Loading...

Genesis 32

Genesis 31  ‹  Genesis 32  ›  Genesis 33  »  Exodus


ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՍԱՒԻ ՀԱՆԴԻՊԵԼՈՒ

1

Յակոբ իր ճամբան գնաց, ու Աստուծոյ հրեշտակները անոր հանդիպեցան։

2

Երբ Յակոբ զանոնք տեսաւ՝ ըսաւ. «Ասիկա Աստուծոյ բանա՛կն է», եւ այդ տեղին անունը 1Մանայիմ կոչեց։

3

Յակոբ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց իր եղբօր Եսաւի՝ դէպի Սէիրի երկիրը, Եդովմի դաշտավայրը,

4

եւ անոնց պատուիրեց. «Իմ տիրոջս՝ Եսաւի սա՛ ըսէք. “Քու ծառադ Յակոբ սա՛ կ’ըսէ. "Լաբանի քով պանդխտացայ ու մինչեւ հիմա հոն կեցայ։

5

Ես ունիմ եզներ, էշեր, ոչխարներ, ստրուկներ եւ ստրկուհիներ, ու ղրկեցի իմ տիրոջս իմացնելու, որպէսզի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ"”»։

6

Պատգամաւորները վերադարձան Յակոբի եւ ըսին. «Քու եղբօրդ Եսաւի գացինք, ան ալ չորս հարիւր մարդով կու գայ քեզ դիմաւորելու»։

7

Յակոբ չափազանց վախցաւ ու տագնապեցաւ։ Իրեն հետ եղող ժողովուրդը, ոչխարները, արջառները եւ ուղտերը երկու խումբի բաժնեց,

8

ու ըսաւ. «Եթէ Եսաւ մէկ խումբին հասնի եւ զայն զարնէ, մնացեալ խումբը կ’ազատի»։

9

Ու Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս՝ Աբրահամի Աստուածը, եւ իմ հօրս՝ Իսահակի Աստուածը, Տէ՛ր, որ ըսիր ինծի. “Վերադարձի՛ր երկիրդ ու ազգականներուդ, եւ քեզի բարիք պիտի ընեմ”։

10

2Արժանի չեմ՝՝ այն բոլոր կարեկցութիւններուն եւ ամբողջ ճշմարտութեան, որոնցմով դուն ծառայիդ հետ վարուեցար. քանի որ իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն, ու հիմա երկու խումբի տէր եղայ։

11

Կ’աղերսե՛մ, ազատէ՛ զիս եղբօրս՝ Եսաւի ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ թերեւս գայ եւ զարնէ զիս, ու մայրը՝ որդիներով։

12

Դո՛ւն ըսիր թէ “անշո՛ւշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ, եւ քու զարմդ ծովու աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չի հաշուուիր”»։

13

Այդ գիշերը հոն իջեւանեցաւ, ու իր ձեռքը եղածէն ընծաներ պատրաստեց իր եղբօր՝ Եսաւի համար.—

14

երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր մաքի ու քսան խոյ,

15

երեսուն ծիծ տուող ուղտ՝ իրենց ձագերով, քառասուն կով եւ տասը ցուլ, քսան մատակ էշ ու տասը աւանակ։

16

Ամէն մէկ հօտը՝ զատ-զատ իր ծառաներուն ձեռքը յանձնեց, եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Առջե՛ւս անցէք, ու 3հօտերը իրարմէ քի՛չ մը հեռու թողուցէք՝՝»։

17

Առջեւէն գացողին պատուիրեց. «Երբ եղբայրս՝ Եսաւ քեզի հանդիպի եւ քեզի հարցնէ. “Դուն որո՞ւնն ես, ո՞ւր կ’երթաս, ու այս առջեւդ եղողները որո՞ւնն են”,

18

ըսէ՛. “Քու ծառայիդ՝ Յակոբինն է. իմ տիրոջս՝ Եսաւի ղրկած ընծան է, եւ ահա՛ ինք ալ մեր ետեւն է”»։

19

Նոյնպէս երկրորդին, երրորդին ու հօտերուն բոլոր հետեւողներուն պատուիրեց. «Ա՛յս խօսքին համաձայն ըսէք Եսաւի՝ երբ զինք գտնէք,

20

նաեւ ըսէ՛ք. “Ահա՛ քու ծառադ՝ Յակոբ ալ մեր ետեւն է”»։ Արդարեւ ըսաւ. «Առջեւէս գացող ընծաներով զինք կը խաղաղեցնեմ, եւ անկէ ետք իր երեսը կը տեսնեմ. թերեւս 4զիս ընդունի՝՝»։

21

Ա՛յսպէս՝ ընծաները անոր առջեւէն գացին, իսկ ինք այդ գիշերը հոն իջեւանեցաւ՝ բանակավայրին մէջ։

22

Այդ գիշերը ելաւ, իր երկու կիները, իր երկու ստրկուհիներն ու իր տասնմէկ զաւակները առաւ, եւ Յաբոկի անցքէն անցաւ։

23

Զանոնք առաւ ու վտակէն անցուց. իր ամբողջ ունեցածն ալ անցուց։


ՅԱԿՈԲ ԿԸ ԳՕՏԵՄԱՐՏԻ ՓԱՆՈՒԷԼԻ ՄԷՋ

24

Յակոբ մինակ մնաց, եւ մարդ մը կը գօտեմարտէր իրեն հետ՝ մինչեւ արշալոյսին 5ծագիլը։

25

Երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիղին դպաւ, ու Յակոբի զիստին ամոլաջիղը 6խախտեցաւ՝ անոր հետ գօտեմարտած ատեն։

26

Եւ անիկա ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, քանի որ արշալոյսը ծագեցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ արձակեր քեզ՝ մինչեւ որ զիս չօրհնես»։

27

Անիկա իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։

28

Անիկա ըսաւ. «Ա՛լ քու անունդ Յակոբ 7չկոչուի, հապա՝ 8Իսրայէլ. որովհետեւ Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ 9գօտեմարտեցար, եւ յաղթեցիր»։

29

Յակոբ հարցուց. «Կ’աղերսե՛մ, անո՛ւնդ իմացուր ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ անունս կը հարցնես», եւ հոն օրհնեց զինք։

30

Յակոբ այդ տեղին անունը 10Փանուէլ կոչեց, քանի որ ըսաւ. «Աստուած երես առ երես տեսայ, բայց իմ անձս ողջ մնաց»։

31

Երբ Փանուէլէն անցաւ, արեւը անոր վրայ ծագեցաւ, ու իր զիստին վրայ կը կաղար։

32

Ատոր համար Իսրայէլի որդիները՝ զիստին վրայի 11թմրած ջիղը՝՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբի զիստին 12թմրած ջիղին՝՝ դպաւ։



1 Այսինքն՝ երկու բանակներ
2 Եբր.՝ Շատ պզտիկ եմ
3 Եբր.՝ միջո՛ց դրէք հօտի եւ հօտի միջեւ
4 Եբր.՝ երեսս բարձրացնէ
5 Եբր.՝ ելլելը
6 Կամ՝ թմրեցաւ
7 Եբր.՝ չըսուի
8 Այսինքն՝ Աստուծոյ հետ մարտնչող
9 Եբր.՝ իշխեցիր
10 Այսինքն՝ Աստուծոյ երեսը
11 Կամ՝ ամոլաջիղը
12 Կամ՝ ամոլաջիղին