Genesis 38
Genesis 37 ‹ Genesis 38 › Genesis 39 » Exodus
ՅՈՒԴԱ ԵՒ ԹԱՄԱՐ
1Այն ատեն Յուդա իր եղբայրներուն քովէն իջաւ ու Ոդողոմացիի մը քով 1գնաց, որուն անունը Իրաս էր։
2Յուդա Շաւա անունով Քանանացիի մը աղջիկը տեսաւ, առաւ զայն եւ անոր մտաւ։
3Ան ալ յղացաւ, որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Էր կոչեց։
4Դարձեալ յղացաւ, որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Օնան կոչեց։
5Վերստին որդի մըն ալ ծնաւ, ու անոր անունը Սելոմ կոչեց։ Երբ զայն ծնաւ՝ Յուդա Քեզիբի մէջ էր։
6Յուդա իր անդրանիկ որդիին՝ Էրի կին մը առաւ, որուն անունը Թամար էր։
7Յուդայի անդրանիկը՝ Էր չար էր Տէրոջ 2առջեւ. ուստի Տէրը մեռցուց զայն։
8Յուդա Օնանի ըսաւ. «Մտի՛ր քու եղբօրդ կնոջ, տագրութեան իրաւունքը գործադրէ՛ անոր, եւ եղբօրդ զա՛րմ հանէ»։
9Օնան գիտցաւ թէ զարմը իրը պիտի չըլլար. ատոր համար երբ իր եղբօր կնոջ կը մտնէր՝ սերմը գետին կը թափէր, որպէսզի իր եղբօր զարմ չտայ։
10Այս ըրած բանը Տէրոջ 3անհաճոյ եղաւ. ուստի զինք ալ մեռցուց։
11Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. «Այրի՛ կեցիր քու հօրդ տունը, մինչեւ որ իմ Սելոմ որդիս մեծնայ». որովհետեւ ըսաւ. «Ասիկա ալ թող չմեռնի իր եղբայրներուն պէս»։ Թամար գնաց եւ իր հօր տունը բնակեցաւ։
12Ժամանակէ մը ետք, Շաւայի աղջիկը՝ Յուդայի կինը մեռաւ։ Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա բարձրացաւ՝ իր հօտերը խուզողներուն քով, ինք ու իր բարեկամը՝ Ոդողոմացի Իրաս։
13Թամարի պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա՛ քու կեսրայրդ Թամնա կը բարձրանայ՝ իր ոչխարները խուզելու»։
14Ան ալ իր այրիութեան հագուստները հանեց իր վրայէն, քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ, եւ Թամնայի ճամբային մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ. քանի տեսաւ թէ Սելոմ մեծցաւ, բայց ինք անոր չտրուեցաւ՝ իբր կին։
15Երբ Յուդա տեսաւ զայն՝ պոռնիկ կարծեց, որովհետեւ իր երեսը ծածկած էր։
16Ուստի ճամբան անոր 4գնաց ու ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, քեզի մտնեմ», քանի չէր գիտեր թէ ան իր հարսն է։ Ան ալ ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար՝ ի՞նչ կու տաս ինծի»։
17Ինք ալ ըսաւ. «Հօտերէն այծի ուլ մը կը ղրկեմ քեզի»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։
18Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Ան ալ ըսաւ. «Քու կնիքդ, երիզդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տո՛ւր»։ Ինք ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր. Թամար անկէ յղացաւ։
19Ան կանգնեցաւ եւ գնաց, վրայէն քօղը հանեց ու իր այրիութեան հագուստները հագաւ։
20Իսկ Յուդա իր բարեկամին՝ Ոդողոմացիին ձեռքով այծի ուլը ղրկեց, որպէսզի կնոջ ձեռքէն գրաւը առնէ. բայց չգտաւ զայն։
21Այդ տեղի մարդոց հարցուց. «Ճամբային վրայ՝ Ենայիմի մէջ եղած 5բոզը ո՞ւր է»։ Անոնք ըսին. «Հոս բոզ չկար»։
22Բարեկամը Յուդայի վերադարձաւ եւ ըսաւ. «Չգտայ զայն, եւ այդ տեղի մարդիկն ալ ըսին թէ “Հոս բոզ չկար”»։
23Յուդա ըսաւ. «Իրե՛ն թող ըլլայ, որպէսզի խայտառակ չըլլանք. ահա՛ ես այս ուլը ղրկեցի, բայց դուն չգտար զայն»։
24Մօտ երեք ամիս ետք Յուդայի պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Քու հարսդ՝ Թամար պոռնկեցաւ. նաեւ ահա՛ յղի մնաց պոռնկութենէն»։ Յուդա ըսաւ. «Դո՛ւրս հանեցէք զայն, ու թող այրուի»։
25Երբ զինք դուրս կը հանէին, գրաւները իր կեսրայրին ղրկեց՝ ըսելով. «Ես այս բաներուն տիրոջմէն յղի եմ»։ Նաեւ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ճանչցի՛ր թէ այս կնիքը, երիզն ու գաւազանը որո՛ւ կը պատկանին»։
26Յուդա ճանչցաւ եւ ըսաւ. «Ան ինձմէ արդար է, որովհետեւ զայն իմ Սելոմ որդիիս չտուի»։ Յետոյ անգա՛մ մըն ալ չգիտցաւ զայն։
27Անոր ծննդաբերութեան ատենը՝ ահա՛ անոր 6արգանդին մէջ երկուորեակ էին։
28Երբ կը ծնանէր, մէկը ձեռքը երկարեց։ Մանկաբարձը առաւ ու անոր ձեռքին վրայ կրկնակի կարմիր դերձան մը կապեց՝ ըսելով. «Առաջ ասիկա՛ ելաւ»։
29Բայց երբ ան իր ձեռքը ետ քաշեց՝ ահա՛ անոր եղբայրը ելաւ։ Մանկաբարձը ըսաւ. «Ինչո՞ւ սաղմընկերը պատռեցիր. այս պատռուածքը վրա՛դ ըլլայ»։ Ուստի անոր անունը 7Փարէս կոչուեցաւ։
30Յետոյ ձեռքին վրայ կրկնակի կարմիր դերձանը ունեցող եղբայրը ելաւ, եւ անոր անունը Զարա կոչուեցաւ։