Genesis 26
Genesis 25 ‹ Genesis 26 › Genesis 27 » Exodus
ԻՍԱՀԱԿ Կ’ԱՊՐԻ ԳԵՐԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
1Երկրին մէջ սով եղաւ, առաջուան սովէն զատ, որ Աբրահամի օրերը եղեր էր. եւ Իսահակ Գերարա գնաց՝ Փղշտացիներուն Աբիմելէք թագաւորին։
2Տէրը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Եգիպտոս մի՛ իջներ. բնակէ՛ այն երկրին մէջ՝ որ քեզի պիտի ըսեմ։
3Պանդխտացի՛ր այս երկրին մէջ, ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ քեզ պիտի օրհնեմ. որովհետեւ այս բոլոր երկիրները քեզի ու քու զարմիդ պիտի տամ, եւ հօրդ՝ Աբրահամի ըրած երդումս պիտի իրագործեմ։
4Քու զարմդ երկինքի աստղերուն չափ պիտի բազմացնեմ, այս բոլոր երկիրները քու զարմիդ պիտի տամ, ու երկրի բոլոր ազգերը քու զարմովդ պիտի օրհնուին.
5որովհետեւ Աբրահամ իմ խօսքս մտիկ ըրաւ, եւ իմ հրահանգներս, պատուիրաններս, կանոններս ու օրէնքներս պահեց»։
6Իսահակ բնակեցաւ Գերարայի մէջ։
7Երբ այդ տեղին մարդիկը անոր հարցուցին իր կնոջ մասին, ինք ալ ըսաւ. «Քոյրս է», քանի որ վախցաւ ըսելու. «Կինս է», ու մտածեց. «Այս տեղին մարդիկը զիս չսպաննեն Ռեբեկայի համար», որովհետեւ ան վայելուչ տեսք ունէր։
8Երբ հոն երկար ժամանակ կեցաւ, Փղշտացիներուն թագաւորը՝ Աբիմելէք՝ պատուհանէն նայեցաւ, եւ ահա՛ տեսաւ թէ Իսահակ իր կնոջ՝ Ռեբեկայի հետ կը զբօսնէր։
9Աբիմելէք Իսահակը կանչեց ու ըսաւ. «Ահա՛ անտարակոյս ասիկա կինդ է. ի՞նչպէս ըսիր.“Ասիկա քոյրս է”»։ Իսահակ անոր ըսաւ. «Քանի որ ըսի թէ “անոր պատճառով չմեռնիմ”»։
10Աբիմելէք ըսաւ. «Ի՞նչ է այս ըրածդ մեզի։ Քիչ մնաց որ ժողովուրդէն մէկը քու կնոջդ հետ պառկէր, ու մեր վրայ յանցանք պիտի բերէիր»։
11Եւ Աբիմելէք իր ամբողջ ժողովուրդին պատուիրեց. «Ո՛վ որ այս մարդուն կամ անոր կնոջ դպչի՝ անշուշտ պիտի մեռցուի»։
12Իսահակ այդ երկրին մէջ սերմանեց, ու այդ տարին հարիւրապատիկ 1արդիւնք ստացաւ՝՝, քանի որ Տէրը օրհնեց զայն։
13Մարդը մեծցաւ եւ 2յառաջ գնաց, մինչեւ որ շատ մեծ եղաւ։
143Ոչխարներ, 4արջառներ, ու շատ ծառաներ ունեցաւ. ուստի Փղշտացիները անոր նախանձեցան։
15Իր հօր Աբրահամի օրերը՝ իր հօր ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները Փղշտացիները խցեցին, ու զանոնք հողով լեցուցին։
16Եւ Աբիմելէք Իսահակի ըսաւ. «Գնա՛ մեր քովէն, որովհետեւ մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր եղար»։
17Իսահակ անկէ գնաց, Գերարայի ձորին մէջ 5բացաւ իր վրանը՝՝, ու հոն բնակեցաւ։
