Loading...

Genesis 19

Genesis 18  ‹  Genesis 19  ›  Genesis 20  »  Exodus


ՄԵՂՍԱԼԻՑ ՍՈԴՈՄԸ

1

Այդ երկու հրեշտակները իրիկուան դէմ Սոդոմ հասան. ու Ղովտ Սոդոմի դուռը նստած էր։ Ղովտ՝ զանոնք տեսնելով՝ զանոնք դիմաւորելու համար կանգնեցաւ, իր դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ երկրպագեց,

2

եւ ըսաւ. «Ահա՛ այժմ, իմ տէրե՛րս, կ’աղերսե՛մ, 1եկէ՛ք ձեր ծառային տունը, հո՛ն գիշերեցէք ու ոտքերնի՛դ լուացէք. ապա առտուն՝ կանո՛ւխ ելէք ու ձեր ճամբա՛ն գացէք»։ Անոնք ըսին. «Ո՛չ, հրապարակի՛ն մէջ կը գիշերենք»։

3

Շատ ստիպեց զանոնք. ուստի անոր 2գացին եւ անոր տունը մտան։ Անոնց խնճոյք սարքեց, բաղարջ եփեց ու կերան։

4

Բայց անոնց պառկելէն առաջ՝ քաղաքին մարդիկը, այսինքն՝ Սոդոմացիները տունը շրջապատեցին,— երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, ամբողջ ժողովուրդը՝ 3ամէն կողմէ՝՝,—

5

Ղովտը կանչեցին եւ անոր ըսին. «Ո՞ւր են այն մարդիկը՝ որ այս գիշեր քեզի եկան. զանոնք դո՛ւրս հանէ մեզի, որպէսզի զանոնք գիտնանք։

6

Ղովտ մուտքէն դուրս ելաւ անոնց քով, իր ետեւէն դուռը գոցեց

7

ու ըսաւ. «Եղբայրներս, կ’աղերսե՛մ, չարիք մի՛ ընէք։

8

Ահա՛ այժմ երկու աղջիկ ունիմ՝ որ այր մարդ չեն գիտեր. կ’աղերսե՛մ, զանոնք հիմա ձեզի դուրս հանեմ, եւ անոնց ըրէ՛ք ինչ որ ձեր աչքերուն լաւ է։ Միայն թէ այս մարդոց ո՛չ մէկ բան ըրէք, քանի որ անոնք իմ յարկիս հովանիին տակ մտան»։

9

Անոնք ըսին. «4Հեռացի՛ր»։ Նաեւ ըսին. «Ասիկա եկաւ հոս պանդխտանալու, ու կ’ուզէ դատաւոր ըլլալ։ Հիմա քեզի աւելի չարիք պիտի ընենք՝ քան անոնց»։ Եւ շատ ստիպեցին մարդը, այսինքն Ղովտը, ու մօտեցան որ դուռը կոտրեն։

10

Բայց այդ մարդիկը իրենց ձեռքերը երկարեցին եւ Ղովտը տան մէջ՝ իրենց քով առին, ու դուռը գոցեցին։

11

Իսկ տան մուտքը կայնած մարդիկը կուրութեամբ զարկին՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը, այնպէս որ մուտքը 5փնտռելէն ձանձրացան։


ՂՈՎՏ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ՍՈԴՈՄԷՆ

12

Մարդիկը Ղովտի ըսին. «Հոս ուրիշ ո՞վ ունիս. փեսաներդ, որդիներդ, աղջիկներդ եւ քաղաքին մէջ ո՛վ որ ունիս՝ այս տեղէն հանէ՛,

13

որովհետեւ մենք այս տեղը պիտի կործանենք. արդարեւ անոնց աղաղակը Տէրոջ 6առջեւ մեծ եղաւ, ու Տէրը մեզ ղրկեց զայն կործանելու»։

14

Ղովտ դուրս ելաւ եւ իր աղջիկները առնող փեսաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Կանգնեցէ՛ք եւ այս տեղէն գացէ՛ք, որովհետեւ Տէրը պիտի կործանէ այս քաղաքը»։ Բայց իր փեսաներուն 7թուեցաւ թէ կը խնդար։

15

Երբ արշալոյսը 8ծագեցաւ, հրեշտակները Ղովտը փութացուցին՝ ըսելով. «Կանգնէ՛, ա՛ռ կինդ ու հոս եղող երկու աղջիկներդ, որպէսզի քաղաքին 9անօրէնութեան մէջ չկորսուիս»։

16

Երբ ան կը տնտնար, այդ մարդիկը բռնեցին անոր ձեռքէն, անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն — Տէրոջ անոր վրայ խղճալուն համար — ու դուրս հանեցին զայն, եւ քաղաքին դուրսի կողմը դրին։

17

Երբ զանոնք դուրս հանեցին, մէկը ըսաւ. «Քու անձդ ազատելու համար խո՛յս տուր. ետեւդ մի՛ նայիր, ու ամբողջ դաշտին մէջ մի՛ կենար. լե՛ռը խոյս տուր՝ որ չկորսուիս»։

18

Ղովտ անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, իմ տէ՛րս, կ’աղերսե՛մ։

