Genesis 24
Genesis 23 ‹ Genesis 24 › Genesis 25 » Exodus
ԿԻՆ ՄԸ՝ ԻՍԱՀԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
1Աբրահամ 1տարիքով յառաջացած՝՝ ու ծերացած էր։ Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնած էր Աբրահամը։
2Աբրահամ ըսաւ իր տան երէց ծառային, որ իր ամբողջ ունեցածը կը կառավարէր. «Կ’աղերսե՛մ, ձեռքդ երանքիս տակ դիր.
3քեզ կ’երդմնեցնեմ Տէրոջմով, որ երկինքի Աստուածն ու երկրի Աստուածն է, որ որդիիս կին չառնես Քանանացիներուն աղջիկներէն, որոնց մէջ կը բնակիմ.
4հապա իմ երկի՛րս եւ ազգականներո՛ւս գնա, ու որդիիս՝ Իսահակի անկէ՛ կին առ»։
5Ծառան անոր ըսաւ. «Թերեւս կինը չուզէ ինծի հետեւիլ դէպի այս երկիրը. պէ՞տք է որ քու որդիդ այն երկիրը վերադարձնեմ՝ ուրկէ դուն ելար»։
6Աբրահամ անոր ըսաւ. «Զգուշացի՛ր՝ որ որդիս հոն չվերադարձնես։
7Տէ՛րը՝ երկինքի Աստուածը, որ զիս հօրս տունէն եւ ազգականներուս երկրէն հանեց, որ ինծի խօսեցաւ ու ինծի երդում ըրաւ՝ ըսելով. “Այս երկիրը քու զարմիդ պիտի տամ”, ի՛նք իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ, եւ դուն անկէ որդիիս կին պիտի առնես։
8Եթէ կինը չուզէ քեզի հետեւիլ, այս երդումէս դուն անպարտ կ’ըլլաս. միայն թէ որդիս հոն մի՛ վերադարձներ»։
9Ծաոան իր տիրոջ՝ Աբրահամի երանքին տակ դրաւ իր ձեռքը, ու այս բանին համար երդում ըրաւ անոր։
10Ծառան իր տիրոջ ուղտերէն տասը ուղտ առաւ եւ գնաց, քանի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին. կանգնեցաւ ու դէպի 2Միջագետք՝ Նաքովրի քաղաքը գնաց։
11Ուղտերը քաղաքէն դուրս՝ ջրհորի մը քով ծնրադրել տուաւ, իրիկուան դէմ կիներուն դուրս ելած ատենը՝ ջուր քաշելու համար,
12եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս՝ Աբրահամի Աստուածը, կ’աղերսե՛մ, յաջողցո՛ւր իմ հանդիպումս այսօր, ու տիրոջս՝ Աբրահամի հետ կարեկցութեա՛մբ վարուէ։
13Ահա՛ ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ, եւ այս քաղաքին մարդոց աղջիկները դուրս կ’ելլեն՝ ջուր քաշելու։
14Երբ երիտասարդուհիի մը ըսեմ. “Կ’աղերսե՛մ, սափո՛րդ իջեցուր՝ որպէսզի խմեմ”, ու ան ըսէ. “Խմէ՛, եւ քու ուղտերո՛ւդ ալ խմցնեմ”, անիկա՛ թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ, ու ասո՛վ գիտնամ թէ իմ տիրոջս հետ կարեկցութեամբ վարուեցար»։
15Տակաւին իր խօսքը չաւարտած, ահա՛ Աբրահամի եղբօր Նաքովրի կնոջ՝ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափորը ունենալով։
16Երիտասարդուհին շատ վայելուչ տեսքով կոյս մըն էր, եւ ո՛չ մէկ այր մարդ զայն գիտցած էր։ Ան իջաւ աղբիւրը, իր սափորը լեցուց ու բարձրացաւ։
17Ծառան վազեց զայն դիմաւորելու, եւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։
18Ան ալ ըսաւ. «Խմէ՛, իմ տէ՛րս», ու շտապելով սափորը իր ձեռքին վրայ իջեցուց եւ անոր խմցուց։
19Երբ անոր խմցնելը աւարտեց՝ ըսաւ. «Ուղտերո՛ւդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ որ անոնք խմելը աւարտեն»։
20Շտապելով սափորը ջրարբին մէջ պարպեց, դարձեալ հորը վազեց ջուր քաշելու, եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։
21Մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ կը լռէր, գիտնալու համար թէ արդեօք Տէրը իր ճամբորդութիւնը յաջողցո՛ւց՝ թէ ոչ։
22Երբ ուղտերը խմելը աւարտեցին, մարդը կէս սիկղ կշռող ոսկի օղակ մը, ու անոր ձեռքերուն համար՝ տասը սիկղ կշռող ոսկի երկու ապարանջան հանեց, անոր տուաւ,
23եւ ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես. կ’աղերսե՛մ, իմացո՛ւր ինծի, քու հօրդ տունը՝ մեզի համար գիշերելու տեղ կա՞յ»։
24Ան ալ անոր ըսաւ. «Ես Մեղքայի որդիին՝ Բաթուէլի աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրի ծնաւ»։
25Նաեւ անոր ըսաւ. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք, եւ գիշերելու տեղ ալ»։
26Մարդը խոնարհեցաւ ու Տէրոջ երկրպագեց,
27եւ ըսաւ. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը, տիրոջս՝ Աբրահամի Աստուածը, որ իմ տէրս չզրկեց իր կարեկցութենէն ու իր ճշմարտութենէն։ Մինչ ես ճամբան էի, Տէրը զիս տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։
28Երիտասարդուհին վազեց, եւ այս բաները իր մօր տունը պատմեց։
29Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան դուրս ելաւ, ու վազեց դէպի աղբիւրը՝ մարդուն քով.
