Loading...

Genesis 31

Genesis 30  ‹  Genesis 31  ›  Genesis 32  »  Exodus


ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՓԱԽՉԻ ԼԱԲԱՆԷՆ

1

Յակոբ լսեց Լաբանի որդիներուն խօսածները, որոնք կ’ըսէին. «Յակոբ մեր հօր ամբողջ ունեցածը առաւ, ու այս ամբողջ փառքը մեր հօր 1ստացուածքէն վաստկեցաւ»։

2

Յակոբ Լաբանի երեսին նայեցաւ, եւ ահա՛ իրեն հանդէպ 2առաջուան պէս չէր։

3

Տէրը Յակոբի ըսաւ. «Վերադարձի՛ր հայրերուդ երկիրը եւ ազգականներուդ, ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։

4

Յակոբ մէկը ղրկեց, Ռաքէլն ու Լիան դաշտը՝ իր ոչխարներուն քով կանչել տուաւ,

5

եւ անոնց ըսաւ. «Ես կը տեսնեմ թէ ձեր հօր երեսը առաջուան պէս չէ ինծի հանդէպ. բայց իմ հօրս Աստուածը ինծի հետ եղաւ։

6

Դուք գիտէ՛ք թէ իմ ամբողջ ոյժովս ձեր հօր ծառայեցի.

7

իսկ ձեր հայրը զիս խաբեց, եւ վարձքս տա՛սը անգամ փոխեց. բայց Աստուած իրեն չթոյլատրեց՝ որ ինծի չարիք ընէ։

8

Որովհետեւ եթէ ան սա՛ ըսէր. “Քու վարձքդ պիսակաւորնե՛րը պիտի ըլլան”, բոլոր ոչխարները պիսակաւոր կը ծնանէին, ու եթէ սա՛ ըսէր. “Քու վարձքդ բոլորախայտնե՛րը պիտի ըլլան”, բոլոր ոչխարները բոլորախայտ կը ծնանէին։

9

Ա՛յսպէս՝ Աստուած ձեր հօր խաշինքը կորզեց եւ ինծի տուաւ։

10

Ոչխարներուն տաքցած ատենը՝ աչքերս վերցուցի ու երազի մէջ տեսայ, եւ ահա՛ ոչխարներուն հետ զուգաւորող նոխազներն ու խոյերը՝ բոլորն ալ բոլորախայտ, պիսակաւոր եւ գորշախայտ էին։

11

Աստուծոյ հրեշտակը երազի մէջ ինծի ըսաւ. “Յակո՛բ”, ու ես ըսի. “Ահա՛ հոս եմ”։

12

Եւ ըսաւ. “Այժմ աչքերդ վերցո՛ւր, ու նայէ՛ ոչխարներուն հետ զուգաւորող նոխազներուն. բոլորը բոլորախայտ, պիսակաւոր եւ գորշախայտ են, քանի որ Լաբանի բոլոր քեզի ըրածները տեսայ։

13

Ե՛ս եմ Բեթէլի Աստուածը, ուր արձան օծեցիր ու հոն ինծի ուխտ ըրիր։ Հիմա կանգնէ՛, գնա՛ այս երկրէն եւ ազգականներուդ երկիրը վերադարձիր”»։

14

Ռաքէլ ու Լիա անոր պատասխանեցին. «Տակաւին մեր հօր տունը՝ մեզի համար բաժին եւ ժառանգութիւն կա՞յ։

15

Մենք օտարազգիներ չսեպուեցա՞նք անոր, քանի որ մեզ ծախեց ու մեր դրամն ալ ամբո՛ղջովին կերաւ։

16

Որովհետեւ ամբողջ հարստութիւնը՝ որ Աստուած մեր հօրմէն կորզեց, մե՛րն է եւ մեր որդիներո՛ւնն է. ու հիմա՝ ի՛նչ որ Աստուած քեզի ըսաւ, ըրէ՛»։

17

Ուստի Յակոբ կանգնեցաւ, իր որդիներն ու կիները ուղտերու վրայ հեծցուց,

18

եւ իր ամբողջ խաշինքն ու իր ամբողջ ինչքը՝ որ վաստկած էր — իր ստացած խաշինքը՝ որ վաստկած էր Միջագետքի մէջ — տարաւ դէպի Քանանի երկիրը, իր հօր՝ Իսահակի երթալու համար։

19

Լաբան իր ոչխարները խուզելու գացած էր, եւ Ռաքէլ իր հօր 3ընտանեկան կուռքերը՝՝ գողցաւ։

