Genesis 29
Genesis 28 ‹ Genesis 29 › Genesis 30 » Exodus
ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԼԱԲԱՆԻ ՏՈՒՆԸ
1Յակոբ 1մեկնեցաւ եւ 2արեւելքցիներուն երկիրը գնաց։
2Նայեցաւ, ու ահա՛ դաշտին մէջ հոր մը կար, եւ ահա՛ հոն՝ անոր քով ոչխարներու երեք հօտ պառկած էր, քանի որ այդ հորէն կը խմցնէին հօտերուն, ու հորին բացուածքը մեծ քար մը կար։
3Բոլոր հօտերը հոն կը հաւաքուէին. հովիւները հորին բացուածքէն քարը մէկդի կը գլորէին, ոչխարներուն կը խմցնէին, ապա քարը դարձեալ իր տեղը՝ հորին բացուածքը կը դնէին։
4Յակոբ անոնց ըսաւ. «Եղբայրնե՛րս, ուրկէ՞ էք դուք»։ Անոնք ըսին. «Մենք Խառանէն ենք»։
5Անոնց ըսաւ. «Նաքովրի որդին՝ Լաբանը կը ճանչնա՞ք»։ Անոնք ըսին. «Կը ճանչնանք»։
6Անոնց ըսաւ. «Ողջ առո՞ղջ է»։ Անոնք ըսին. «Ողջ է, եւ ահա՛ անոր աղջիկը՝ Ռաքէլ ոչխարներուն հետ կու գայ»։
7Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ տակաւին 3իրիկուն ըլլալու շատ ժամանակ կայ՝՝, ու խաշինքին հաւաքուելու ատենը չէ. խմցուցէ՛ք ոչխարներուն, եւ գացէ՛ք արածեցէ՛ք»։
8Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար, մինչեւ որ բոլոր հօտերը չհաւաքուին. երբ հորին բացուածքի քարը մէկդի գլորեն, այն ատեն ոչխարներուն կը խմցնենք»։
9Երբ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, Ռաքէլ իր հօր ոչխարներուն հետ եկաւ, որովհետեւ ինք էր անոնց հովիւը։
10Երբ Յակոբ տեսաւ իր մօրեղբօր՝ Լաբանի աղջիկը՝ Ռաքէլը, նաեւ իր մօրեղբօր՝ Լաբանի ոչխարները, Յակոբ մօտեցաւ, քարը հորին բացուածքէն գլորեց, ու իր մօրեղբօր՝ Լաբանի ոչխարներուն խմցուց։
11Եւ Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը, ու ձայնը բարձրացնելով լացաւ։
12Յակոբ Ռաքէլի իմացուց թէ ինք անոր հօր 4ազգականը եւ Ռեբեկայի որդին է. ան ալ վազեց ու իր հօր պատմեց։
13Երբ Լաբան լսեց իր քրոջ որդիին՝ Յակոբի մասին, վազեց զայն դիմաւորելու. զայն գրկեց ու համբուրեց, եւ իր տունը տարաւ. ան ալ Լաբանի պատմեց այս բոլոր բաները։
14Լաբան անոր ըսաւ. «Ի՛րապէս դուն իմ ոսկորս ու միսս ես». եւ անոր հետ լման ամիս մը կեցաւ։
ՅԱԿՈԲ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ԼԱԲԱՆԻ՝ ՌԱՔԷԼԻ ԵՒ ԼԻԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
15Լաբան Յակոբի ըսաւ. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար՝ ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Իմացո՛ւր ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։
16Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը՝ Լիա էր, ու պզտիկին անունը՝ Ռաքէլ։
17Լիայի աչքերը փափուկ էին, բայց Ռաքէլ՝ գեղեցիկ կազմ ու գեղեցիկ տեսք ունէր։
18Յակոբ Ռաքէլը սիրեց եւ ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջիկիդ՝ Ռաքէլի համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։
19Լաբան ըսաւ. «Զայն քեզի՛ տալը՝ ուրիշ մարդու մը տալէն լաւ է. բնակէ՛ ինծի հետ»։
20Յակոբ Ռաքէլի համար եօթը տարի ծառայեց, ու զայն սիրելուն պատճառով՝ իրեն քանի մը օրուան չափ 5թուեցաւ։
21Եւ Յակոբ Լաբանի ըսաւ. «Իմ կի՛նս տուր, քանի օրերս լրացած են, որպէսզի անոր մտնեմ»։
22Լաբան այդ տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք սարքեց։
23Սակայն իրիկունը իր աղջիկը՝ Լիան առաւ եւ անոր բերաւ. ան ալ անոր մտաւ։
24Լաբան իր ստրկուհին՝ Զեղփան իբր ստրկուհի տուաւ իր աղջիկին՝ Լիայի։
25Առտուն՝ ահա՛ անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանի ըսաւ. «Ի՞նչ է այս ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլի համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։
26Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չ’ըլլար՝ կրտսերը անդրանիկէն առաջ տալ։
27Լրացո՛ւր ասոր հարսանիքին շաբաթը, ու զա՛յն ալ քեզի պիտի տանք այն ծառայութեան համար՝ որ դարձեալ իմ քովս պիտի ընես ուրիշ եօթը տարի»։
28Յակոբ այնպէս ըրաւ, Լիայի շաբաթը լրացուց, եւ Լաբան իր աղջիկը՝ Ռաքէլը անոր տուաւ իբր կին։
29Լաբան իր Բաղղա ստրկուհին իր աղջիկին՝ Ռաքէլի տուաւ իբր ստրկուհի։
30Յակոբ Ռաքէլի ալ մտաւ, ու Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց. եւ դարձեալ ուրիշ եօթը տարի ծառայեց Լաբանի։
ՅԱԿՈԲԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԿԸ ԾՆԻՆ
31Երբ Տէրը տեսաւ Լիայի ատելի ըլլալը, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։
32Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ, եւ անոր անունը 6Ռուբէն կոչեց, քանի որ ըսաւ. «Անպատճառ Տէրը իմ տառապանքս տեսաւ. հիմա անշուշտ ամուսինս զիս պիտի սիրէ»։
33Դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ, եւ ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, ատոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը 7Շմաւոն կոչեց։
34Դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ, եւ ըսաւ. «Հիմա՝ այս անգամ՝ ամուսինս ինծի պիտի յարի, քանի որ երեք որդի ծնայ իրեն»։ Ատոր համար անոր անունը 8Ղեւի կոչեց։
35Դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ, եւ ըսաւ. «Այս անգամ շնորհակալ պիտի ըլլամ Տէրոջմէն»։ Ատոր համար անոր անունը 9Յուդա կոչեց, ու ծնանելէ դադրեցաւ։