Genesis 14
Genesis 13 ‹ Genesis 14 › Genesis 15 » Exodus
ԱԲՐԱՄ ԿԸ ՓՐԿԷ ՂՈՎՏԸ
1Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները,
2ասոնք պատերազմեցան Սոդոմի Բարա թագաւորին, Գոմորի Բարսա թագաւորին, Ադմայի Սենաբ թագաւորին, Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին դէմ։
3Ասոնք բոլորը դաշնակցեցան Սիդդիմի հովիտին մէջ, որ Աղի ծովն է։
4Տասներկու տարի Քոդողագոմորի հպատակեցան, եւ տասներեքերորդ տարին ըմբոստացան։
5Տասնչորրորդ տարին՝ Քոդողագոմոր ու իրեն հետ եղող թագաւորները եկան եւ զարկին Աստարովթ-Կառնայիմի մէջ եղող Ռափայինները, Համի մէջ եղող Զուզեցիները, Շաւէ- Կարիաթեմի մէջ Էմիմները,
6եւ Քոռեցիները իրենց Սէիրի լերան վրայ՝ մինչեւ անապատին քով եղող 1Էլփառանը։
7Ապա վերադարձան ու հասան 2Ենմասեփաթ, այսինքն՝ Կադէս, եւ զարկին Ամաղեկացիներուն ամբողջ դաշտավայրը, ու Ասասանթամար բնակող Ամորհացիներն ալ։
8Եւ Սոդոմի թագաւորը, Գոմորի թագաւորը, Ադմայի թագաւորը, Սեբոյիմի թագաւորն ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորը դուրս ելլելով՝ Սիդդիմի հովիտին մէջ շարուեցան, անոնց դէմ պատերազմելու համար.
9այսինքն՝ Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին, Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին, Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին եւ Ելլասարի Արիովք թագաւորին հետ, այս չորս թագաւորները այն հինգին դէմ։
10Սիդդիմի հովիտը կուպրի հորերով լեցուն էր. Սոդոմի ու Գոմորի թագաւորները փախան եւ հոն ինկան, ու մնացածները լեռը փախան։
11Իսկ անոնք Սոդոմի ու Գոմորի ամբողջ ինչքը, եւ անոնց բոլոր պարէնները առին ու գացին։
12Սոդոմ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը, եւ անոր ինչքն ալ առին ու գացին։
13Ազատած մը եկաւ եւ այս բաները եբրայեցի Աբրամի պատմեց։ Ան Եսքողի ու Աների եղբօր՝ Ամորհացի Մամբրէի կաղնիներուն քով կը բնակէր, որովհետեւ ասոնք Աբրամի դաշնակից էին։
14Երբ Աբրամ իր եղբօր գերեվարուիլը լսեց, իր տան մէջ ծնած երեք հարիւր տասնութ 3մարզուած ծառաները հանեց ու զանոնք հետապնդեց մինչեւ Դան։
15Ինք եւ իր ծառաները՝ գիշերուան մէջ 4գունդ-գունդ՝՝ յարձակեցան անոնց վրայ, զարկին զանոնք, ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի 5հիւսիսային կողմն է։
16Ամբողջ ինչքը վերադարձուց. իր եղբայրը՝ Ղովտը եւ անոր ինչքը, նաեւ կիներն ու ժողովուրդն ալ վերադարձուց։
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ Կ’ՕՐՀՆԷ ԱԲՐԱՄԸ
17Սոդոմի թագաւորը դուրս ելաւ դէպի Շաւէի հովիտը (այսինքն՝ Թագաւորի հովիտը) զինք դիմաւորելու, երբ ինք Քոդողագոմորն ու անոր հետ եղող թագաւորները զարնելէն ետք կը վերադառնար։
18Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի 6բերաւ — ան Ամենաբարձր Աստուծոյ քահանան էր —
19եւ օրհնեց զայն ու ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Աբրամ՝ երկինքի ու երկրի սեփականատէրը եղող Ամենաբարձր Աստուծմէն։
20Օրհնեա՜լ ըլլայ Ամենաբարձր Աստուածը, որ հակառակորդներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Եւ ինք բոլորէն տասանորդ տուաւ անոր։
21Սոդոմի թագաւորը ըսաւ Աբրամի. «Անձերը ինծի՛ տուր, բայց ինչքը դուն քեզի՛ առ»։
22Աբրամ ըսաւ Սոդոմի թագաւորին. «7Տէրոջ՝ երկինքի ու երկրի սեփականատէրը եղող Ամենաբարձր Աստուծոյ վերցուցի ձեռքս,
23որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը՝ ո՛չ մէկ բան առնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըսես. “Աբրամը ե՛ս հարստացուցի”,
24բացի երիտասարդներուն կերածէն եւ ինծի հետ գացող մարդոց՝ այսինքն Աների, Եսքողի ու Մամբրէի բաժիններէն. անոնք իրենց բաժինը թող առնեն»։