30երբ տեսաւ օղակը եւ իր քրոջ ձեռքերուն վրայի ապարանջանները, ու լսեց իր քրոջ՝ Ռեբեկայի խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ “այն մարդը ա՛յսպէս խօսեցաւ ինծի”, մարդուն գնաց — եւ ահա՛ ան ուղտերուն քով՝ աղբիւրին մօտ կայնած էր —
31ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, Տէրոջ օրհնեալը, ինչո՞ւ դուրսը կայնած ես, քանի տունը պատրաստեցի, եւ տեղ մը՝ ուղտերուն համար»։
32Ու մարդը տունը եկաւ. Լաբան ուղտերը քակեց, յարդ ու ճարակ տուաւ ուղտերուն, եւ ջուր՝ անոր ոտքերն ու անոր հետ եղող մարդոց ոտքերը լուալու։
33Ապա անոր առջեւ կերակուր դրուեցաւ, բայց ան ըսաւ. «Մինչեւ որ իմ խօսքս չհաղորդեմ՝ չեմ ուտեր»։
34Լաբան ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Ան ալ ըսաւ.
35«Ես Աբրահամի ծառան եմ։ Տէրը յոյժ օրհնեց իմ տէրս, ու մեծ մարդ մը եղաւ։ Անոր ոչխարներ եւ արջառներ, արծաթ ու ոսկի, ստրուկներ եւ ստրկուհիներ, ուղտեր ու էշեր տուաւ։
36Եւ տիրոջս կինը՝ Սառա, իր ծերութեան ատեն որդի մը ծնաւ տիրոջս, որ անոր տուաւ իր ամբողջ ունեցածը։
37Իմ տէրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. “Որդիիս կին մի՛ առներ Քանանացիներուն աղջիկներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիմ.
38հապա իմ հօ՛րս տունը ու գերդաստանի՛ս գնա, եւ որդիիս կի՛ն առ”։
39Ես տիրոջս ըսի. “Թերեւս կինը ինծի չհետեւի”։
40Ան ալ ինծի ըսաւ. “Տէրը՝ որուն առջեւ կ’ընթանամ, իր հրեշտակը քեզի հետ պիտի ղրկէ ու ճամբադ պիտի յաջողցնէ, եւ որդիիս՝ իմ գերդաստանէս ու հօրս տունէն կին պիտի առնես։
41Իսկ դուն այն ատեն 3երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս, երբ իմ գերդաստանիս երթաս. եթէ քեզի մէկը չտան, այն ատեն երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս”։
42Երբ այսօր աղբիւրը հասայ՝ ըսի. “Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամի՛ Աստուածը. այժմ, եթէ այս գացած ճամբաս յաջողցնես,
43ահա՛ ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ. երբ օրիորդը դուրս ելլէ ջուր քաշելու, ու ես անոր ըսեմ. "Կ’աղերսե՛մ, ինծի քու սափորէդ քիչ մը ջուր խմցուր",
44եւ ան ինծի ըսէ. "Դո՛ւն ալ խմէ, եւ ուղտերո՛ւդ համար ալ ջուր քաշեմ", անիկա՛ թող ըլլայ Տէրոջ սահմանած կինը՝ տիրոջս որդիին համար”։
45Իմ սիրտիս մէջ տակաւին խօսիլը չաւարտած՝ ահա՛ Ռեբեկա դուրս ելաւ, սափորը իր ուսին վրայ, աղբիւրը իջաւ ու ջուր քաշեց։ Երբ ըսի անոր. “Կ’աղերսե՛մ, ինծի ջուր խմցուր”,
46ան ալ շտապելով սափորը իր ուսէն իջեցուց ու ըսաւ. “Խմէ՛, եւ ուղտերո՛ւդ ալ խմցնեմ”։ Ուստի ես խմեցի, եւ ուղտերուն ալ խմցուց։
