Loading...

Genesis 35

Genesis 34  ‹  Genesis 35  ›  Genesis 36  »  Exodus


ԱՍՏՈՒԱԾ Կ’ՕՐՀՆԷ ՅԱԿՈԲԸ

1

Աստուած Յակոբի ըսաւ. «Կանգնէ՛, բարձրացի՛ր դէպի Բեթէլ, հո՛ն բնակէ ու հո՛ն զոհասեղան մը շինէ Աստուծոյ, որ քեզի երեւցաւ երբ կը փախչէիր եղբօրդ՝ Եսաւի առջեւէն»։

2

Յակոբ իր ընտանիքին եւ բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ եղող 1օտար աստուածները հանեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք ու ձեր հանդերձները փոխեցէ՛ք։

3

Կանգնի՛նք, դէպի Բեթէ՛լ բարձրանանք, եւ հոն զոհասեղան մը պիտի շինեմ Աստուծոյ, որ իմ տագնապիս օրը զիս լսեց, ու գացած ճամբայիս մէջ ինծի հետ էր»։

4

Անոնք ալ իրենց ձեռքը եղած բոլոր օտար աստուածները, եւ իրենց ականջները եղած օղերը Յակոբի տուին։ Յակոբ զանոնք թաղեց Սիւքէմի մօտ եղող բեւեկնիին տակ.

5

ապա մեկնեցան։ Իրենց շրջակայ քաղաքներուն վրայ Աստուծոյ երկիւղը ինկաւ, ուստի Յակոբի որդիները չհետապնդեցին։

6

Յակոբ Քանանի երկրին մէջ եղող Լուզ՝ այսինքն Բեթէլ հասաւ, ինք ու իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը։

7

Հոն զոհասեղան մը կառուցանեց, եւ այդ տեղին անունը 2Էլ-Բեթէլ կոչեց, քանի որ իր եղբօր առջեւէն փախած ատեն՝ Աստուած հո՛ն երեւցեր էր իրեն։

8

Ռեբեկայի սնուցիչը՝ Դեբորա մեռաւ, ու Բեթէլի ներքեւը՝ կաղնիի մը տակ թաղուեցաւ։ Անոր անունը 3Ալոն-Պախութ կոչուեցաւ։

9

Աստուած դարձեալ երեւցաւ Յակոբի, երբ ան Միջագետքէն եկած էր, եւ օրհնեց զայն։

10

Աստուած անոր ըսաւ. «Քու անունդ Յակոբ է. ա՛լ անունդ Յակոբ պիտի չկոչուի, հապա Իսրայէ՛լ պիտի ըլլայ անունդ». ու անոր անունը Իսրայէլ կոչեց։

11

Աստուած անոր ըսաւ. «Ես Ամենակարող Աստուածն եմ. աճէ՛ ու բազմացի՛ր. ազգ մը, եւ ազգերու համախմբում մը պիտի ելլեն քեզմէ, ու մէջքէդ թագաւորներ պիտի ելլեն։

12

Այն երկիրը՝ որ Աբրահամի եւ Իսահակի տուի, քեզի՛ պիտի տամ. ու քեզմէ ետք՝ քու զարմի՛դ պիտի տամ այդ երկիրը»։

13

Եւ Աստուած անոր քովէն բարձրացաւ, այն 4տեղէն՝ ուր անոր հետ խօսեցաւ։

14

Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեցուց այն տեղը՝ ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ. անոր վրայ թափելիք նուէր 5ընծայեց, ու անոր վրայ իւղ թափեց։

15

Եւ Յակոբ Բեթէլ կոչեց այդ տեղին անունը, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ։


ՌԱՔԷԼԻ ՄԱՀԸ

16

Բեթէլէն մեկնեցան, ու տակաւին քիչ մը ճամբայ մնացած էր Եփրաթա հասնելու՝ երբ Ռաքէլ ծնաւ, բայց տաժանելի ծննդաբերութիւն մը ունեցաւ։

17

Մինչ ծննդաբերութեան տաժանքին մէջ էր, մանկաբարձը իրեն ըսաւ. «Մի՛ վախնար, որովհետեւ ա՛յս ալ քու որդիդ է»։

18

Երբ իր հոգին կ’ելլէր, (քանի որ մեռաւ,) անոր անունը 6Բենոնի կոչեց. բայց անոր հայրը 7Բենիամին կոչեց զայն։

19

Ռաքէլ մեռաւ, ու թաղուեցաւ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլեհէմն է։

20

Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեցուց, որ մինչեւ այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է։

21

Իսրայէլ մեկնեցաւ, եւ իր վրանը 8Միկտալ-Եդերէ անդին լարեց։

22

Երբ Իսրայէլ այդ երկրին մէջ կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօր Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ. եւ Իսրայէլ լսեց ասիկա։ Յակոբի որդիները տասներկու էին.—


ՅԱԿՈԲԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ (Ա. Մնաց. 2. 1-2)

23

Լիայի որդիները՝ Յակոբի անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն.

24

Ռաքէլի որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին.

25

Ռաքէլի Բաղղա ստրկուհիին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ.

26

եւ Լիայի Զեղփա ստրկուհիին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբի որդիները, որ Միջագետքի մէջ ծնան անոր։


ԻՍԱՀԱԿԻ ՄԱՀԸ

27

Յակոբ հասաւ իր հօր՝ Իսահակի քով, Մամբրէ՝ Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտացան։

28

Իսահակի օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան։

29

Իսահակ, ծերացած եւ իր օրերէն կշտացած, շունչը տալով՝ մեռաւ ու իր ժողովուրդին մէջ ամփոփուեցաւ. անոր որդիները՝ Եսաւ եւ Յակոբ՝ թաղեցին զայն։



1 Կամ՝ օտարազգիներու
2 Այսինքն՝ Բեթէլի Աստուածը
3 Այսինքն՝ սուգի կաղնի
4 Եբր.՝ տեղը
5 Եբր.՝ թափեց
6 Այսինքն՝ նեղութեանս որդին
7 Այսինքն՝ աջ ձեռքիս որդին
8 Այսինքն՝ հօտի աշտարակ