Loading...

Genesis 34

Genesis 33  ‹  Genesis 34  ›  Genesis 35  »  Exodus


ԴԻՆԱ ԿԸ ԲՌՆԱԲԱՐՈՒԻ

1

Դինա, Լիայի Յակոբի ծնած աղջիկը, դուրս ելաւ՝ այդ երկրին աղջիկները տեսնելու։

2

Այդ երկրին իշխանը՝ Խեւացի Եմովրի որդին Սիւքէմ, տեսաւ զայն, եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ, եւ լլկեց զայն։

3

Անոր անձը Յակոբի Դինա աղջիկին յարեցաւ. սիրեց երիտասարդուհին, ու երիտասարդուհիին 1քաղցրութեամբ խօսեցաւ։

4

Սիւքէմ իր հօր՝ Եմովրի ըսաւ. «Այս աղջիկը կի՛ն առ ինծի»։

5

Յակոբ լսեց թէ ան իր աղջիկը՝ Դինան պղծեց. բայց իր որդիները իր խաշինքին հետ դաշտն էին, եւ մինչեւ անոնց գալը՝ Յակոբ լռեց։

6

Սիւքէմի հայրը՝ Եմովր՝ Յակոբի գնաց, որպէսզի անոր հետ խօսի։

7

Յակոբի որդիները դաշտէն եկան՝ երբ լսեցին։ Մարդիկը վշտացած ու շատ բորբոքած էին, քանի որ Յակոբի աղջիկին հետ պառկելով՝ ան Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործած էր, որ այդպէս ըլլալու չէր։

8

Եմովր անոնց հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իմ Սիւքէմ որդիիս անձը ձեր աղջիկին սիրահարեցաւ. կ’աղերսե՛մ, զայն տուէ՛ք անոր իբր կին,

9

եւ մեզի խնամի՛ եղէք. ձեր աղջիկները մեզի՛ տուէք, մեր աղջիկները ձեզի՛ առէք,

10

ու մեզի՛ հետ բնակեցէք, եւ այս երկիրը ձե՛ր առջեւ պիտի ըլլայ. անոր մէջ բնակեցէ՛ք, առուտո՛ւր ըրէք, ու անոր մէջ կալուածնե՛ր ստացէք»։

11

Սիւքէմ աղջիկին հօր եւ անոր եղբայրներուն ըսաւ. «Թող շնորհք գտնեմ ձեր 2առջեւ, ու ի՛նչ որ ինծի ըսէք՝ կու տամ։

12

Խնդրեցէ՛ք ինձմէ յոյժ շատ օժիտ եւ պարգեւ, ու պիտի տամ ի՛նչպէս որ ինծի ըսէք. միայն թէ երիտասարդուհին ինծի տուէք՝ իբր կին»։

13

Յակոբի որդիները խաբէութեա՛մբ պատասխանեցին Սիւքէմի եւ անոր հօր՝ Եմովրի, (քանի որ ան իրենց Դինա քոյրը պղծած էր,)

14

ու անոնց ըսին. «Մենք այս բանը չենք կրնար ընել, այսինքն մեր քոյրը անթլփատ մարդու մը տալ, որովհետեւ ատիկա մեզի նախատինք է։

15

Միայն սա՛ պայմանով կը համաձայնինք ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ ամէն արու թլփատուելով՝ մեզի պէս ըլլաք։

16

Այն ատեն մեր աղջիկները ձեզի կու տանք եւ ձեր աղջիկները մեզի կ’առնենք, ձեզի հետ կը բնակինք ու ձեզի հետ մէկ ժողովուրդ կ’ըլլանք։

17

Բայց եթէ մեզի մտիկ չընելով՝ չթլփատուիք, մենք մեր աղջիկը կ’առնենք եւ կ’երթանք։

18

Անոնց խօսքը Եմովրի ու Եմովրի որդիին՝ Սիւքէմի 3հաճելի եղաւ։

19

Այդ երիտասարդը չուշացուց այս բանը ընելը, որովհետեւ Յակոբի 4աղջիկէն կ’ախորժէր՝՝, եւ իր հօր տան մէջ եղողներուն ամենէն պատուաւորն էր։

20

Եմովր ու անոր որդին՝ Սիւքէմ իրենց քաղաքին դուռը գացին, եւ իրենց քաղաքին մարդոց հետ խօսելով՝ ըսին.

21

«Այս մարդիկը խաղաղութեամբ կը վարուին մեզի հետ. ուստի այս երկրին մէջ թող բնակին ու անոր մէջ առուտուր ընեն, քանի ահա՛ երկիրը ընդարձակ է անոնց առջեւ։ Եկէ՛ք, անոնց աղջիկները մեզի առնենք իբր կին, եւ մեր աղջիկները անոնց տանք։

22

Բայց այդ մարդիկը՝ մեզի հետ բնակելու, մէկ ժողովուրդ ըլլալու համար՝ միայն սա՛ պայմանով կը համաձայնին մեզի հետ, եթէ իրենց թլփատուելուն պէս՝ մեր մէջէն ամէն արու թլփատուի։

23

Անոնց խաշինքը, ինչքն ու բոլոր անասունները մերը չե՞ն ըլլար. միայն թէ համաձայնինք անոնց հետ՝ որ մեզի հետ բնակին»։

24

Եմովրի եւ անոր որդիին՝ Սիւքէմի մտիկ ըրին բոլոր անոնք՝ որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէին. ու ամէն արու՝ որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէր, թլփատուեցաւ։

25

Երրորդ օրը, երբ անոնք կոտտանքի մէջ էին, Յակոբի երկու որդիները՝ Շմաւոն եւ Ղեւի, Դինայի եղբայրները, իւրաքանչիւրը իր սուրը առաւ, համարձակ քաղաքը մտան ու բոլոր արուները սպաննեցին։

26

Եմովրը եւ անոր որդին՝ Սիւքէմը սուրի բերանէ անցուցին, Սիւքէմի տունէն Դինան առին ու դուրս ելան։

27

Յակոբի որդիները սպաննուածներուն վրայ գացին եւ քաղաքը կողոպտեցին, քանի որ իրենց քոյրը պղծուած էր։

28

Անոնց ոչխարները, արջառներն ու էշերը, քաղաքին մէջ եղածը եւ դաշտին մէջ եղածը,

29

ու անոնց ամբողջ գոյքերը առին։ Բոլոր մանուկներն ու կիները գերեվարեցին, եւ տուներուն մէջ եղած ամէն ինչ կողոպտեցին։

30

Յակոբ Շմաւոնի ու Ղեւիի ըսաւ. «Զիս այս երկրին բնակիչներուն, Քանանացիներուն եւ Փերեզացիներուն մէջ 5ատելի ընելով՝ զիս դժբախտացուցիք. իմ 6մարդիկս սակաւաթիւ ըլլալով՝ անոնք ինծի դէմ պիտի հաւաքուին, զիս պիտի զարնեն, ու ես եւ իմ տունս պիտի բնաջնջուինք»։

31

Իսկ անոնք ըսին. «Հապա ան պոռնիկի՞ պէս վարուելու էր մեր քրոջ հետ»։



1 Եբր.՝ սիրտին
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
4 Կամ՝ աղջիկին կը բաղձար
5 Եբր.՝ գարշահոտ
6 Եբր.՝ այր մարդիկս