Genesis 15
Genesis 14 ‹ Genesis 15 › Genesis 16 » Exodus
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒԽՏԸ ԱԲՐԱՄԻ ՀԵՏ
1Այս բաներէն ետք, տեսիլքի մէջ 1Տէրը խօսեցաւ՝՝ Աբրամի՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար, Աբրա՛մ, ես քու վահանդ եմ, ու 2վարձատրութիւնդ չափազանց շատ պիտի ըլլայ»։
2Աբրամ ըսաւ. «Տէ՛ր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի անզաւակ 3կը մնամ՝՝, եւ իմ տանս տիրողը՝ այս Դամասկոսցի Եղիազարն է»։
3Աբրամ նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ ինծի զարմ չտուիր, ահա՛ իմ տանս 4ծառան ինծի ժառանգորդ է»։
4Եւ ահա՛ Տէրոջ խօսքը անոր ուղղուեցաւ՝ ըսելով. «Անիկա ժառանգորդդ պիտի չըլլայ. հապա ժառանգորդդ պիտի ըլլայ ա՛ն՝ որ քու ընդերքէդ պիտի ելլէ»։
5Ու դուրս հանեց զինք եւ ըսաւ. «Այժմ դիտէ՛ երկինքը ու 5համրէ՛ աստղերը, եթէ կրնաս զանոնք համրել»։ Եւ ըսաւ անոր. «Քու զարմդ ա՛յսպէս պիտի ըլլայ»։
6Ինք ալ հաւատաց Տէրոջ, որ իրեն արդարութիւն սեպեց ատիկա։
7Եւ ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ Քաղդէացիներուն Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը քեզի տալու, անոր տիրանալու համար»։
8Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր Եհովա, ի՞նչպէս գիտնամ թէ ես անոր պիտի տիրանամ»։
9Տէրը անոր ըսաւ. «Ինծի երեք տարեկան երինջ մը, երեք տարեկան այծ մը, երեք տարեկան խոյ մը, ու տատրակ մը եւ աղաւնիի ձագ մը բեր»։
10Ինք ալ ասոնք բոլորը անոր բերաւ, զանոնք մէջտեղէն բաժնեց, եւ անոնց կտորները՝ մէկը միւսին դիմաց դրաւ. բայց թռչնազգիները չբաժնեց։
11Երբ դիակներուն վրայ գիշատիչ թռչուններ իջան, Աբրամ զանոնք վռնտեց։
12Ու երբ արեւը մայր կը մտնէր՝ Աբրամի վրայ թմբիր մը ինկաւ, եւ ահա՛ անոր վրայ մեծ խաւարի երկիւղ մը ինկաւ։
13Ու Տէրը Աբրամի ըսաւ. «Ստո՛յգ գիտցիր, թէ քու զարմդ իրը չեղող երկրի մը մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ, 6եւ ստրուկ պիտի ըլլայ։ Հոն չորս հարիւր տարի պիտի տառապեցնեն զանոնք.
14բայց ե՛ս պիտի դատեմ այն ազգը՝ որուն ստրուկ պիտի ըլլան, եւ անկէ ետք՝ շատ ինչքով դուրս պիտի ելլեն։
15Դուն խաղաղութեամբ հայրերուդ պիտի երթաս. լա՛ւ ալեւորութեան մէջ պիտի թաղուիս։
16Իսկ անոնք չորրորդ սերունդին մէջ հոս պիտի վերադառնան, որովհետեւ Ամորհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ ամբողջացած չէ»։
17Երբ արեւը մայր մտաւ եւ աղջամուղջ եղաւ, ահա՛ մխացող փուռ մը ու հրավառ ջահ մը այդ կտորներուն մէջտեղէն անցան։
18Այդ նոյն օրը Տէրը Աբրամի հետ ուխտ մը կնքեց՝ ըսելով. «Քու զարմի՛դ տուի այս երկիրը, Եգիպտոսի գետէն մինչեւ Մեծ գետը, այսինքն՝ Եփրատ գետը.
19Կենեցիները, Կենեզացիները, Կեդմոնացիները,
20Քետացիները, Փերեզացիները,
21Ռափայինները, Ամորհացիները, Քանանացիները, Գերգեսացիներն ու Յեբուսացիները։