Loading...

Genesis 39

Genesis 38  ‹  Genesis 39  ›  Genesis 40  »  Exodus


ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ՊԵՏԱՓՐԷՍԻ ԿԻՆԸ

1

Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին, ու Փարաւոնի պալատականը՝ Եգիպտացի Պետափրէս թիկնապահապետը գնեց զայն Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զայն հոն իջեցուցին։

2

Տէրը Յովսէփի հետ էր, եւ ան յաջողակ մարդ մըն էր, ու իր եգիպտացի տիրոջ տունն էր։

3

Անոր տէրը տեսաւ թէ Տէրը անոր հետ էր, եւ թէ ինչ որ ընէր՝ Տէրը կը յաջողցնէր անոր ձեռքով։

4

Յովսէփ անոր 1առջեւ շնորհք գտաւ ու անոր կը սպասարկէր. ան իր տան վրայ վերատեսուչ նշանակեց զայն եւ իր ամբողջ ունեցածը անոր ձեռքը յանձնեց։

5

Այն ժամանակէն ի վեր՝ որ զայն իր տան ու իր ամբողջ ունեցածին վրայ վերատեսուչ նշանակեց, Տէրը օրհնեց Եգիպտացիին տունը՝ Յովսէփի պատճառով. թէ՛ տան մէջ եւ թէ դաշտին մէջ՝ անոր ամբողջ ունեցածին վրայ Տէրոջ օրհնութիւնը եղաւ։

6

Իր ամբողջ ունեցածը Յովսէփի ձեռքը թողուց, ու ի՛նչ որ կար անոր քով՝ չէր գիտեր, իր կերած հացէն զատ։ Յովսէփ գեղեցիկ դէմք եւ գեղեցիկ տեսք ունէր։

7

Այս բաներէն ետք՝ անոր տիրոջ կինը աչքերը վերցուց Յովսէփի վրայ ու ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։

8

Բայց ան մերժեց եւ իր տիրոջ կնոջ ըսաւ. «Ահա՛ իմ տէրս չի գիտեր ի՛նչ որ կայ քովս՝ տան մէջ, ու իր ամբողջ ունեցածը ձեռքս յանձնեց։

9

Այս տան մէջ ինձմէ մեծը չկայ, եւ ինծի որեւէ բան չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, որովհետեւ դուն իր կինն ես։ Ուրեմն ես ի՞նչպէս այս մեծ չարիքը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։

10

Թէպէտ ան 2ամէն օր՝՝ Յովսէփի կը խօսէր, բայց ինք անոր մտիկ չէր ըներ՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ։

11

Օր մը՝ իր գործը կատարելու համար՝ տուն մտաւ, եւ հոն՝ տան մէջ՝ տան մարդոցմէն ո՛չ մէկը կար։

12

Ուստի տիրուհին իր հագուստէն բռնեց՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հագուստը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։

13

Երբ տեսաւ թէ ան հագուստը իր ձեռքը թողուց եւ դուրս փախաւ,

14

իր տան մարդիկը կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, մեզի Եբրայեցի մը բերաւ՝ 3մեզ խայտառակելու՝՝ համար։ Ան ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։

15

Երբ լսեց բարձր ձայնով պոռալս, իր հագուստը քովս թողուց եւ փախաւ, դուրս ելաւ»։

16

Ու մինչեւ որ անոր տէրը տուն եկաւ, անոր հագուստը իր քով պահեց։

17

Ապա սա՛ խօսքերուն համաձայն անոր ըսաւ. «Այն եբրայեցի ստրուկը՝ որ դուն մեզի բերիր, զիս խայտառակելու համար ինծի եկաւ։

18

Իսկ երբ իմ ձայնս բարձրացուցի եւ պոռացի, իր հագուստը քովս թողուց ու դուրս փախաւ»։

19

Երբ անոր տէրը լսեց իր կնոջ խօսքերը որ իրեն ըսաւ. “Քու ստրուկդ ինծի սա՛ բանը ըրաւ”, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։

20

Յովսէփի տէրը զայն առաւ եւ բանտը դրաւ, այն տեղը՝ ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին. ու հո՛ն՝ բանտին մէջ մնաց։

21

Բայց Տէրը Յովսէփի հետ էր. կարեկցեցաւ անոր, եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։

22

Բանտապետը Յովսէփի ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները, ու հոն ամբողջ գործը կատարողը ա՛ն էր։

23

Բանտապետը անոր ձեռքը եղած որեւէ՛ բանին չէր նայեր, որովհետեւ Տէրը անոր հետ էր. ինչ որ ընէր՝ Տէրը կը յաջողցնէր։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ օրէ օր
3 Եբր.՝ մեր վրայ խնդալու