Loading...

Genesis 23

Genesis 22  ‹  Genesis 23  ›  Genesis 24  »  Exodus


ՍԱՌԱ ԿԸ ՄԵՌՆԻ, ԱԲՐԱՀԱՄ ԿԸ ԳՆԷ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՄԸ

1

Սառա հարիւր քսանեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառայի կեանքին տարիները։

2

Սառա մեռաւ Կարիաթ-Արբայի մէջ, որ Քեբրոնն է՝ Քանանի երկրին մէջ։ Աբրահամ Սառայի համար հեծեծելու եւ լալու եկաւ.

3

ապա Աբրահամ իր մեռելին քովէն կանգնեցաւ, ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.

4

«Ես պանդուխտ եւ հիւր եմ ձեր մէջ. ինծի գերեզմանի համար կալուած մը տուէք ձեր մէջ, որպէսզի 1իմ առջեւս՝՝ թաղեմ մեռելս»։

5

Քետի որդիները Աբրահամի պատասխանեցին.

6

«Իմ տէ՛րս, մտի՛կ ըրէ մեզի. դուն մեր մէջ Աստուծոյ իշխանն ես։ Մեր ամենէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ։ Քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ ո՛չ մէկը իր գերեզմանը 2կը մերժէ՝՝ քեզի տալ»։

7

Աբրահամ կանգնեցաւ ու երկրպագեց այդ երկրի ժողովուրդին՝ Քետի որդիներուն,

8

եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ 3համամիտ էք՝՝ որ իմ առջեւս թաղեմ մեռելս, մտի՛կ ըրէք ինծի, ու Սահառի որդիին՝ Եփրոնի՛ բարեխօսեցէք ինծի համար,

9

որ իր արտին ծայրը եղող 4Մաքփելայի քարայրը ինծի տայ։ Զայն լման գինով թող տայ ինծի՝ իբր գերեզմանի կալուած ձեր մէջ»։

10

Եփրոն՝ Քետի որդիներուն մէջ կը բնակէր։ Քետացի Եփրոն Աբրահամի պատասխանեց Քետի որդիներուն 5առջեւ, այսինքն՝ իր քաղաքին դռնէն մտնող բոլորին առջեւ.

11

«Ո՛չ, իմ տէ՛րս, մտի՛կ ըրէ ինծի։ Արտը քեզի կու տամ, ու հոն եղող քարայրն ալ քեզի կու տամ։ Իմ ժողովուրդիս որդիներուն 6առջեւ զայն քեզի տուի, թաղէ՛ քու մեռելդ»։

12

Աբրահամ այդ երկրին ժողովուրդին առջեւ երկրպագեց,

13

ու Եփրոնի խօսեցաւ՝ այդ երկրին ժողովուրդին 7առջեւ, եւ ըսաւ. «Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղերսե՛մ, մտի՛կ ըրէ ինծի. ես արտին դրամը տամ, ա՛ռ ինձմէ՝ որ մեռելս հոն թաղեմ»։

14

Եփրոն Աբրահամի պատասխանեց՝ անոր ըսելով.

15

«Իմ տէ՛րս, մտի՛կ ըրէ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու միջեւ ի՞նչ է ատիկա. ուրեմն թաղէ՛ քու մեռելդ»։

16

Աբրահամ Եփրոնի մտիկ ըրաւ. Աբրահամ արծաթը կշռեց եւ տուաւ Եփրոնի, ինչպէս ան Քետի որդիներուն 8առջեւ խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն ընթացիկ գինով։

17

Ու Եփրոնի արտը, որ Մաքփելայի մէջ՝ Մամբրէի առջեւ է — արտը, հոն եղող քարայրը, եւ արտին մէջի բոլոր ծառերը՝ անոր շրջակայ սահմաններուն մէջ —

18

իբր Աբրահամի գոյք հաստատուեցան Քետի որդիներուն 9առջեւ, անոր քաղաքին դռնէն բոլոր մտնողներուն 10առջեւ։

19

Անկէ ետք, Աբրահամ իր կինը՝ Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին քարայրին մէջ, որ Քեբրոնն է՝ Քանանի երկրին մէջ։

20

Արտն ու հոն եղող քարայրը Քետի որդիներէն Աբրահամի իբր գերեզմանի կալուած հաստատուեցան։



1 Եբր.՝ երեսիս առջեւէն
2 Եբր.՝ կ’արգիլէ
3 Եբր.՝ ձեր անձին փափաքն է
4 Այսինքն՝ կրկնութեան
5 Եբր.՝ ականջներուն
6 Եբր.՝ աչքերուն առջեւ
7 Եբր.՝ ականջներուն
8 Եբր.՝ ականջներուն
9 Եբր.՝ աչքերուն առջեւ
10 Եբր.՝ երեսին առջեւ