Genesis 22
Genesis 21 ‹ Genesis 22 › Genesis 23 » Exodus
ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱԲՐԱՀԱՄԸ
1Այս բաներէն ետք Աստուած Աբրահամը փորձարկեց եւ անոր ըսաւ. «Աբրահա՛մ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։
2Աստուած ըսաւ. «Այժմ ա՛ռ քու որդիդ, քու սիրած մէկ հատիկ զաւակդ՝ Իսահակը, գնա՛ Մորիայի երկիրը, ու հոն զայն մատուցանէ՛ իբր ողջակէզ լեռներէն մէկուն վրայ՝ որ քեզի պիտի ըսեմ»։
3Աբրահամ առտուն՝ կանուխ ելաւ, իր էշը համետեց, իրեն հետ երկու երիտասարդ եւ իր Իսահակ որդին առաւ, ողջակէզի համար փայտ ճեղքեց, եւ ելաւ գնաց այն տեղը՝ որ Աստուած իրեն ըսաւ։
4Երրորդ օրը Աբրահամ իր աչքերը վերցուց, ու հեռուէն տեսաւ այդ տեղը։
5Աբրահամ իր երիտասարդներուն ըսաւ. «Դուք իշուն հետ հո՛ս կեցէք. ես եւ տղան մինչեւ հոն երթանք, երկրպագենք ու ձեզի վերադառնանք»։
6Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ եւ իր որդիին՝ Իսահակի վրայ դրաւ, ինք իր ձեռքը առաւ կրակն ու դանակը, եւ երկուքը միասին գացին։
7Իսահակ իր հօր՝ Աբրահամի խօսելով ըսաւ. «Իմ հա՛յրս»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ, որդիս»։ Իսահակ ըսաւ. «Ահա՛ կրակն ու փայտը, բայց ո՞ւր է ողջակէզ ըլլալիք գառը»։
8Աբրահամ ըսաւ. «Աստուած ի՛նք պիտի 1պատրաստէ ողջակէզ ըլլալիք գառը, որդեա՛կս»։ Այսպէս՝ երկուքը միասին գացին,
9եւ հասան այն տեղը՝ որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն զոհասեղան մը կառուցանեց, փայտերը զետեղեց, իր որդին՝ Իսահակը կապեց, ու զայն զոհասեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։
10Աբրահամ իր ձեռքը երկարեց եւ դանակը առաւ՝ որպէսզի իր որդին մորթէ։
11Բայց Տէրոջ հրեշտակը երկինքէն զինք կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։
12Հրեշտակը ըսաւ. «Տղային վրայ ձեռքդ մի՛ դներ եւ անոր ոչի՛նչ ըրէ, քանի որ հի՛մա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս, որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր ինձմէ»։
13Աբրահամ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, եւ ահա՛ իր ետեւը՝ թաւուտին մէջ՝ եղջիւրներէն բռնուած խոյ մը կար։ Աբրահամ գնաց, խոյը բերաւ, ու զայն իբր ողջակէզ մատուցանեց՝ իր որդիին տեղը։
14Աբրահամ այդ տեղին անունը 2Եհովա-Յիրէ կոչեց, որ մինչեւ այսօր կ’ըսուի. «Տէրը լերան վրայ պիտի երեւնայ»։
15Տէրոջ հրեշտակը երկրորդ անգամ երկինքէն Աբրահամը կանչեց
16եւ ըսաւ. «Իմ վրաս երդում ըրի,— կը պատգամէ Տէրը.— որովհետեւ այս բանը ըրիր ու քու որդիդ, քու մէկ հատիկ զաւակդ ինձմէ չխնայեցիր,
17քեզ մեծապէս պիտի օրհնեմ։ Քու զարմդ մեծապէս պիտի բազմացնեմ՝ երկինքի աստղերուն եւ ծովեզերքը եղող աւազին պէս. քու զարմդ իր թշնամիներուն 3քաղաքներուն պիտի տիրանայ,
18ու երկրի բոլոր ազգերը քու զարմովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ խօսքս մտիկ ըրիր»։
19Երբ Աբրահամ իր երիտասարդներուն վերադարձաւ, կանգնեցան ու միասին Բերսաբէ գացին. եւ Աբրահամ Բերսաբէ կը բնակէր։
ՆԱՔՈՎՐԻ ԶԱՐՄԸ
20Այս բաներէն ետք, Աբրահամի պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա՛ Մեղքա՝ ի՛նք ալ որդիներ ծնաւ քու եղբօրդ Նաքովրի.
21անդրանիկ որդին՝ Հուսը, անոր եղբայրը՝ Բուզը, Արամի հայրը՝ Կամուէլը,
22Քազադը, Ասաւը, Փաղդասը, Յեդլափը եւ Բաթուէլը.
23Բաթուէլ ծնաւ Ռեբեկան։ Այս ութ որդիները Մեղքա ծնաւ Աբրահամի եղբօր՝ Նաքովրի։
24Իսկ անոր հարճը, որուն անունը Ռէումա էր, ան ալ Տէբաքը, Գահամը, Թաքասը եւ Մաաքան ծնաւ։