18Իսահակ դարձեալ փորեց այն ջրհորները, որ իր հօր Աբրահամի օրերը փորուեր էին, բայց Աբրահամի մեռնելէն ետք Փղշտացիները խցեր էին, եւ իր հօր կոչած անուններուն համեմատ կոչեց անոնց անունները։
19Իսահակի ծառաները այդ ձորին մէջ փորեցին, ու հոն 6ցայտող ջուրի հոր մը գտան։
20Բայց Գերարայի հովիւները կը կռուէին Իսահակի հովիւներուն հետ՝ ըսելով. «Ջուրը մե՛րն է»։ Ատոր համար այդ հորին անունը 7Էսէք կոչեց, քանի որ անոր համար կռուեցան։
21Ուրիշ հոր մը փորեցին, եւ անոր համար ալ կռուեցան. ուստի անոր անունը 8Սիդնա կոչեց։
22Ապա անկէ փոխադրուեցաւ եւ ուրիշ հոր մը փորեց, որուն համար չկռուեցան։ Անոր անունը 9Ռոբովթ կոչեց՝ ըսելով. «Որովհետեւ հիմա Տէրը մեզ ընդարձակեց, ու երկրին մէջ պիտի աճինք»։
23Անկէ բարձրացաւ դէպի Բերսաբէ։
24Այդ գիշերը՝ Տէրը անոր երեւցաւ եւ ըսաւ. «Ես քու հօրդ՝ Աբրահամի Աստուածն եմ։ Մի՛ վախնար, որովհետեւ ես քեզի հետ եմ. իմ ծառայիս՝ Աբրահամի սիրոյն համար քեզ պիտի օրհնեմ, ու քու զարմդ պիտի բազմացնեմ»։
25Եւ հոն զոհասեղան մը կառուցանեց ու Տէրոջ անունը կանչեց. եւ հոն իր վրանը լարեց։ Իսահակի ծառաները հոն ալ հոր մը փորեցին։
ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԻՍԱՀԱԿԻ ԵՒ ԱԲԻՄԵԼԷՔԻ ՄԻՋԵՒ
26Աբիմելէք, իր բարեկամը՝ Ոքազաթ, ու իր սպարապետը՝ Փիքող Գերարայէն անոր գացին։
27Իսահակ անոնց ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով ինծի եկաք, քանի զիս ատեցիք ու զիս ձեզմէ վտարեցիք»։
28Անոնք ըսին. «Ստուգապէս տեսանք թէ Տէրը քեզի հետ է. ուստի ըսինք. “Այժմ մեր մէջ, այսինքն մեր ու քու միջեւ, երդում մը ըլլայ, եւ քեզի հետ ուխտ մը կնքենք,
29որպէսզի մեզի չարիք չընես, ինչպէս մենք քեզի ո՛չ մէկ բան ըրինք, հապա միայն քեզի բարիք ըրինք, ու քեզ խաղաղութեամբ ուղարկեցինք”։ Դուն հիմա Տէրոջ օրհնեալն ես»։
30Եւ ինք անոնց խնճոյք սարքեց։ Անոնք կերան ու խմեցին,
31եւ առտուն՝ կանուխ ելան ու իրարու երդում ըրին, եւ Իսահակ ուղարկեց զանոնք. անոնք ալ խաղաղութեամբ իրմէ գացին։
32Նոյն օրը՝ Իսահակի ծառաները եկան ու անոր պատմեցին իրենց փորած հորին մասին, եւ անոր ըսին. «Ջո՛ւր գտանք»։
33Ինք ալ անոր անունը 10Սաբէ կոչեց. ատոր համար այդ քաղաքին անունը մինչեւ այսօր 11Բերսաբէ է։
ԵՍԱՒԻ 0ՏԱՐ ԿԻՆԵՐԸ
34Եսաւ քառասուն տարեկան էր, երբ իրեն կին առաւ Քետացի Բէերիի աղջիկը՝ Յուդիթը, ու Քետացի Ելոնի աղջիկը՝ Բասեմաթը։
35Ասոնք Իսահակի եւ Ռեբեկայի հոգիի դառնութիւն եղան։