Genesis 30
Genesis 29 ‹ Genesis 30 › Genesis 31 » Exodus
1
Ռաքէլ տեսաւ թէ ինք Յակոբի զաւակներ չծնաւ։ Ուստի Ռաքէլ իր քրոջ նախանձեցաւ ու Յակոբի ըսաւ. «Ինծի որդինե՛ր տուր, թէ ոչ՝ կը մեռնիմ»։
2Յակոբի բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ռաքէլի դէմ, եւ ըսաւ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ 1արգանդի պտուղը մերժեց քեզի տալ»։
3Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ իմ աղախինս՝ Բաղղա, անո՛ր մտիր. ան իմ ծունկերուս վրայ պիտի ծնանի, ու ես ալ 2անկէ՛ որդի պիտի ստանամ՝՝»։
4Իր Բաղղա ստրկուհին անոր տուաւ իբր կին, եւ Յակոբ անոր մտաւ։
5Բաղղա յղացաւ ու Յակոբի որդի մը ծնաւ։
6Ռաքէլ ըսաւ. «Աստուած դատս պաշտպանեց. իմ ձայնս ալ լսեց եւ ինծի որդի մը տուաւ»։ Ատոր համար անոր անունը 3Դան կոչեց։
7Ռաքէլի ստրկուհին՝ Բաղղա դարձեալ յղացաւ ու Յակոբի երկրորդ որդի մը ծնաւ։
8Ռաքէլ ըսաւ. «Իմ քրոջս հետ 4հզօր ըմբշամարտութեամբ մարտնչեցայ եւ յաղթեցի»։ Ուստի անոր անունը 5Նեփթաղիմ կոչեց։
9Երբ Լիա տեսաւ թէ ինք ծնանելէ դադրեցաւ, իր ստրկուհին՝ Զեղփան առաւ, ու զայն Յակոբի տուաւ՝ իբր կին։
10Լիայի ստրկուհին՝ Զեղփա Յակոբի որդի մը ծնաւ։
11Լիա ըսաւ. «Բախտս յաջողեցաւ», եւ անոր անունը 6Գադ կոչեց։
12Լիայի ստրկուհին՝ Զեղփա երկրորդ որդի մը ծնաւ Յակոբի։
13Լիա ըսաւ. «Երանելի՛ եմ, քանի որ աղջիկները երանելի պիտի կոչեն զիս». ու անոր անունը 7Ասեր կոչեց։
14Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը, արտին մէջ մանրագորներ գտաւ եւ իր մօր՝ Լիայի բերաւ։ Ռաքէլ Լիայի ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։
15Ան ալ անոր ըսաւ. «Իմ ամուսինս առնելդ քի՞չ բան է, որ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի՝ որդիիդ մանրագորներուն համար՝ այս գիշեր քեզի հետ պիտի պառկի»։
16Իրիկունը, երբ Յակոբ դաշտէն կու գար, Լիա դուրս ելաւ՝ զայն դիմաւորելու, եւ ըսաւ. «Ինծի՛ պիտի մտնես, քանի որ ի՛րապէս վարձեցի քեզ՝ իմ որդիիս մանրագորներով»։ Այդ գիշերը անոր հետ պառկեցաւ։
17Աստուած Լիայի մտիկ ըրաւ. ան ալ յղացաւ եւ Յակոբի հինգերորդ որդի մը ծնաւ։
18Լիա ըսաւ. «Աստուած 8զիս վարձատրեց՝՝, որովհետեւ ստրկուհիս իմ ամուսինիս տուի». ու անոր անունը 9Իսաքար կոչեց։
19Լիա դարձեալ յղացաւ եւ Յակոբի վեցերորդ որդի մը ծնաւ։
20Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի լաւ պարգեւ մը շնորհեց. այս անգամ ամուսինս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ». ու անոր անունը 10Զաբուղոն կոչեց։
21Անկէ ետք աղջիկ մը ծնաւ, եւ անոր անունը 11Դինա կոչեց։
22Աստուած յիշեց Ռաքէլը. Աստուած անոր մտիկ ըրաւ ու անոր արգանդը բացաւ.
