Genesis 16
Genesis 15 ‹ Genesis 16 › Genesis 17 » Exodus
ՀԱԳԱՐ ԵՒ ԻՍՄԱՅԷԼ
1Աբրամի կինը՝ Սարա չէր ծնաներ անոր, ու եգիպտացի ստրկուհի մը ունէր՝ որուն անունը Հագար էր։
2Սարա ըսաւ Աբրամի. «Ահա՛ այժմ Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ. կ’աղերսե՛մ, ստրկուհիի՛ս մտիր, թերեւս 1անկէ որդի ստանամ՝՝»։ Եւ Աբրամ Սարայի խօսքը մտիկ ըրաւ։
3Աբրամի կինը՝ Սարա, իր եգիպտացի ստրկուհին՝ Հագարը առաւ, Աբրամի Քանանի երկրին մէջ տասը տարի բնակելէն ետք, ու զայն իր ամուսինին՝ Աբրամի տուաւ, որպէսզի անոր կինը ըլլայ։
4Ան ալ մտաւ Հագարի, որ յղացաւ. իսկ երբ իր յղի ըլլալը տեսաւ, իր տիրուհին իր աչքերուն անարգուեցաւ։
5Սարա ըսաւ Աբրամի. «Ինծի եղած բռնութիւնը քո՛ւ վրադ ըլլայ։ Իմ ստրկուհիս ծոցդ տուի, ու երբ ան տեսաւ իր յղի ըլլալը՝ ես անոր աչքերուն անարգուեցայ։ Տէ՛րը դատէ իմ ու քու միջեւ»։
6Աբրամ ըսաւ Սարայի. «Ահա՛ ստրկուհիդ քու ձեռքդ է. ըրէ՛ անոր ի՛նչ որ 2քեզի հաճելի թուի՝՝»։ Երբ Սարա տառապեցուց զայն, Հագար անոր առջեւէն փախաւ։
7Տէրոջ հրեշտակը գտաւ զայն անապատին մէջ՝ ջուրի ակի մը քով, Սուրի ճամբային մէջ եղող ակին քով,
8եւ ըսաւ. «Հագա՛ր, Սարայի ստրկուհին, ուրկէ՞ կու գաս եւ ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ալ ըսաւ. «Իմ տիրուհիիս՝ Սարայի առջեւէն կը փախչիմ»։
9Տէրոջ հրեշտակը ըսաւ անոր. «Վերադարձի՛ր քու տիրուհիիդ, եւ անոր ձեռքին տակ խոնարհէ՛»։
10Տէրոջ հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու զարմդ չափազանց պիտի բազմացնեմ, այնպէս որ շատութենէն պիտի չհաշուուի»։
11Ու Տէրոջ հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ահա՛ դուն յղի ես, ու որդի մը պիտի ծնանիս. անոր անունը 3Իսմայէլ պիտի կոչես, քանի որ Տէրը քու տառապանքդ լսեց։
12Ան 4վայրենի մարդ մը պիտի ըլլայ։ Անոր ձեռքը բոլորին վրայ, եւ բոլորին ձեռքն ալ անոր վրայ պիտի ըլլայ։ Ան իր բոլոր եղբայրներուն ներկայութեան մէջ պիտի բնակի»։
13Եւ Հագար իրեն հետ խօսող Տէրոջ անունը կանչեց՝ ըսելով. «Դուն 5իմ տեսիլքիս մէջ երեւցած՝՝ Աստուածն ես», քանի որ ըսաւ. «Արդեօք 6ո՞ղջ եմ՝՝ հոս՝ 7իմ տեսիլքէս՝՝ ետք»։
14Ատոր համար այդ ջրհորը 8Լահայրոյի ջրհոր՝՝ կոչեց։ Ահա՛ ան Կադէսի ու Բարադի մէջտեղն է։
15Եւ Հագար որդի մը ծնաւ Աբրամի։ Աբրամ Հագարի իրեն ծնած որդիին անունը Իսմայէլ կոչեց։
16Աբրամ ութսունվեց տարեկան էր, երբ Հագար Իսմայէլը ծնաւ Աբրամի։