Եւ հոն զոհասեղան կառուցանեց Տէրոջ՝ որ իրեն երեւցաւ։
8Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը փոխադրուեցաւ, ու իր վրանը լարեց՝ Բեթէլը 2արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով. եւ հոն Տէրոջ զոհասեղան կառուցանեց ու Տէրոջ անունը կանչեց։
9Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը ճամբորդէր։
ԱԲՐԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ
10Այդ երկրին մէջ սով եղաւ. եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ՝ հոն պանդխտանալու համար, որովհետեւ այդ երկրին մէջ սովը սաստկցաւ։
11Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ՝ Սարայի ըսաւ. «3Ահա՛ գիտեմ թէ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես։
12Թերեւս երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն՝ ըսեն. “Ասիկա անոր կինն է”, ու զիս սպաննեն, բայց քեզ ողջ պահեն։
13Կ’աղերսե՛մ, ըսէ՛ թէ դուն քոյրս ես, որ քու պատճառովդ ինծի բարիք ըլլայ, եւ քու պատճառովդ իմ անձս ողջ մնայ»։
14Երբ Աբրամ Եգիպտոս հասաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը՝ որ շատ գեղեցիկ էր։
15Փարաւոնի իշխանաւորներն ալ տեսան, եւ գովեցին զայն Փարաւոնի առջեւ. ու կինը Փարաւոնի տունը 4տարուեցաւ։
16Անոր պատճառով Աբրամի բարիք ըրաւ, եւ ան ոչխարներ, արջառներ ու էշեր, ստրուկներ ու ստրկուհիներ, մատակ էշեր եւ ուղտեր ունեցաւ։
17Բայց Տէրը մեծ ախտերով հարուածեց Փարաւոնն ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարայի պատճառով։
18Փարաւոն կանչեց Աբրամը եւ ըսաւ. «Այս ի՞նչ է՝ որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չիմացուցիր թէ ասիկա կինդ է։
19Ինչո՞ւ ըսիր. “Ասիկա քոյրս է”. ես ալ զայն ինծի կին պիտի առնէի։ Ուստի հիմա ահա՛ կինդ. առ՛ ու գնա՛»։
20Եւ Փարաւոն իր մարդոց պատուիրեց անոր մասին, ու զայն ուղարկեցին՝ իր կնոջ հետ եւ իր ամբողջ ունեցածով։