Genesis 20
Genesis 19 ‹ Genesis 20 › Genesis 21 » Exodus
ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՒ ԱԲԻՄԵԼԷՔ
1Աբրահամ անկէ դէպի հարաւային երկիրը մեկնեցաւ, ու Կադէսի եւ Սուրի մէջտեղ մնաց, ու Գերարայի մէջ պանդխտացաւ։
2Աբրահամ իր կնոջ՝ Սառայի մասին ըսաւ. «Ան քոյրս է»։ Գերարայի թագաւորն ալ՝ Աբիմելէք՝ մարդ ղրկեց եւ առաւ Սառան։
3Աստուած գիշերը՝ երազի մէջ՝ Աբիմելէքի եկաւ ու անոր ըսաւ. «Ահա՛ այդ կնոջ համար՝ որ դուն առիր, պիտի մեռնիս. քանի որ ան ամուսին ունի»։
4Բայց Աբիմելէք անոր մերձեցած չէր, եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, արդար ա՞զգ մըն ալ պիտի մեռցնես։
5Ինք ինծի չըսա՞ւ. “Ան քոյրս է”, ասիկա ալ ըսաւ. “Ան եղբայրս է”։ Ես այս բանը պարկեշտ սիրտով եւ անմեղ ձեռքերով ըրի»։
6Աստուած երազի մէջ անոր ըսաւ. «Ե՛ս ալ գիտցայ թէ այս բանը պարկեշտ սիրտով ըրիր. նաեւ քեզ զերծ պահեցի ինծի դէմ մեղանչելէն. ատոր համար քեզի չթոյլատրեցի որ անոր դպչիս։
7Ուստի հիմա կինը իր ամուսինի՛ն վերադարձուր. քանի ան մարգարէ է, քեզի համար պիտի աղօթէ, ու դուն ողջ պիտի մնաս։ Բայց եթէ զայն չվերադարձնես, գիտցի՛ր թէ անպատճառ պիտի մեռնիս, դուն եւ բոլոր քուկիններդ»։
8Ուստի Աբիմելէք առտուն՝ կանուխ ելաւ, իր բոլոր ծառաները կանչեց, այս բոլոր բաները անոնց 1պատմեց, ու մարդիկը շատ վախցան։
9Եւ Աբիմելէք Աբրահամը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Մեզի ի՞նչ ըրիր. ես քեզի դէմ ի՞նչպէս մեղանչեցի, որ իմ վրաս ու թագաւորութեանս վրայ մեծ մեղք մը բերիր. չկատարուելիք գործեր կատարեցիր ինծի հանդէպ»։
10Եւ Աբիմելէք Աբրահամի ըսաւ. «Ի՞նչ տեսար՝ որ այս բանը ըրիր»։
11Աբրահամ ըսաւ. «Ես 2կարծեցի թէ իսկապէս Աստուծոյ վախը չկայ այստեղ, ու կնոջս պատճառով զիս պիտի սպաննեն։
12Բայց նաեւ՝ ի՛րապէս քոյրս է. հօրս աղջիկն է, բայց մօրս աղջիկը չըլլալով՝ կինս եղաւ։
13Երբ Աստուած զիս հօրս տունէն 3գաղթել տուաւ, անոր ըսի. “Սա՛ կարեկցութեամբ վարուէ ինծի հետ. ամէն տեղ որ երթանք, հոն իմ մասիս ըսէ թէ "եղբայրս է"”»։
14Աբիմելէք ոչխարներ, արջառներ, ստրուկներ եւ ստրկուհիներ առաւ ու Աբրահամի տուաւ. անոր կինը՝ Սառան ալ անոր վերադարձուց։
15Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ահա՛ իմ երկիրս քու առջեւդ է. բնակէ՛ ո՛ւր որ 4քեզի հաճելի թուի՝՝»։
16Սառայի ալ ըսաւ. «Ահա՛ եղբօրդ հազար կտոր արծաթ տուի։ Ահա՛ ան քեզի աչքերու ծածկոց ըլլայ՝ բոլոր քեզի հետ եղողներուն եւ բոլորին առջեւ»։ Այսպէս ան կշտամբուեցաւ։
17Աբրահամ աղօթեց Աստուծոյ, եւ Աստուած բուժեց Աբիմելէքը, անոր կինն ու աղախինները, եւ սկսան ծնանիլ,
18քանի Տէրը Աբիմելէքի ընտանիքին բոլոր արգանդները ամբո՛ղջովին գոցած էր, Աբրահամի կնոջ՝ Սառայի պատճառով։