20

Յակոբ ասորի 4Լաբանէն գաղտնի փախաւ՝՝, քանի իր փախչիլը չիմացուց անոր։

21

Ա՛յսպէս՝ ան իր ամբողջ ունեցածով փախաւ. կանգնեցաւ, Եփրատ գետէն անցաւ, եւ իր երեսը դէպի Գաղաադ լեռը ուղղեց։

22

Երրորդ օրը՝ Յակոբի փախչիլը Լաբանի պատմուեցաւ։

23

Ուստի ինք՝ իր եղբայրները հետը առնելով՝ զայն հետապնդեց եօթը օրուան ճամբայ, ու անոր ետեւէն հասաւ Գաղաադ լեռը։

24

Գիշերը՝ երազի մէջ՝ Աստուած ասորի Լաբանի եկաւ, եւ անոր ըսաւ. «Զգուշացի՛ր՝ որ Յակոբի լաւ կամ գէշ չխօսիս»։

25

Յետոյ Լաբան հասաւ Յակոբի։ Յակոբ իր վրանը լեռը 5լարած էր. Լաբան ալ իր եղբայրներուն հետ Գաղաադ լեռը լարեց իր վրանը։

26

Լաբան Յակոբի ըսաւ. «Ի՞նչ է այս ըրածդ, որ 6ինձմէ գաղտնի փախար՝՝, եւ իմ աղջիկներս՝ սուրով առնուած գերիներու պէս վարեցիր։

27

Ինչո՞ւ փախչիլդ գաղտնի պահեցիր եւ ինձմէ 7փախար առանց ինծի իմացնելու, որ քեզ ուրախութեամբ, երգերով, թմբուկներով եւ քնարներով ուղարկէի։

28

Չձգեցիր ինծի՝ որ որդիներս ու աղջիկներս համբուրէի. հիմա այս բանը անմտութեամբ ըրիր։

29

Ձեզի չարիք ընելու զօրութիւնը ունիմ ձեռքիս մէջ. բայց ձեր հօր Աստուածը՝ երէկ գիշեր ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. “Զգուշացի՛ր՝ որ Յակոբի լաւ կամ գէշ չխօսիս”։

30

Հիմա որ գացեր ես՝ քու հօրդ տունը շատ կարօտցած ըլլալուդ համար, ինչո՞ւ իմ աստուածներս գողցած ես»։

31

Յակոբ Լաբանի պատասխանեց. «Գաղտնի երթալուս պատճառը այն էր՝ որ վախցայ, քանի որ ըսի. “Թերեւս քու աղջիկներդ ինձմէ առեւանգես”։

32

Բայց քու աստուածներդ որո՛ւն քով որ գտնես, անիկա թող ողջ չմնայ։ Մեր եղբայրներուն առջեւ ճանչցի՛ր ինչ որ քուկդ է իմ քովս, եւ ա՛ռ». քանի Յակոբ չէր գիտեր թէ Ռաքէլ զանոնք գողցեր էր։

33

Լաբան մտաւ Յակոբի վրանը, Լիայի վրանը, ու երկու աղախիններուն վրանը, բայց չգտաւ. յետոյ Լիայի վրանէն ելաւ եւ Ռաքէլի վրանը մտաւ։

34

Ռաքէլ առաւ ընտանեկան կուռքերը, զանոնք ուղտի պատատին մէջ դրաւ, ու վրան նստաւ։ Լաբան ամբողջ վրանը զննեց, բայց չգտաւ։

35

Ան ալ իր հօր ըսաւ. «Իմ տիրոջս աչքերուն ծանր չերեւնայ՝ որ քու առջեւդ չեմ կրնար ոտքի ելլել, քանի որ կիներու սովորութեան մէջ եմ»։ Այսպէս խուզարկեց, բայց ընտանեկան կուռքերը չգտաւ։

36

Յակոբ բորբոքեցաւ, եւ Լաբանի հետ կը վիճէր։ Յակոբ Լաբանի պատասխանեց. «Ի՞նչ է յանցանքս, ի՞նչ է մեղքս, որ խանդով զիս հալածեցիր։

37

Քանի իմ բոլոր առարկաներս խառնեցիր, քու տանդ բոլոր առարկաներէն ի՛նչ որ գտար՝ հո՛ս դիր, իմ եղբայրներուս ու քու եղբայրներուդ առջեւ, որպէսզի երկուքիս միջեւ վճիռ տան։

38

Լման քսան տարի է որ քեզի հետ եմ. մաքիներդ եւ այծերդ չվիժեցան, ու հօտիդ խոյերը չկերայ։

39

Գազաններէն բզքտուածը չբերի քեզի, վնասը ե՛ս կը կրէի. ցերեկը գողցուածը եւ գիշերը գողցուածը ի՛մ ձեռքէս կը պահանջէիր։

