Genesis 28
Genesis 27 ‹ Genesis 28 › Genesis 29 » Exodus
1
Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զայն ու պատուիրեց անոր. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։
2Կանգնէ՛, դէպի Միջագե՛տք գնա, քու մօրդ հօր՝ Բաթուէլի տունը, եւ անկէ մօրդ եղբօր՝ Լաբանի աղջիկներէ՛ն քեզի կին առ։
3Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ, քեզ աճեցնէ եւ քեզ բազմացնէ, որ ժողովուրդներու համախմբում մը ըլլաս։
4Քեզի Աբրահամի օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ՝ քու զարմիդ, որպէսզի տիրանաս այն երկրին՝ որուն մէջ դուն գաղթական ես, որ Աստուած Աբրահամի տուաւ»։
5Իսահակ ղրկեց Յակոբը. ան ալ դէպի Միջագետք գնաց, ասորի Բաթուէլի որդիին՝ Լաբանի մօտ, որ Յակոբի ու Եսաւի մօր՝ Ռեբեկայի եղբայրն էր։
ԵՍԱՒ Կ’ԱՌՆԷ ՈՒՐԻՇ ԿԻՆ ՄԸ
6Եսաւ տեսաւ թէ Իսահակ օրհնեց Յակոբը, եւ ղրկեց զայն դէպի Միջագետք՝ անկէ իրեն կին առնելու համար, ու զայն օրհնած ատեն անոր պատուիրեց. «Քանանի աղջիկներէն քեզի կին մի՛ առներ»,
7եւ թէ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօր ու իր մօր, եւ Միջագետք գնաց։
8Նաեւ Եսաւ տեսաւ թէ Քանանի աղջիկները իր հօր՝ Իսահակի 1անհաճոյ են։
9Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլի գնաց, եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամի որդիին Իսմայէլի աղջիկը, Նաբէոթի քոյրը՝ Մայելէթը իրեն կին առաւ։
ՅԱԿՈԲԻ ԵՐԱԶԸ ԲԵԹԷԼԻ ՄԷՋ
10Յակոբ Բերսաբէէն ելաւ ու դէպի Խառան գնաց։
11Տեղ մը հասաւ եւ հո՛ն գիշերեց, որովհետեւ արեւը մայր մտած էր։ Այդ տեղի քարերէն առաւ, իր գլուխին տակ դրաւ իբր սնար, այդ տեղը պառկեցաւ,
12ու երազ մը տեսաւ։ Ահա՛ սանդուխ մը դրուած էր երկրի վրայ, որուն գագաթը երկինք կը հասնէր. եւ ահա՛ Աստուծոյ հրեշտակները անոր վրայէն կ’ելլէին ու կ’իջնէին։
13Եւ ահա՛ Տէրը անոր վրայ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ե՛ս եմ Եհովան, քու հօրդ՝ Աբրահամի Աստուածը, եւ Իսահակի Աստուածը։ Այն երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու զարմիդ պիտի տամ։
14Քու զարմդ երկրի 2հողին չափ շատ պիտի ըլլայ, դէպի արեւմուտք եւ արեւելք, ու դէպի հիւսիս եւ հարաւ պիտի տարածուի, ու երկրագունդի բոլոր գերդաստանները քեզմո՛վ ու քո՛ւ զարմովդ պիտի օրհնուին։
15Ահա՛ ես քեզի հետ եմ, եւ ամէն տեղ՝ ուր որ երթաս, քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս 3երկիրը պիտի վերադարձնեմ. որովհետեւ քեզ պիտի չթողում, մինչեւ որ քեզի ըսածս չընեմ»։
16Յակոբ քունէն արթնցաւ ու ըսաւ. «Ի՛րապէս Տէրը այստեղ է, բայց ես չէի գիտեր»։
17Ուստի վախցաւ եւ ըսաւ. «Ի՜նչ ահաւոր է այս տեղը. ա՛յս ուրիշ բան չէ՝ այլ միայն Աստուծոյ տունը. ա՛յս է երկինքի դուռը»։
18Յակոբ առտուն՝ կանուխ ելաւ, իբր սնար իր գլուխին տակ դրած քարը առաւ, զայն իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գագաթին վրայ իւղ թափեց,
19եւ այդ տեղին անունը 4Բեթէլ կոչեց. բայց առաջ այդ քաղաքին անունը Լուզ էր։
20Յակոբ ուխտ ըրաւ՝ ըսելով. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ, այս գացած ճամբայիս մէջ զիս պահէ, ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հագուստ տայ,
21եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ վերադառնամ, Տէ՛րը ինծի Աստուած պիտի ըլլայ.
22ու այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի, Աստուծոյ տո՛ւնը պիտի ըլլայ, եւ այն բոլորէն որ ինծի պիտի տաս՝ քեզի տասանորդ պիտի տամ»։