Loading...

Genesis 25

Genesis 24  ‹  Genesis 25  ›  Genesis 26  »  Exodus


ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՄԻՒՍ ԶԱՐՄԸ (Ա. Մնաց. 1. 32-33)

1

Աբրահամ վերստին կին մը առաւ, որուն անունը Քետուրա էր.

2

եւ ան Զեմրանը, Յեկսանը, Մադանը, Մադիանը, Յեսբոկը եւ Սովէն ծնաւ անոր։

3

Յեկսան ծնաւ Շաբան ու Դեդանը. Դեդանի որդիներն էին՝ Ասուրիմ, Լատուսիմ եւ Լովովմիմ։

4

Մադիանի որդիներն էին՝ Գեփա, Ափեր, Ենովք, Աբիդա ու Ելդագա։ Ասոնք բոլորը Քետուրայի որդիներն էին։

5

Աբրահամ իր ամբողջ ունեցածը Իսահակի տուաւ.

6

բայց Աբրահամի հարճերուն որդիներուն՝ Աբրահամ պարգեւներ տուաւ. ու մինչ տակաւին ողջ էր, զանոնք իր որդիին՝ Իսահակի քովէն դէպի արեւելք ղրկեց, արեւելեան երկիրը։


ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՄԱՀՆ ՈՒ ԹԱՂՈՒՄԸ

7

Ահա՛ւասիկ Աբրահամի ապրած կեանքին տարիներուն օրերը.— հարիւր եօթանասունհինգ տարի։

8

Աբրահամ՝ լա՛ւ ալեւորութեան մէջ, ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած, շունչը տալով՝ մեռաւ ու իր ժողովուրդին մէջ ամփոփուեցաւ։

9

Իր որդիները՝ Իսահակ եւ Իսմայէլ՝ թաղեցին զայն Մաքփելայի քարայրին մէջ, որ Քետացի Սահառի որդիին Եփրոնի արտին մէջ է՝ Մամբրէի դիմաց.

10

այն արտը, որ Աբրահամ Քետի որդիներէն գնած էր։ Հոն թաղուեցան Աբրահամ ու իր կինը՝ Սառա։

11

Աբրահամի մեռնելէն ետք, Աստուած օրհնեց անոր որդին՝ Իսահակը, եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորին քով բնակեցաւ։


ԻՍՄԱՅԷԼԻ ԶԱՐՄԸ

12

Ահա՛ւասիկ Աբրահամի որդիին՝ Իսմայէլի ծնունդները, որ Սառայի եգիպտացի ստրկուհին՝ Հագար ծնաւ Աբրահամի։

13

Ահա՛ւասիկ Իսմայէլի որդիներուն անունները՝ իրենց անուններով եւ իրենց ծնունդներուն համեմատ. Իսմայէլի անդրանիկը՝ Նաբէոթ, յետոյ՝ Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ,

14

Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ,

15

Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։

16

Ասո՛նք են Իսմայէլի որդիները. իրենց աւաններով եւ գիւղակներով՝ իրենց անունները ասո՛նք են. իրենց ազգերուն համեմատ՝ տասներկու իշխան էին։

17

Իսմայէլի կեանքին օրերը հարիւր երեսունեօթը տարի եղան, ու շունչը տալով՝ մեռաւ եւ իր ժողովուրդին մէջ ամփոփուեցաւ։

18

Իսմայելացիները բնակեցան Եւիլայէ մինչեւ Սուր, որ Եգիպտոսի դիմաց՝ Ասորեստան երթալու ճամբային վրայ է. իր բոլոր եղբայրներուն ներկայութեան մէջ 1բնակեցաւ։


ԵՍԱՒԻ ՈՒ ՅԱԿՈԲԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

19

Ահա՛ւասիկ Աբրահամի որդիին՝ Իսահակի ծնունդները։ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը.

20

Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ 2Միջագետքէն՝ 3ասորի Բաթուէլի աղջիկը, ասորի Լաբանի քոյրը՝ Ռեբեկան իրեն առաւ իբր կին։

21

Իսահակ թախանձեց Տէրոջ իր կնոջ համար՝ անոր ամուլ ըլլալուն պատճառով։ Տէրը անոր թախանձանքը ընդունեց, եւ անոր կինը՝ Ռեբեկա յղացաւ։

22

Որդիները անոր 4արգանդին մէջ՝՝ կը կռուէին. ուստի ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ ասիկա ինծի եղաւ», ու Տէրոջ խորհուրդ հարցնելու գնաց։

23

Տէրը անոր ըսաւ. «Երկու ազգ կայ 5արգանդիդ մէջ, եւ որովայնէդ երկու 6ժողովուրդ պիտի զատուի։ Մէկ ժողովուրդը միւսէն հզօր պիտի ըլլայ, ու մեծը պիտի հպատակի փոքրին»։

24

Երբ անոր ծնանելու օրերը լրացան, ահա՛ երկուորեակ էին անոր 7արգանդին մէջ։

25

Առաջինը դուրս ելաւ՝ շէկ, ամբողջ մարմինը մազոտ վերարկուի պէս. անոր անունը 8Եսաւ կոչեցին։

26

Անկէ ետք՝ անոր եղբայրը դուրս ելաւ, եւ անոր ձեռքը՝ Եսաւի կրունկը բռնած էր. անոր անունն ալ 9Յակոբ կոչեցին։ Անոնց ծնած ատենը՝ Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։

27

Տղաները մեծցան. Եսաւ դաշտի մարդ՝ ճարտար որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտաբարոյ մարդ էր, ու վրաններու մէջ կը բնակէր։

28

Իսահակ Եսաւը կը սիրէր, որովհետեւ անոր որսէն կ’ուտէր. իսկ Ռեբեկա Յակո՛բը կը սիրէր։


ԵՍԱՒ ԿԸ ԾԱԽԷ ԱՆԴՐԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

29

0ր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ պարտասած էր։

30

Եսաւ Յակոբի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, տո՛ւր այդ շիկաթանէն՝ որ ուտեմ, քանի որ պարտասած եմ»։ Ատոր համար անոր անունը 10Եդովմ կոչուեցաւ։

31

Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։

32

Եսաւ ըսաւ. «Ահա՛ մեռնելու 11կը մօտենամ՝՝, եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։

33

Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդո՛ւմ ըրէ »։ Ան ալ երդում ըրաւ անոր, ու իր անդրանկութեան իրաւունքը Յակոբի ծախեց։

34

Այն ատեն Յակոբ հաց եւ ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւի. ան ալ կերաւ ու խմեց, ապա կանգնեցաւ եւ գնաց։ Այսպէս՝ Եսաւ իր անդրանկութիւնը արհամարհեց։



1 Եբր.՝ ինկաւ
2 Եբր.՝ Փատան-Արամէն
3 Եբր.՝ արամացի, այսինքն՝ սուրիացի (ո՛չ թէ՝ ասորեստանցի)
4 Եբր.՝ ներսը
5 Եբր.՝ փորիդ
6 Եբր.՝ բնակչութիւն
7 Եբր.՝ փորին
8 Այսինքն՝ մազոտ
9 Այսինքն՝ գարշապար բռնող, եւս՝ խաբող
10 Այսինքն՝ շէկ
11 Եբր.՝ կ’երթամ