Genesis 21
Genesis 20 ‹ Genesis 21 › Genesis 22 » Exodus
ԻՍԱՀԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԸ
1Տէրը Սառայի այցելեց՝ ինչպէս ըսած էր. Տէրը իր խոստումին համաձայն ըրաւ Սառայի,
2ու Սառա յղացաւ եւ որդի մը ծնաւ Աբրահամի՝ իր ծերութեան ատեն, այն նոյն ժամանակին՝ որ Աստուած ըսեր էր անոր։
3Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն՝ Սառայի իրեն ծնած իր որդիին անունը Իսահակ կոչեց։
4Եւ Աբրահամ թլփատեց իր որդին՝ Իսահակը, երբ ութ օրուան եղաւ, ինչպէս Աստուած իրեն պատուիրեր էր։
5Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին՝ Իսահակը ծնաւ իրեն։
6Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց, եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։
7Նաեւ ըսաւ. «Ո՞վ կ’ըսէր Աբրահամի, թէ Սառա որդիներ պիտի դիեցնէ. քանի որ իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։
8Զաւակը մեծցաւ ու կաթէն կտրուեցաւ, եւ Աբրահամ մեծ խնճոյք սարքեց Իսահակի կաթէն կտրուած օրը։
ՀԱԳԱՐ ԵՒ ԻՍՄԱՅԷԼ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ
9Սառա տեսաւ թէ Եգիպտացի Հագարի որդին, որ Հագար Աբրահամի ծնած էր, կը խնդայ.
10ուստի Աբրահամի ըսաւ. «Վռնտէ՛ այս աղախինը եւ անոր որդին. որովհետեւ այս աղախինին որդին իմ որդիիս՝ Իսահակի հետ ժառանգորդ պիտի չըլլայ»։
11Այս բանը Աբրահամի շատ 1անհաճոյ եղաւ՝ իր որդիին պատճառով։
12Իսկ Աստուած Աբրահամի ըսաւ. «Տղային համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող 2անհաճոյ չըլլայ քեզի։ Սառայի քեզի ըսած բոլոր խօսքերը մտի՛կ ըրէ, քանի որ Իսահակո՛վ պիտի կոչուի քու զարմդ։
13Աղախինին որդին ալ ազգ մը պիտի ընեմ, որովհետեւ ան ալ քու զարմդ է»։
14Եւ Աբրահամ առտուն՝ կանուխ ելաւ, հաց ու տիկ մը ջուր առաւ եւ Հագարի տուաւ՝ անոր ուսին վրայ դնելով. զաւակն ալ տուաւ, եւ ուղարկեց զայն։ Ան ալ գնաց, ու Բերսաբէի անապատին մէջ կը դեգերէր։
15Երբ տիկին ջուրը հատաւ, մացառներէն մէկուն տակ ձգեց զաւակը,
16նետընկէցի մը չափ հեռու գնաց ու դիմացը նստաւ, քանի որ ըսաւ. «Զաւակին մեռնիլը չտեսնե՛մ». եւ դիմացը նստելով՝ իր ձայնը բարձրացուց ու լացաւ։
17Աստուած տղային ձայնը լսեց, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն Հագարը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Հագա՛ր, քեզի ի՞նչ եղաւ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ Աստուած լսեց տղային ձայնը՝ անոր եղած տեղէն։
18Կանգնէ՛, վերցո՛ւր տղան ու բռնէ՛ զայն ձեռքովդ, քանի որ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զայն»։
19Եւ Աստուած Հագարի աչքերը բացաւ ու ջրհոր մը տեսաւ. գնաց, տիկը ջուրով լեցուց եւ տղային խմցուց։
20Աստուած տղային հետ էր. ան մեծցաւ, անապատը բնակեցաւ ու աղեղնաւոր եղաւ։
21Փառանի անապատը բնակեցաւ, եւ մայրը անոր կին մը առաւ Եգիպտոսի երկրէն։
ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԵՒ ԱԲԻՄԵԼԷՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ
22Այն ատեն Աբիմելէք, ու իր սպարապետը՝ Փիքող, Աբրահամի խօսելով՝ ըսին. «Աստուած քեզի հետ է ամէն բանի մէջ՝ ի՛նչ որ ընես։
23Եւ հիմա, հոս, ինծի երդում ըրէ Աստուծմով, թէ ինծի, զաւակներուս եւ թոռներուս հետ կեղծիքով պիտի չվարուիս. հապա քեզի 3ցոյց տուած՝՝ կարեկցութեանս համեմատ պիտի ընես ինծի եւ այս երկրին՝ որուն մէջ պանդխտացած ես»։
24Աբրահամ ըսաւ. «Երդում կ’ընե՛մ»։
25Ու Աբրահամ կշտամբեց Աբիմելէքը՝ ջրհորի մը համար, որ Աբիմելէքի ծառաները բռնագրաւած էին։
26Աբիմելէք ըսաւ. «Չեմ գիտեր թէ ո՛վ ըրաւ այդ բանը, եւ դո՛ւն ալ ինծի չիմացուցիր. ես ալ լսած չէի, բայց միայն այսօ՛ր լսեցի»։
27Աբրահամ ոչխարներ ու արջառներ առաւ եւ Աբիմելէքի տուաւ, ու երկուքն ալ ուխտ մը կնքեցին։
28Աբրահամ ոչխարներէն եօթը 4գառնուկ զատ դրաւ,
29եւ Աբիմելէք Աբրահամի ըսաւ. «Ի՞նչ են այդ եօթը գառնուկները, որ զատ դրիր»։
30Ան ալ ըսաւ. «Այս եօթը գառնուկները ձեռքէս ա՛ռ, որպէսզի անոնք վկայ ըլլան թէ այս հորը ե՛ս փորեր եմ»։
31Ատոր համար այդ տեղին անունը 5Բերսաբէ կոչեց, քանի որ երկուքն ալ հոն երդում ըրին։
32Եւ Բերսաբէի մէջ ուխտ մը կնքեցին. այն ատեն Աբիմելէք ու իր սպարապետը՝ Փիքող կանգնեցան եւ Փղշտացիներուն երկիրը վերադարձան։
33Աբրահամ ծառեր տնկեց Բերսաբէի մէջ, ու հոն յաւիտենական Աստուծոյ՝ Եհովայի անունը կանչեց։
34Եւ Աբրահամ երկար ժամանակ պանդխտացաւ Փղշտացիներու երկրին մէջ։