Loading...

Genesis 17

Genesis 16  ‹  Genesis 17  ›  Genesis 18  »  Exodus


ԹԼՓԱՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՈՒԽՏԻ ՆՇԱՆ

1

Երբ Աբրամ իննսունինը տարեկան էր, Տէրը Աբրամի երեւցաւ եւ ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ Ամենակարող Աստուածը. ի՛մ առջեւս ընթացիր, եւ պարկե՛շտ եղիր։

2

Իմ ու քու միջեւ իմ ուխտս պիտի դնեմ, եւ քեզ չափազանց պիտի բազմացնեմ»։

3

Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ, ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով.

4

«Ահա՛ իմ ուխտս քեզի հետ է. ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս,

5

եւ ա՛լ անունդ 1Աբրամ պիտի չկոչուի, հապա 2Աբրահա՛մ պիտի ըլլայ անունդ, որովհետեւ քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։

6

Քեզ չափազանց պիտի աճեցնեմ. քեզ ազգեր պիտի ընեմ, ու քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն։

7

Իմ եւ քու միջեւ, ու քեզմէ ետք՝ քու զարմիդ միջեւ, իրենց սերունդներուն մէջ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ. յաւիտենական ուխտ մը, որ քեզի եւ քեզմէ ետք՝ քու զարմիդ Աստուած ըլլամ։

8

Քեզի ու քեզմէ ետք՝ քու զարմիդ, իբր յաւիտենական կալուած, պիտի տամ այն երկիրը՝ ուր գաղթական եղար, ամբողջ Քանանի երկիրը, ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ»։

9

Եւ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Ուստի դո՛ւն, ու քեզմէ ետք՝ քու զարմդ իրենց սերունդներուն մէջ, պահեցէ՛ք իմ ուխտս։

10

Սա՛ է իմ եւ ձեր միջեւ, ու քեզմէ ետք՝ քու զարմիդ միջեւ եղող իմ ուխտս, որ պիտի պահէք. ձեզմէ ամէն արու թող թլփատուի։

11

Ծայրատեցէ՛ք ձեր թլիփին միսը, եւ ասիկա՛ ըլլայ իմ ու ձեր միջեւ եղող ուխտին նշանը։

12

Ձեր սերունդներուն մէջ՝ ամէն ութ օրուան արու զաւակ թող թլփատուի, թէ՛ տունը ծնածը, թէ՛ քու զարմէդ չեղող բոլոր օտարազգիներէն դրամով գնուածը։

13

Քու տունդ ծնածը եւ դրամովդ գնուածը անշո՛ւշտ պիտի թլփատուին, ու իմ ուխտս ձեր մարմինին մէջ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ըլլայ։

14

Եւ անթլփատ արուն, որուն թլիփին միսը ծայրատուած չէ, այդ անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի. ան իմ ուխտս խզած է»։

15

Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Քու կնոջդ՝ Սարայի անունը Սարա մի՛ կոչեր, հապա անոր անունը 3Սառա պիտի ըլլայ։

16

Զայն պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի. պիտի օրհնեմ զայն, եւ ազգերու մայր պիտի ըլլայ. ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։

17

Աբրահամ երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց, եւ իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Հարիւր տարեկան մարդուն զաւակ պիտի ըլլա՞յ արդեօք. ու Սառա, որ իննսուն տարեկան է, պիտի ծնանի՞»։

18

Եւ Աբրահամ Աստուծոյ ըսաւ. «Իսմայէ՛լ թող ապրի քու առջեւդ»։

19

Աստուած ըսաւ. «Անկասկած քո՛ւ կինդ՝ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի, ու անոր անունը 4Իսահակ պիտի կոչես։ Անոր հետ, եւ անկէ ետք՝ անոր զարմին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը։

20

Իսմայէլի համար ալ մտիկ ըրի քեզի։ Ահա՛ օրհնեցի զայն. պիտի աճեցնեմ զայն, ու չափազանց պիտի բազմացնեմ։ Ան տասներկու իշխան պիտի ծնանի, եւ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զայն։

21

Բայց Իսահակի՛ հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ Սառա յաջորդ տարի՝ այս ատեն քեզի պիտի ծնանի»։

22

Անոր հետ խօսիլը աւարտելով՝ Աստուած Աբրահամի քովէն բարձրացաւ։

23

Աբրահամ առաւ իր որդին՝ Իսմայէլը, բոլոր իր տունը ծնածներն ու բոլոր դրամով գնուածները,— Աբրահամի ընտանիքին մէջ գտնուած բոլոր արուները,— եւ նո՛յն օրը անոնց թլիփին միսը ծայրատեց, ինչպէս Աստուած անոր ըսեր էր։

24

Աբրահամ իննսունինը տարեկան էր՝ երբ իր թլիփին միսը ծայրատուեցաւ.

25

եւ իր որդին՝ Իսմայէլ տասներեք տարեկան էր, երբ իր թլիփին միսը ծայրատուեցաւ։

26

Նոյն օրը թլփատուեցան Աբրահամ ու իր որդին՝ Իսմայէլ։

27

Եւ իր տան բոլոր մարդիկը, թէ՛ իր տունը ծնած, թէ՛ ալ օտարազգիներէն դրամով գնուած, իրեն հետ թլփատուեցան։



1 Այսինքն՝ հայր բարձր
2 Այսինքն՝ հայր բազմութեան
3 Այսինքն՝ իշխանուհի
4 Այսինքն՝ խնդուք