Genesis 37
Genesis 36 ‹ Genesis 37 › Genesis 38 » Exodus
ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
1Յակոբ իր հօր գաղթական եղած երկրին՝ Քանանի մէջ ապրեցաւ.
2ահա՛ւասիկ Յակոբի ծնունդները։ Յովսէփ տասնեօթը տարեկան էր՝ երբ իր եղբայրներուն հետ ոչխարները կ’արածէր, ու պատանի ըլլալով՝ իր հօր կիներուն՝ Բաղղայի որդիներուն եւ Զեղփայի որդիներուն հետ էր։ Յովսէփ անոնց չարախօսութիւնը իրենց հօր կը 1հաղորդէր։
3Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանի որ իր ծերութեան որդին էր ան, ու բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։
4Երբ անոր եղբայրները տեսան թէ իրենց հայրը զայն իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր՝ ատեցին զայն, եւ խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։
5Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց. եւ անոնք ա՛լ աւելի ատեցին զայն։
6Անոնց ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մտի՛կ ըրէք այս տեսած երազս։
7Ահա՛ մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք, եւ ահա՛ իմ որաս ելաւ, ուղիղ կայնեցաւ, ու ձեր որաները զայն շրջապատեցին եւ իմ որայիս երկրպագեցին»։
8Անոր եղբայրները ըսին անոր. «Ի՞րապէս մեր վրայ պիտի թագաւորես, կամ ի՞րապէս մեր վրայ պիտի տիրես». եւ անոր երազներուն ու խօսքերուն համար՝ ա՛լ աւելի ատեցին զայն։
9Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ, եւ զայն իր եղբայրներուն պատմեց՝ ըսելով. «Ահա՛ երազ մըն ալ տեսայ. ահա՛ արեւը, լուսինը եւ տասնմէկ աստղեր ինծի երկրպագեցին»։
10Երբ իր հօր ու իր եղբայրներուն պատմեց, հայրը զինք սաստեց, եւ իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ է այս տեսած երազդ. միթէ ես, մայրդ ու եղբայրներդ ի՞րապէս պիտի գանք քեզի երկրպագելու՝ մինչեւ գետին խոնարհելով»։
11Ուստի եղբայրները անոր նախանձեցան, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքը։
ՅՈՎՍԷՓ ԿԸ ԾԱԽՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍ
12Անոր եղբայրները գացին՝ որ իրենց հօր ոչխարները Սիւքէմի մէջ արածեն։
13Իսրայէլ Յովսէփի ըսաւ. «Քու եղբայրներդ Սիւքէմի մէջ չե՞ն արածեր ոչխարները. եկո՛ւր, քեզ անոնց ղրկեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ահա՛ հոս եմ»։
14Հայրը անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, գնա՛, նայէ՛ թէ քու եղբայրներդ ողջ առո՛ղջ են, եւ ոչխարները ո՛ղջ են, ու ինծի լո՛ւր մը բեր»։ Այսպէս ղրկեց զայն Քեբրոնի հովիտէն. ան ալ Սիւքէմ գնաց։
15Մարդ մը գտաւ զայն, որ դաշտին մէջ կը դեգերէր. եւ այդ մարդը հարցուց անոր. «Ի՞նչ կը փնտռես»։
16Ան ալ ըսաւ. «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ. կ’աղերսե՛մ, իմացո՛ւր ինծի, անոնք ո՞ւր կ’արածեն»։
17Այդ մարդը ըսաւ. «Ասկէ մեկնեցան, քանի որ լսեցի թէ կ’ըսէին. “Դոթայիմ երթանք”»։ Ուստի Յովսէփ իր եղբայրներուն ետեւէն գնաց, ու Դոթայիմի մէջ գտաւ զանոնք։
18Երբ զայն հեռուէն տեսան, դեռ ինք անոնց չմօտեցած՝ անոր դաւաճանեցին, որպէսզի զայն մեռցնեն։
19Իրարու ըսին. «Ահա՛ այդ 2երազ տեսնողը՝՝ կու գայ.
