Genesis 27
Genesis 26 ‹ Genesis 27 › Genesis 28 » Exodus
ԻՍԱՀԱԿ Կ’0ՐՀՆԷ ՅԱԿՈԲԸ
1Երբ Իսահակ ծերացաւ ու իր աչքերուն տեսողութիւնը մթագնեցաւ, իր մեծ որդին՝ Եսաւը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Որդեա՛կս»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։
2Իսահակ ըսաւ. «Ահա՛ այժմ ես ծերացած եմ, ու մեռնելուս օրը չեմ գիտեր։
3Հիմա կ’աղերսե՛մ, ա՛ռ զէնքերդ՝ կապարճդ եւ աղեղդ, դո՛ւրս ելիր՝ դաշտը, ինծի 1երէ՛ մը որսա,
4եւ իմ սիրածիս պէս՝ ինծի խորտիկնե՛ր պատրաստէ ու ինծի բեր որ ուտեմ, որպէսզի մեռնելէս առաջ իմ անձս քեզ օրհնէ»։
5Ռեբեկա լսեց, երբ Իսահակ իր որդիին՝ Եսաւի կը խօսէր։ Եսաւ դաշտը գնաց՝ երէ մը որսալու եւ բերելու։
6Իսկ Ռեբեկա իր որդիին՝ Յակոբի ըսաւ. «Ահա՛ ես լսեցի, երբ քու հայրդ՝ եղբօրդ Եսաւի խօսեցաւ՝ ըսելով.
7“Ինծի ո՛րս բեր եւ ինծի համար խորտիկնե՛ր պատրաստէ, որպէսզի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջ առջեւ օրհնեմ”։
8Հի՛մա, որդեա՛կս, մտի՛կ ըրէ խօսքս, ինչ որ քեզի կը պատուիրեմ։
9Կ’աղերսե՛մ, դէպի հօտը գնա՛, անկէ ինծի երկո՛ւ լաւ ուլ բեր այծերէն, անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ՝ իր սիրածին պէս,
10ու հօ՛րդ տար՝ որ ուտէ, որպէսզի իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։
11Յակոբ իր մօր՝ Ռեբեկայի ըսաւ. «Ահա՛ եղբայրս՝ Եսաւ մազոտ մարդ մըն է, իսկ ես լերկ մարդ մըն եմ։
12Թերեւս հայրս զիս շօշափէ, եւ խարդախող մը 2թուիմ իրեն՝՝, ու իմ վրաս անէ՛ծք բերեմ եւ ո՛չ թէ օրհնութիւն»։
13Իր մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կս, քեզի գալիք անէծքը ի՛մ վրաս թող ըլլայ. միայն թէ մտի՛կ ըրէ խօսքս, ու գնա՛ ինծի բեր զանոնք»։
14Ան ալ գնաց, առաւ եւ իր մօր բերաւ. ու մայրը անոր հօր սիրածին պէս խորտիկներ պատրաստեց։
15Ռեբեկա իր մեծ որդիին՝ Եսաւի ազնիւ հագուստները առաւ, որ տան մէջ իր քով էին, ու իր պզտիկ որդիին՝ Յակոբի հագցուց։
16Այծի ուլերուն մորթերն ալ անոր ձեռքերուն եւ անոր լերկ վիզին վրայ դրաւ.
17ապա իր պատրաստած խորտիկներն ու հացը իր որդիին՝ Յակոբի ձեռքը տուաւ։
18Ան ալ իր հօր գնաց եւ ըսաւ. «Իմ հա՛յրս»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ. դուն ո՞վ ես, որդեա՛կս»։
19Յակոբ իր հօր ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ՝ Եսաւն եմ. ինծի ըսածիդ համաձայն ըրի։ Կ’աղերսե՛մ, կանգնէ՛, նստէ՛ ու կե՛ր իմ երէէս, որպէսզի քու անձդ զիս օրհնէ»։
20Իսահակ իր որդիին ըսաւ. «Ի՞նչպէս այդչափ շուտով գտար, որդեա՛կս»։ Ան ալ ըսաւ. «Քանի որ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իմ առջեւս բերաւ»։
21Իսահակ Յակոբի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մօտեցի՛ր, որպէսզի քեզ շօշափեմ, որդեա՛կս, եւ գիտնամ թէ արդեօք դո՛ւն ես իմ որդիս՝ Եսաւը, թէ ոչ»։
22Յակոբ իր հօր՝ Իսահակի մօտեցաւ. ան ալ զայն շօշափեց ու ըսաւ. «Ձայնը Յակոբի ձայնն է, բայց ձեռքերը՝ Եսաւի ձեռքերն են»։
23Այսպէս զայն չճանչցաւ, քանի որ անոր ձեռքերը իր եղբօր՝ Եսաւի ձեռքերուն պէս մազոտ էին, եւ զայն օրհնեց.
24ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես իմ որդիս՝ Եսաւը»։
25Ան ալ ըսաւ. «Ե՛ս եմ»։ Եւ ինք ըսաւ. «Մօտեցո՛ւր ինծի, ու որդիիս երէէն ուտեմ, որպէսզի իմ անձս քեզ օրհնէ»։ Մօտեցուց անոր, եւ կերաւ. գինի բերաւ անոր, ու խմեց։
26Եւ անոր հայրը՝ Իսահակ անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մօտեցի՛ր ու համբուրէ՛ զիս, որդեա՛կս»։
27Ան ալ մօտեցաւ եւ համբուրեց զայն։ Անոր հագուստին հոտը 3առաւ, զայն օրհնեց ու ըսաւ. «Ահա՛ իմ որդիիս հոտը՝ Տէրոջ օրհնած արտին հոտին պէս է։
28Ուստի Աստուած տա՛յ քեզի երկինքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն, եւ ցորենի ու քաղցուի առատութիւն։
29Ժողովուրդներ քեզի թող հպատակին, եւ 4ազգեր քեզի երկրպագեն։ Քու եղբայրներուդ տէրը եղիր, ու մօրդ որդիները քեզի երկրպագեն։ Քեզ անիծողը անիծեա՛լ ըլլայ, եւ քեզ օրհնողը՝ օրհնեա՛լ»։
ԵՍԱՒ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԻՍԱՀԱԿԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
30Երբ Իսահակ աւարտեց Յակոբը օրհնելը, հազիւ թէ Յակոբ իր հօր՝ Իսահակի առջեւէն ելած էր, անոր եղբայրը՝ Եսաւ որսորդութենէն եկաւ։
31Ա՛ն ալ խորտիկներ պատրաստեց, իր հօր բերաւ եւ իր հօր ըսաւ. «Իմ հայրս թող կանգնի ու իր որդիին երէէն ուտէ, որպէսզի քու անձդ զիս օրհնէ»։
32Անոր հայրը՝ Իսահակ անոր ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսա՛ւն եմ»։
33Իսահակ 5յոյժ շատ սարսափեցաւ՝՝ եւ ըսաւ. «Այն երէն բռնողն ու ինծի բերողը ո՞վ էր. ես քու գալէդ առաջ բոլորէն կերայ եւ օրհնեցի զայն։ Ա՛լ անշուշտ անիկա օրհնեալ պիտի ըլլայ»։
34Երբ Եսաւ իր հօր խօսքերը լսեց, մեծ ու շատ դառն աղաղակ մը բարձրացուց եւ իր հօր ըսաւ. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ իմ հայրս»։
35Ան ալ ըսաւ. «Քու եղբայրդ խաբէութեամբ եկաւ ու քու օրհնութիւնդ առաւ»։
36Ինք ըսաւ. «Անոր անունը Յակոբ կոչուելո՞ւն համար է՝ որ 6երկու անգամ զիս խաբեց. անդրանկութեան իրաւունքս առաւ, եւ ահա՛ հիմա օրհնութի՛ւնս ալ առաւ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի համար օրհնութիւն մը չվերապահեցի՞ր»։
37Իսահակ Եսաւի պատասխանեց. «Ահա՛ զայն քեզի տէր ըրի, անոր բոլոր եղբայրները իրեն տուի՝ ծառաներ ըլլալու, եւ ցորենով ու քաղցուով անոր նեցուկ եղայ. ա՛լ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեա՛կս»։
38Եսաւ իր հօր ըսաւ. «Իմ հա՛յրս, քու օրհնութիւնդ միայն մէ՞կ է. զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ իմ հայրս». ու Եսաւ իր ձայնը բարձրացուց եւ լացաւ։
39Իր հայրը՝ Իսահակ անոր պատասխանեց. «Ահա՛ քու բնակութիւնդ երկրի պարարտութենէն, ու վերէն՝ երկինքի ցօղէն պիտի ըլլայ։
40Քու սուրովդ պիտի ապրիս, եւ եղբօրդ պիտի հպատակիս. ու երբ անոր տիրապետես՝ անոր լուծը քու վիզէդ պիտի կոտրես»։
41Եսաւ ատեց Յակոբը այն օրհնութեան համար՝ որով իր հայրը օրհնեց զայն. ու Եսաւ իր սիրտին մէջ ըսաւ. «Իմ հօրս սուգին օրերը մօտ են. յետոյ եղբայրս՝ Յակոբը պիտի սպաննեմ»։
42Ռեբեկայի պատմուեցան իր մեծ որդիին՝ Եսաւի խօսքերը։ Ուստի իր պզտիկ որդին՝ Յակոբը կանչել տուաւ եւ անոր ըսաւ. «Ահա՛ եղբայրդ Եսաւ՝ քեզի հանդէպ ինքզինք կը մխիթարէ, քեզ սպաննել ծրագրելով։
43Հի՛մա, որդեա՛կս, մտի՛կ ըրէ խօսքս. կանգնէ՛, փախի՛ր դէպի Խառան՝ իմ Լաբան եղբօրս մօտ,
44ու կեցի՛ր 7ատեն մը՝՝ անոր քով, մինչեւ որ եղբօրդ ցասումը հեռանայ.
45մինչեւ որ եղբօրդ բարկութիւնը քեզմէ հեռանայ, եւ իրեն ըրածդ մոռնայ։ Յետոյ քեզ անկէ բերել կու տամ. ինչո՞ւ ձեր երկուքէն ալ զրկուիմ մէկ օրուան մէջ»։
ԻՍԱՀԱԿ ԿԸ ՂՐԿԷ ՅԱԿՈԲԸ ԼԱԲԱՆԻ
46Ռեբեկա Իսահակի ըսաւ. «Քետի աղջիկներուն պատճառով կեանքէս զզուած եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս՝ Քետի աղջիկներէն կին առնէ, ա՛լ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։