Loading...

Genesis 13

Genesis 12  ‹  Genesis 13  ›  Genesis 14  »  Exodus


ԱԲՐԱՄ ԵՒ ՂՈՎՏ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻՆ

1

Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր ամբողջ ունեցածով Եգիպտոսէն բարձրացաւ դէպի Քանանի հարաւային կողմը, Ղովտ ալ իրեն հետ։

2

Աբրամ շատ հարուստ էր խաշինքով, արծաթով եւ ոսկիով։

3

Իր իջեւաններով՝ հարաւային կողմէն գնաց մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը՝ ուր առաջին անգամ իր վրանը լարած էր, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ,

4

այն զոհասեղանին տեղը՝ որ հոն նախապէս շիներ էր. եւ Աբրամ հոն Տէրոջ անունը կանչեց։

5

Աբրամի հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ, արջառներ ու վրաններ ունէր.

6

եւ այդ երկիրը 1բաւական չէր անոնց՝՝ որ միասին բնակին, քանի որ անոնց ինչքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար միասին բնակիլ։

7

Աբրամի խաշինքին հովիւներուն ու Ղովտի խաշինքին հովիւներուն միջեւ կռիւ կ’ըլլար, եւ այն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ։

8

Աբրամ ըսաւ Ղովտի. «Կ’աղերսե՛մ, իմ ու քու միջեւ, եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ միջեւ վիճաբանութիւն թող չըլլայ, որովհետեւ մենք եղբայր ենք։

9

Ամբողջ երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղերսե՛մ, զատուէ՛ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս՝ ես աջ կողմը կ’երթամ, եւ եթէ աջ կողմը երթաս՝ ես ձախ կողմը կ’երթամ»։

10

Ղովտ իր աչքերը վերցուց ու Յորդանանի ամբողջ դաշտին նայեցաւ. ամէն տեղ ջրարբի էր. Տէրը Սոդոմն ու Գոմորը կործանելէն առաջ՝ մինչեւ Սեգովր Տէրոջ 2դրախտին պէս էր, Եգիպտոսի երկրին նման։

11

Ղովտ իրեն համար ընտրեց Յորդանանի ամբողջ դաշտը. Ղովտ դէպի արեւելք մեկնեցաւ, եւ իրարմէ զատուեցան։

12

Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ. Ղովտ ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, ու իր վրանը Սոդոմի քով լարեց։

13

Իսկ Սոդոմի մարդիկը չափազանց չար եւ մեղաւոր էին Տէրոջ առջեւ։


ԱԲՐԱՄ ԿԸ ՃԱՄԲՈՐԴԷ ԴԷՊԻ ՔԵԲՐՈՆ

14

Տէրը Աբրամի ըսաւ՝ Ղովտի իրմէ զատուելէն ետք. «Այժմ աչքե՛րդ վերցուր, ու քու եղած տեղէդ դիտէ՛ դէպի հիւսիս եւ հարաւ, ու դէպի արեւելք եւ արեւմուտք.

15

որովհետեւ այդ ամբողջ երկիրը՝ որ կը տեսնես, քեզի՛ ու քու զարմի՛դ պիտի տամ յաւիտեան։

16

Եւ քու զարմդ երկրի 3հողին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը կարենայ երկրի հողը համրել, քու զարմդ ալ համրէ։

17

Կանգնէ՛, այդ երկիրը պտըտէ՛ անոր երկայնքին ու լայնքին համեմատ, քանի որ զայն քեզի պիտի տամ»։

18

Աբրամ վերցուց իր վրանը, ու գնաց եւ բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն քով, որոնք Քեբրոնի մէջ են. ու հոն զոհասեղան կառուցանեց Տէրոջ։



1 Եբր.՝ չէր կրնար կրել զանոնք
2 Կամ՝ պարտէզին
3 Կամ՝ փոշիին