20ուստի հիմա եկէ՛ք, սպաննենք զայն, գուբի մը մէջ նետենք, ու ըսենք թէ “չար գազան մը լափեց զայն”. եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»։
21Երբ Ռուբէն լսեց, անոնց ձեռքէն զայն ազատեց՝ ըսելով. «3Չսպաննե՛նք զինք»։
22Ու Ռուբէն անոնց ըսաւ. «Արիւն մի՛ թափէք, բայց զինք այս գո՛ւբը նետեցէք՝ որ անապատին մէջ է, եւ անոր վրայ ձեռք մի՛ դնէք»։ Ասիկա կ’ըսէր, որպէսզի կարենայ ազատել զայն անոնց ձեռքէն՝ իր հօր վերադարձնելու համար։
23Երբ Յովսէփ իր եղբայրներուն քով հասաւ, մերկացուցին Յովսէփը իր պատմուճանէն, այսինքն իր վրայի բազմագոյն պատմուճանէն,
24առին զայն ու գուբը նետեցին. գուբը պարապ էր, մէջը ջուր չկար։
25Յետոյ նստան՝ հաց ուտելու։ Երբ իրենց աչքերը վերցուցին ու նայեցան, ահա՛ Իսմայելացիներու կարաւան մը կու գար Գաղաադէն. իրենց ուղտերը համեմներ, բալասան եւ զմուռս կը կրէին, ու կ’երթային զանոնք Եգիպտոս իջեցնելու։
26Յուդա իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ի՞նչ շահ պիտի ունենանք, եթէ մեր եղբայրը սպաննենք եւ անոր արիւնը ծածկենք։
27Եկէ՛ք զինք Իսմայելացիներո՛ւն ծախենք եւ մեր ձեռքը անոր չդպչի, քանի որ ան մեր եղբայրն ու միսն է»։ Անոր եղբայրները հաւանեցան։
28Երբ մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, իր եղբայրները Յովսէփը գուբէն վեր քաշեցին, դուրս հանեցին, եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը՝ քսան կտոր արծաթի. անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։
29Ռուբէն դէպի գուբը վերադարձաւ, ու ահա՛ Յովսէփ գուբին մէջ չէր։ Ուստի իր հագուստները պատռեց,
30իր եղբայրներուն վերադարձաւ եւ ըսաւ. «Զաւակը չկայ, ու ես ո՞ւր երթամ»։
31Եղբայրները առին Յովսէփի պատմուճանը, այծերէն նոխազ մը մորթեցին եւ պատմուճանը անոր արիւնին մէջ թաթխեցին։
32Ապա բազմագոյն պատմուճանը ղրկեցին, իրենց հօր հասցուցին ու ըսին. «Ասիկա՛ գտանք. այժմ ճանչցի՛ր թէ ասիկա քու որդիիդ պատմուճա՛նն է՝ թէ ոչ»։
33Ինք ալ զայն ճանչցաւ եւ ըսաւ. «Իմ որդիիս պատմուճանն է, չար գազան մը զայն լափած է։ Յովսէփ անշուշտ բզքտուեցաւ»։
34Յակոբ պատռեց իր հանդերձները, քուրձ 4հագաւ մէջքին վրայ, եւ որդիին համար երկար ժամանակ սգաց։
35Իր բոլոր որդիներն ու բոլոր աղջիկները կանգնեցան՝ որ զինք մխիթարեն. բայց ինք մերժեց մխիթարուիլ եւ ըսաւ. «Ես սուգով 5դժոխք պիտի իջնեմ՝ իմ որդիիս քով»։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար։
36Մադիանացիները ծախեցին զայն Եգիպտոսի մէջ, Փարաւոնի պալատականին՝ Պետափրէս թիկնապահապետին։