19

Ահա՛ այժմ ծառադ քու 10առջեւդ շնորհք գտաւ, եւ իմ անձս ողջ պահելով՝ ինծի հետ մեծ կարեկցութեամբ վարուեցար։ Ես չեմ կրնար լեռը խոյս տալ, չարիք մը թող չհասնի ինծի ու մեռնիմ։

20

Ահա՛ կ’աղերսե՛մ, սա՛ քաղաքը մօտ է՝ հոն փախչելու, ու փոքր է. հո՛ն խոյս տամ, (միթէ ան փոքր չէ՞,) եւ իմ անձս ողջ մնայ»։

21

Անոր ըսաւ. «Ահա՛ այդ բանին մէջ ալ 11խնդրանքդ ընդունեցի՝՝, որ այդ քաղաքը չկործանեմ՝ որուն մասին խօսեցար։

22

Շտապելով հո՛ն խոյս տուր. որովհետեւ՝ մինչեւ որ հոն չհասնիս, ես ոչինչ կրնամ ընել»։ Ատոր համար այդ քաղաքին անունը 12Սեգովր 13կոչեց։


ՍՈԴՈՄԻ ԵՒ ԳՈՄՈՐԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ

23

Արեւը երկրի վրայ 14կը ծագէր՝՝ երբ Ղովտ Սեգովր մտաւ։

24

Այն ատեն Տէրը Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ եւ կրակ տեղացուց երկինքէն՝ Տէրոջմէն,

25

ու կործանեց այդ քաղաքները, ամբողջ դաշտը, այդ քաղաքներուն բոլոր բնակիչներն ու գետինի վրայ բուսածը։

26

Բայց անոր կինը ետեւ նայեցաւ եւ աղէ արձան եղաւ։

27

Աբրահամ՝ կանուխ ելլելով առտուն՝ Տէրոջ առջեւ կայնած տեղը եկաւ,

28

Սոդոմի, Գոմորի ու դաշտին ամբողջ երկրին նայեցաւ, եւ տեսաւ թէ ահա՛ այդ երկրէն ծուխ կը բարձրանար՝ հնոցի ծուխի պէս։

29

Երբ Աստուած այդ դաշտին քաղաքները կը կործանէր՝ Աստուած յիշեց Աբրահամը, ու Ղովտը կործանումին մէջէն դուրս հանեց՝ երբ կը կործանէր Ղովտի բնակած քաղաքները։


ՄՈՎԱԲԻ ԵՒ ԱՄՄՈՆԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

30

Ղովտ Սեգովրէն բարձրացաւ եւ լեռը բնակեցաւ, ու իր երկու աղջիկները՝ իրեն հետ, քանի Սեգովրի մէջ բնակելու կը վախնար. ինք եւ իր երկու աղջիկները քարայրի մը մէջ բնակեցան։

31

Անդրանիկ աղջիկը կրտսերին ըսաւ. «Մեր հայրը ծեր է, ու երկրին մէջ մարդ չկայ՝ որ ամէն երկրի 15սովորութեան համաձայն մեզի մտնէ։

32

Եկո՛ւր, մեր հօր գինի խմցնենք եւ իրեն հետ պառկինք, ու մեր հօրմէն զարմ ապրեցնենք»։

33

Այդ գիշերը իրենց հօր գինի խմցուցին, ու անդրանիկ աղջիկը մտաւ եւ իր հօր հետ պառկեցաւ. Ղովտ չգիտցաւ անոր պառկիլն ու ելլելը։

34

Հետեւեալ օրը՝ անդրանիկ աղջիկը կրտսերին ըսաւ. «Ահա՛ երէկ գիշեր հօրս հետ պառկեցայ։ Այս գիշեր ալ անոր գինի խմցնենք, եւ մտի՛ր, իրեն հետ պառկէ՛, ու մեր հօրմէն զարմ ապրեցնենք»։

35

Այդ գիշերն ալ իրենց հօր գինի խմցուցին, եւ կրտսեր աղջիկը ելաւ ու անոր հետ պառկեցաւ. Ղովտ չգիտցաւ անոր պառկիլն ու ելլելը։

36

Այսպէս՝ Ղովտի երկու աղջիկները իրենց հօրմէն յղի մնացին։

37

Անդրանիկը որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Մովաբ կոչեց. ասիկա Մովաբացիներուն հայրն է մինչեւ այսօր։

38

Կրտսերն ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Բենամմի կոչեց. ասիկա Ամմոնացիներուն հայրն է մինչեւ այսօր։



1 Եբր.՝ շեղեցէ՛ք
2 Եբր.՝ շեղեցան
3 Եբր.՝ քաղաքին բոլոր ծայրերէն, կամ՝ մինչեւ վերջինը
4 Եբր.՝ Հեռո՛ւ ներկայացիր
5 Եբր.՝ գտնելէն
6 Եբր.՝ երեսին առջեւ
7 Եբր.՝ աչքերուն եղաւ
8 Եբր.՝ բարձրացաւ
9 Կամ՝ պատիժին
10 Եբր.՝ աչքերուդ
11 Եբր.՝ երեսդ բարձրացուցի
12 Այսինքն՝ պզտիկ
13 Կամ՝ կոչուեցաւ
14 Եբր.՝ կ’ելլէր
15 Եբր.՝ ճամբային