Loading...

Genesis 33

Genesis 32  ‹  Genesis 33  ›  Genesis 34  »  Exodus


ՅԱԿՈԲ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԵՍԱՒԻ

1

Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, եւ ահա՛ Եսաւ կու գար, ու անոր հետ՝ չորս հարիւր մարդ։ Ուստի իր զաւակները Լիայի, Ռաքէլի եւ երկու ստրկուհիներուն բաժնեց։

2

Ստրկուհիները առջեւը դրաւ՝ իրենց զաւակներով, Լիան իր զաւակներով՝ ետեւը, ու Ռաքէլը եւ Յովսէփը՝ բոլորին ետեւը։

3

Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ, ու եօթը անգամ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեց՝ մինչեւ որ իր եղբօր մօտեցաւ։

4

Եսաւ վազեց զայն դիմաւորելու. զայն գրկեց, անոր վիզին վրայ ինկաւ, զայն համբուրեց, եւ լացին։

5

Եսաւ իր աչքերը վերցուց, կիներն ու զաւակները տեսաւ, եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ի՞նչդ են»։ Ան ալ ըսաւ. «Աստուծոյ քու ծառայիդ 1պարգեւած զաւակներն են»։

6

Այն ատեն ստրկուհիներն ու անոնց զաւակները մօտեցան եւ երկրպագեցին։

7

Լիա ալ մօտեցաւ իր զաւակներով, ու երկրպագեցին։ Յետոյ Յովսէփ եւ Ռաքէլ մօտեցան ու երկրպագեցին։

8

Եսաւ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս ամբողջ խումբդ, որուն հանդիպեցայ». Յակոբ ըսաւ. «Իմ տիրոջս 2առջեւ շնորհք գտնելու համար է»։

9

Եսաւ ըսաւ. «Ես շատ ունիմ, եղբա՛յրս. քուկդ՝ քեզի՛ ըլլայ»։

10

Յակոբ ըսաւ. «Ո՛չ, կ’աղերսե՛մ։ Եթէ այժմ առջեւդ շնորհք գտայ, իմ ձեռքէս ընդունէ՛ ընծաս. քանի որ քու երեսդ՝ Աստուծոյ երեսը տեսնելու պէս տեսայ, եւ ինծի հաճեցար։

11

Կ’աղերսե՛մ, ա՛ռ քեզի բերուած 3ընծաս. որովհետեւ Աստուած ողորմեցաւ ինծի, ու ես ամէն բան ունիմ»։ Եւ ստիպեց զայն. ան ալ ընդունեց։

12

Ապա ըսաւ. «Մեկնի՛նք, երթա՛նք, ու ես քու առջեւէդ կը քալեմ»։

13

Յակոբ անոր ըսաւ. «Իմ տէրս գիտէ թէ զաւակները փափուկ են, եւ ինծի հետ եղող ոչխարներն ու արջառները կաթնտու են. եթէ մէ՛կ օր 4բռնութեամբ վարեն զանոնք՝՝, բոլոր ոչխարները պիտի մեռնին։

14

Կ’աղերսե՛մ, իմ տէրս թող անցնի իր ծառային առջեւ. ու ես՝ կամաց-կամաց 5երթամ, առջեւս եղող 6անասուններուն ոտքով եւ զաւակներուն ոտքով, մինչեւ որ տիրոջս՝ Սէիր հասնիմ»։

15

Եսաւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի հետ եղող ժողովուրդէն մաս մը քու քովդ ձգեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք կայ. թող շնորհք գտնեմ տիրոջս առջեւ»։

16

Այսպէս Եսաւ այդ օրը իր ճամբան վերադարձաւ՝ դէպի Սէիր։

17

Յակոբ Սոկքովթ մեկնեցաւ, ու իրեն տուն մը կառուցանեց, եւ իր խաշինքին տաղաւարներ շինեց. ատոր համար այդ տեղին անունը 7Սոկքովթ կոչուեցաւ։

18

Յակոբ՝ Միջագետքէն եկած ատեն՝ Սիւքեմացիներուն Սաղէմ քաղաքը հասաւ, որ Քանանի երկրին մէջ է, ու քաղաքին առջեւ բանակեցաւ։

19

Արտին բաժինը, ուր իր վրանը լարած էր, Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի որդիներէն գնեց հարիւր կտոր 8արծաթի։

20

Եւ հոն զոհասեղան մը կանգնեցուց, ու անունը 9Էլէլօհէ-Իսրայէլ՝՝ կոչեց։



1 Եբր.՝ ողորմած
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ օրհնութիւնս
4 Եբր.՝ ճնշուին
5 Եբր.՝ տանիմ
6 Եբր.՝ ստացուածքին
7 Այսինքն՝ տաղաւարներ
8 Կամ՝ ոսկիի
9 Այսինքն՝ Աստուած՝ Իսրայէլի Աստուածը