23ուստի յղացաւ եւ որդի մը ծնաւ, ու ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս 12վերցուց»։
24Անոր անունը 13Յովսէփ կոչեց եւ ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։
ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՍԱԿԱՐԿԷ ԼԱԲԱՆԻ ՀԵՏ
25Երբ Ռաքէլ Յովսէփը ծնաւ, Յակոբ Լաբանի ըսաւ. «Ուղարկէ՛ զիս՝ որ իմ տեղս ու երկիրս երթամ։
26Տո՛ւր ինծի իմ կիներս՝ որոնց համար քեզի ծառայեցի, եւ զաւակներս, որպէսզի երթամ. քանի որ քեզի ըրած ծառայութիւնս դո՛ւն գիտես»։
27Լաբան անոր ըսաւ. «Եթէ քու 14առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղերսե՛մ, կեցի՛ր. քանի 15նկատեցի թէ Տէրը քու պատճառովդ զիս օրհնեց»։
28Եւ ըսաւ. «Իմացո՛ւր ինծի քու վարձքդ, ու պիտի վճարեմ»։
29Ան ալ անոր ըսաւ. «Դուն գիտես թէ ի՛նչպէս ծառայեցի քեզի, եւ քու խաշինքդ ի՛նչպէս էր իմ քովս.
30որովհետեւ իմ գալէս առաջ քիչ էր քու ունեցածդ, ու յոյժ շատցաւ եւ Տէրը քեզ օրհնեց իմ գալովս։ Հիմա ես ալ ի՛մ տանս համար ե՞րբ պիտի աշխատիմ»։
31Ան ալ ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ տամ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի ոչի՛նչ տուր։ Եթէ սա՛ բանը ինծի ընես, դարձեալ քու հօտերդ կ’արածեմ ու կը պահեմ։
32Այսօր քու բոլոր հօտերուդ մէջէն անցնիմ, անկէ բոլոր պիսակաւոր ու խայտաբղէտ ոչխարները, բոլոր սեւ ոչխարները, եւ խայտաբղէտ ու պիսակաւոր այծերը զատեմ. իմ վարձքս անո՛նք ըլլան։
33Եւ իմ արդարութիւնս քու առջեւդ սա՛պէս պիտի 16յայտնուի 17ասկէ ետք՝՝, երբ վարձքս ստուգես։ Իմ քովս գտնուող ամէն պիսակաւոր ու խայտաբղէտ չեղող այծ, եւ սեւ չեղող ոչխար՝ թող գողցուած սեպուի»։
34Լաբան ըսաւ. «Քու ըսածիդ համաձայն թող ըլլայ»։
35Եւ այդ օրը 18զատեց բոլորախայտ ու խայտաբղէտ նոխազները, բոլոր պիսակաւոր եւ խայտաբղէտ այծերը, ամէն ճերմակ ունեցողը, ու բոլոր սեւ ոչխարները, եւ իր որդիներուն ձեռքը տուաւ.
36ու երեք օրուան ճամբայի միջոց մը դրաւ իր եւ Յակոբի միջեւ։ Յակոբ Լաբանի մնացեալ հօտերը կ’արածէր։
37Յակոբ իրեն կաղամախիի, նշենիի ու սօսիի դալար ճպոտներ առաւ, եւ անոնց կեղեւները տեղ-տեղ հանեց, այնպէս որ ճպոտներուն մէջ եղած ճերմակը կ’երեւնար։
38Իր կեղուած ճպոտները գուռերուն՝ այսինքն 19ջրարբներուն մէջ դրաւ, խմելու եկող հօտերուն առջեւ. որպէսզի ոչխարները տաքնան, երբ խմելու գան։
39Ոչխարները ճպոտներուն առջեւ կը տաքնային, ու բոլորախայտ, պիսակաւոր եւ խայտաբղէտ 20գառներ կը ծնանէին։
40Յակոբ կը զատէր գառները, ու հօտերուն երեսը կը 21դարձնէր դէպի Լաբանի հօտերուն մէջ եղած բոլորախայտ եւ բոլոր սեւ ոչխարներուն. իր հօտերը զատ դրաւ, ու զանոնք Լաբանի ոչխարներուն քով չդրաւ։
41Երբ զօրաւոր ոչխարները կը տաքնային, Յակոբ այդ ճպոտները ոչխարներուն աչքերուն առջեւ՝ գուռերուն մէջ կը դնէր, որպէսզի ճպոտներուն առջեւ տաքնան.
42բայց թալկացած ոչխարներուն համար չէր դներ։ Այսպէս՝ թալկացածները Լաբանի, ու զօրաւորները՝ Յակոբի կ’ըլլային։
43Եւ մարդը չափազանց բարգաւաճեցաւ, ու շատ ոչխարներ, ստրկուհիներ եւ ստրուկներ, ուղտեր ու էշեր ունեցաւ։