40

Ա՛յսպէս էի. ցերեկը՝ 8տաքութիւնը զիս կը սպառէր, ու գիշերը՝ սառնամանիքը. աչքերէս քունս կը փախչէր։

41

Ա՛յսպէս եղայ քսան տարի՝ քու տանդ մէջ. երկու աղջիկներուդ համար՝ տասնչորս տարի ծառայեցի քեզի, իսկ ոչխարներուդ համար՝ վեց տարի ծառայեցի. եւ վարձքս տա՛սը անգամ փոխեցիր։

42

Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամի Աստուածն ու Իսահակի Երկիւղը ինծի հետ չըլլար, ի՛րապէս զիս հիմա պարապ ձեռքով կ’ուղարկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս եւ ձեռքիս յոգնութիւնը տեսաւ, ու երէկ գիշեր քեզ կշտամբեց»։


ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱԿՈԲԻ ԵՒ ԼԱԲԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

43

Լաբան Յակոբի պատասխանեց. «Այս աղջիկները ի՛մ աղջիկներս են, այս որդիները ի՛մ որդիներս են, այս ոչխարները ի՛մ ոչխարներս են, եւ ամէն ինչ որ կը տեսնես՝ ի՛մս են։ Ի՞նչ ընեմ այսօր՝ այս աղջիկներուս, կամ իրենց ծնած որդիներուն։

44

Ուստի հիմա եկո՛ւր, ես ու դուն ուխտ մը կնքենք, որ իմ եւ քու միջեւ վկայութեան համար ըլլայ»։

45

Յակոբ քար մը առաւ, ու զայն իբր արձան կանգնեցուց։

46

Յակոբ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Քարե՛ր ժողվեցէք»։ Անոնք ալ քարեր առին եւ կուտակեցին, ու հոն՝ կոյտին վրայ՝ հաց կերան։

47

Լաբան զայն 9Եկար-Սահատութա կոչեց, բայց Յակոբ զայն 10Գաղաադ կոչեց։

48

Լաբան ըսաւ. «Այս կոյտը իմ ու քու միջեւ վկայ մըն է այսօր». ատոր համար անոր անունը Գաղաադ կոչուեցաւ։

49

11Մասփա ալ կոչուեցաւ, քանի որ ըսաւ. «Երբ իրարմէ 12զատուած ըլլանք՝ Տէ՛րը թող հսկէ՝՝ իմ ու քու միջեւ։

50

Եթէ աղջիկներս տառապեցնես, կամ եթէ աղջիկներէս զատ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ ո՛չ մէկ մարդ կայ, բայց ահա՛ իմ ու քու միջեւ Աստուա՛ծ վկայ է»։

51

Նաեւ Լաբան Յակոբի ըսաւ. «Ահա՛ այս կոյտը, եւ ահա՛ իմ ու քու միջեւ իմ կանգնեցուցած արձանս։

52

Այս կոյտը վկայ ըլլայ, եւ այս արձանը վկայ ըլլայ, որ այս կոյտէն պիտի չանցնիմ քեզի գալու, ու դուն այս կոյտէն եւ այս արձանէն պիտի չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։

53

Աբրահամի Աստուածը ու Նաքովրի Աստուածը, անոնց հօր Աստուածը թող դատէ մեր միջեւ»։ Յակոբ իր հօր՝ Իսահակի Երկիւղով երդում ըրաւ։

54

Յակոբ զոհեր մատուցանեց լերան վրայ, եւ իր եղբայրները հաց ուտելու հրաւիրեց. հաց կերան ու լեռը գիշերեցին։

55

Լաբան առտուն՝ կանուխ ելաւ, իր որդիները եւ իր աղջիկները համբուրեց, ու օրհնեց զանոնք։ Ապա Լաբան գնաց եւ իր տեղը վերադարձաւ։



1 Եբր.՝ ունեցածէն
2 Եբր.՝ երէկուան ու նախորդ օրուան
3 Եբր.՝ թերափիմները
4 Եբր.՝ Լաբանի սիրտը գողցաւ
5 Եբր.՝ զարկած
6 Եբր.՝ սիրտս գողցար
7 Եբր.՝ գողցուեցար
8 Եբր.՝ չորութիւնը
9 Այսինքն՝ վկայութեան կոյտ (քաղդէարէն)
10 Այսինքն՝ վկայութեան կոյտ (եբրայերէն)
11 Այսինքն՝ դիտանոց
12 Եբր.՝ ծածկուած ըլլանք՝ Տէ՛րը թող դիտէ