47Այն ատեն անոր հարցուցի. “Դուն որո՞ւն աղջիկն ես”։ Ան ալ ըսաւ. “Նաքովրին՝ Մեղքայի ծնած որդիին՝ Բաթուէլի աղջիկն եմ”։ Ես ալ օղակը անոր քիթը դրի, եւ ապարանջանները՝ անոր ձեռքերուն վրայ։
48Ապա խոնարհեցայ, Տէրոջ երկրպագեցի, ու Տէրը օրհնաբանեցի, տիրոջս՝ Աբրահամի Աստուածը, որ զիս ուղիղ ճամբայէն առաջնորդեց՝ տիրոջս եղբօր աղջիկը իր որդիին առնելու համար։
49Եւ այժմ, եթէ տիրոջս հետ կարեկցութեամբ ու ճշմարտութեամբ պիտի վարուիք, իմացուցէ՛ք ինծի. իսկ եթէ ոչ՝ դա՛րձեալ իմացուցէք ինծի, որ ես աջ կողմ կամ ձախ կողմ դառնամ»։
50Լաբան եւ Բաթուէլ պատասխանեցին. «Այս բանը Տէրոջմէ՛ն 4եկած է. մենք քեզի գէշ կամ լաւ չենք կրնար ըսել։
51Ահա՛ Ռեբեկա քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛, եւ Տէրոջ ըսածին համաձայն՝ քու տիրոջդ որդիին կին թող ըլլայ»։
52Երբ Աբրահամի ծառան անոնց խօսքերը լսեց, մինչեւ գետին ծռելով երկրպագեց Տէրոջ։
53Ապա ծառան արծաթէ իրեր, ոսկիէ իրեր ու հագուստներ հանեց եւ Ռեբեկայի տուաւ. անոր եղբօրն ու մօրն ալ թանկագին պարգեւներ տուաւ։
54Եւ ինք ու իրեն հետ եղող մարդիկը կերան, խմեցին ու հո՛ն գիշերեցին։ Երբ առտուն ելան, ինք ըսաւ. «Զիս տիրո՛ջս ղրկեցէք»։
55Երիտասարդուհիին եղբայրն ու մայրը ըսին. «Երիտասարդուհին քանի մը օր, գոնէ՝ տասը օր, թող կենայ մեր քով, յետոյ երթայ»։
56Բայց ինք անոնց ըսաւ. «Զիս մի՛ ուշացնէք, քանի Տէրը ճամբաս յաջողցուց. ուղարկեցէ՛ք զիս՝ որ տիրոջս երթամ»։
57Անոնք ըսին. «Երիտասարդուհի՛ն կանչենք եւ անոր բերանը հարցուփորձենք»։
58Ռեբեկան կանչեցին ու անոր ըսին. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Ան ալ ըսաւ. «Կ’երթա՛մ»։
59Ուստի իրենց քոյրը՝ Ռեբեկան ու անոր սնուցիչը, նաեւ Աբրահամի ծառան ու անոր մարդիկը ուղարկեցին։
60Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մա՛յր եղիր, եւ քու զարմդ 5իր ոսոխներուն քաղաքներուն՝՝ թող տիրանայ»։
61Ռեբեկա ու իր աղախինները կանգնեցան, ուղտերուն վրայ հեծան եւ այդ մարդուն հետեւեցան։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։
62Իսահակ Լահայրոյի ջրհորէն վերադարձած էր, որովհետեւ ան հարաւային երկրին մէջ կը բնակէր։
63Եւ Իսահակ իրիկուան դէմ դուրս ելած էր՝ դաշտին մէջ 6խոկալու համար։ Երբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա՛ ուղտեր կու գային։
64Իսկ երբ Ռեբեկա իր աչքերը վերցուց եւ Իսահակը տեսաւ, ուղտէն իջաւ
65ու ծառային ըսաւ. «Դաշտին մէջ՝ մեզ դիմաւորելու եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Եւ ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։
66Ծառան իր բոլոր ըրած բաները պատմեց Իսահակի։
67Իսահակ զայն իր մօր՝ Սառայի վրանը տարաւ, եւ առաւ Ռեբեկան՝ որ իր կինը եղաւ, ու սիրեց զայն։ Եւ Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօր 7հանդէպ։