Loading...

Genesis 40

Genesis 39  ‹  Genesis 40  ›  Genesis 41  »  Exodus


ՅՈՎՍԷՓ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՐԱԶՆԵՐԸ

1

Այս բաներէն ետք, Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը մեղանչեցին իրենց տիրոջ՝ Եգիպտոսի թագաւորին դէմ։

2

Փարաւոն զայրացաւ իր երկու պալատականներուն՝ մատռուակապետին եւ հացագործապետին դէմ,

3

ու զանոնք բանտարկեց թիկնապահապետին տան բանտին մէջ, այն տեղը՝ ուր Յովսէփ բանտարկուած էր։

4

Թիկնապահապետը Յովսէփի հրահանգեց անոնց համար, եւ ան կը սպասարկէր անոնց։ Անոնք ժամանակ մը բանտը մնացին։

5

Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը, որ բանտին մէջ կապուած էին, երկուքն ալ մէկ գիշերուան մէջ մէկական երազ տեսան, իւրաքանչիւրին երազին նշանակութեան համաձայն։

6

Երբ Յովսէփ առտուն եկաւ անոնց, տեսաւ զանոնք՝ որ տխուր էին։

7

Ուստի իր տիրոջ տունը իրեն հետ բանտարկուած Փարաւոնի պալատականներուն հարցուց. «Ինչո՞ւ ձեր երեսները 1տրտում են այսօր»։

8

Անոնք ալ իրեն պատասխանեցին. «Երազ տեսանք, ու զայն մեկնող չկայ»։ Յովսէփ անոնց ըսաւ. «Միթէ մեկնութիւնները Աստուծո՛յ չե՞ն պատկանիր. կ’աղերսե՛մ, պատմեցէ՛ք ինծի»։

9

Մատռուակապետը իր երազը Յովսէփի պատմեց եւ անոր ըսաւ. «Երազիս մէջ 2տեսայ թէ՝՝ առջեւս որթատունկ մը կար,

10

ու որթատունկին վրայ՝ երեք ուռ։ Ան բողբոջելէ ետք 3ծաղիկ բացաւ՝՝, ու անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին։

11

Փարաւոնի բաժակը ձեռքս էր. խաղողները առի եւ Փարաւոնի բաժակին մէջ ճմլեցի, ու բաժակը Փարաւոնի ափը տուի»։

12

Յովսէփ անոր ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը սա՛ է։ Երեք ուռը՝ երեք օր է.

13

երեք օր ետք՝ Փարաւոն գլուխդ պիտի բարձրացնէ եւ քեզ պաշտօնիդ պիտի վերադարձնէ, ու Փարաւոնի բաժակը անոր ձեռքը պիտի յանձնես՝ նախկին սովորութեան համաձայն, երբ անոր մատռուակն էիր։

14

Բայց երբ քեզի բարիք ըլլայ՝ յիշէ՛ զիս. կ’աղերսե՛մ, կարեկցութեա՛մբ վարուէ ինծի հետ, եւ զիս Փարաւոնի առջեւ յիշատակելով՝ զիս այս տունէն դո՛ւրս հանէ.

15

քանի որ ի՛րապէս գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն, ու հո՛ս ալ ոչինչ ըրի՝ որ զիս այս գուբը նետեն»։

16

Երբ հացագործապետը տեսաւ թէ լաւ մեկնութիւն տուաւ, Յովսէփի ըսաւ. «Ես ալ երազիս մէջ տեսայ թէ գլուխիս վրայ երեք 4ճերմակ սակառ ունէի։

17

Ամենէն վրայի սակառին մէջ՝ Փարաւոնի համար հացագործի շինած ամէն տեսակ ուտելիքներէն կար, եւ թռչունները կ’ուտէին զանոնք՝ գլուխիս վրայի սակառէն»։

18

Յովսէփ պատասխանեց. «Ատոր մեկնութիւնը սա՛ է։

19

Երեք սակառը՝ երեք օր է. երեք օր ետք՝ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ, եւ թռչունները վրայէդ միսդ պիտի ուտեն»։

20

Երրորդ օրը՝ Փարաւոնի ծնունդին օրն էր. ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք սարքեց, եւ իր ծառաներուն մէջ՝ մատռուակապետին ու հացագործապետին գլուխները բարձրացուց։

21

Մատռուակապետը վերադարձուց իր պաշտօնին, եւ ան բաժակը Փարաւոնի ափը տուաւ.

22

իսկ հացագործապետը կախել տուաւ, ինչպէս Յովսէփ մեկներ էր անոնց։

23

Սակայն մատռուակապետը չյիշեց Յովսէփը, այլ մոռցաւ զայն։



1 Եբր.՝ գէշ
2 Եբր.՝ եւ ահա՛
3 Եբր.՝ ընձիւղը աճեցաւ
4 Կամ՝ վանդակագործ, եւ կամ՝ նաշիհի