Genesis 41
Genesis 40 ‹ Genesis 41 › Genesis 42 » Exodus
ՅՈՎՍԷՓ ԿԸ ՄԵԿՆԷ ՓԱՐԱՒՈՆԻ ԵՐԱԶԸ
1Լման երկու տարի ետք, Փարաւոն երազին մէջ տեսաւ թէ 1գետին եզերքը կայնած էր։
2Եւ ահա՛ գետէն գեղեցիկ տեսքով ու գէր մարմինով եօթը երինջներ բարձրացան, եւ 2մարգագետինին վրայ՝՝ կ’արածէին։
3Ահա՛ անոնց ետեւէն՝ գետէն ուրիշ եօթը երինջներ բարձրացան, վատ տեսքով ու նիհար մարմինով, եւ միւս երինջներուն քով՝ գետին եզերքը կայնեցան։
4Վատ տեսքով ու նիհար մարմինով երինջները՝ լափեցին եօթը գեղեցիկ տեսքով եւ գէր երինջները։ Յետոյ Փարաւոն արթնցաւ։
5Ապա քնացաւ, ու երկրորդ անգամ երազին մէջ տեսաւ թէ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ եւ լաւ հասկեր կը բարձրանային։
6Ահա՛ անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։
7Այս նիհար հասկերը կլլեցին եօթը պարարտ եւ լեցուն հասկերը։ Փարաւոն արթնցաւ, ու ահա՛ երազ էր։
8Առտուն անոր հոգին խռովեցաւ, եւ կանչել տուաւ Եգիպտոսի բոլոր մոգերն ու անոր բոլոր իմաստունները. Փարաւոն պատմեց անոնց իր երազները, բայց ո՛չ մէկը կար՝ որ զանոնք Փարաւոնի մեկնէր։
9Այն ատեն մատռուակապետը Փարաւոնի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։
10Փարաւոն զայրացաւ իր ծառաներուն դէմ, եւ զիս բանտարկեց թիկնապահապետին տունը, զիս ու հացագործապետը.
11Մէկ գիշերուան մէջ՝ ես եւ ան երազ տեսանք. իւրաքանչիւրս իր երազին նշանակութեան համաձայն՝ երազ տեսանք։
12Հոն մեզի հետ թիկնապահապետին ստրուկը կար, երիտասարդ Եբրայեցի մը. անոր պատմեցինք, ու ան մեզի մեկնեց մեր երազները. իւրաքանչիւրիս՝ իր երազին համաձայն մեկնեց։
13Եւ ինչպէս ան մեզի մեկնեց՝ ա՛յնպէս եղաւ. Փարաւոն զիս իմ պաշտօնիս վերադարձուց, ու զայն կախեց»։
14Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց եւ Յովսէփը կանչեց։ 3Շուտով բանտէն հանեցին՝՝ զայն, ածիլուեցաւ, իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնի եկաւ։
15Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Երազ տեսայ, եւ զայն մեկնո՛ղ մը չկայ. լսեցի թէ կ’ըսեն քու մասիդ, թէ կրնա՛ս երազ մը հասկնալ՝ զայն մեկնելու համար»։
16Յովսէփ Փարաւոնի պատասխանեց. «Ո՛չ թէ ես, այլ Աստուա՛ծ Փարաւոնի պիտի տայ 4նպաստաւոր պատասխան մը»։
17Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Երազիս մէջ տեսայ թէ գետին եզերքը կայնած էի։
18Եւ ահա՛ գետէն եօթը երինջներ բարձրացան՝ գէր մարմինով ու գեղեցիկ տեսքով, եւ մարգագետինին վրայ կ’արածէին։
19Ահա՛ անոնց ետեւէն ուրիշ եօթը երինջներ բարձրացան՝ վտիտ, շատ վատ տեսքով ու նիհար մարմինով. անոնց պէս վատ՝ բնա՛ւ տեսած չեմ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ։
20Նիհար եւ վատ երինջները՝ լափեցին առաջին եօթը գէր երինջները։
21Անոնց փորը մտնելէն ետք՝ չէր գիտցուեր թէ անոնք անոնց փորը մտան. հապա անոնց տեսքը նախկինին պէս վատ էր։ Յետոյ արթնցայ։
22Ու դարձեալ երազիս մէջ տեսայ թէ ահա՛ մէկ ծղօտի վրայ եօթը լեցուն եւ լաւ հասկեր կը բարձրանային։
23Ահա՛ անոնց ետեւէն եօթը չոր, նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։
24Նիհար հասկերը կլլեցին այդ եօթը լաւ հասկերը։ Եւ պատմեցի մոգերուն, բայց ո՛չ մէկը կայ՝ որ ինծի բացատրէ»։
25Յովսէփ Փարաւոնի ըսաւ. «Մէ՛կ է Փարաւոնի երազը. Աստուած իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնի։
26Եօթը լաւ երինջները՝ եօթը տարի են, ու եօթը լաւ հասկերը՝ եօթը տարի են. երազը մէ՛կ է։
27Եւ անոնց ետեւէն բարձրացած եօթը նիհար ու վատ երինջները՝ եօթը տարի են, եւ եօթը պարապ ու խորշակահար հասկերը՝ եօթը տարուան սով է։
28Փարաւոնի ըսած խօսքս ա՛յս է. Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնի ցոյց տուեր է։
29Ահա՛ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ,
30իսկ անոնց ետեւէն՝ եօթը տարի սով պիտի 5գայ. Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ ամբողջ առատութիւնը պիտի մոռցուի, եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը։
31Երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ այդ յետագայ սովին պատճառով, որովհետեւ յոյժ սաստիկ պիտի ըլլայ։
32Երազը երկու անգամ Փարաւոնի կրկնուելուն պատճառը սա՛ է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ, ու Աստուած շուտով պիտի իրագործէ զայն։
33Ուստի հիմա Փարաւոն թող գտնէ խելացի եւ իմաստուն մարդ մը, ու զայն Եգիպտոսի երկրին վրայ դնէ։
34Փարաւոն սա՛ թող ընէ. երկրին վրայ վերատեսուչներ նշանակէ, եւ Եգիպտոսի երկրին արմտիքներէն՝ առատութեան եօթը տարիներուն մէջ հինգէն մէկը առնէ։
35Այդ գալիք լաւ տարիներուն ամբողջ պարէնը ժողվեն, Փարաւոնի ձեռքին տակ ցորեն դիզեն ու քաղաքներուն մէջ պարէն պահեն։
36Եգիպտոսի երկրին մէջ ըլլալիք եօթը տարուան սովին դէմ՝ այս պարէնը երկրին համար թող ամբարուի, որպէսզի երկիրը սովէն չկործանի»։
ՅՈՎՍԷՓ Կ’ԸԼԼԱՅ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ
37Այս խօսքը Փարաւոնի աչքերուն եւ անոր բոլոր ծառաներուն աչքերուն լաւ երեւցաւ։
38Փարաւոն իր ծառաներուն ըսաւ. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որուն մէջ Աստուծոյ Հոգին կայ»։
39Ու Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Որովհետեւ Աստուած այս բոլորը քեզի գիտցուց, քեզի պէս խելացի եւ իմաստուն ո՛չ մէկը կայ։
40Իմ տանս վրայ կեցիր, ու ամբողջ ժողովուրդս քու 6հրամաններուդ թող հնազանդի՝՝։ Ես միա՛յն գահով քեզմէ աւելի մեծ ըլլամ»։
41Եւ Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Ահա՛ քեզ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ կարգեցի»։
42Փարաւոն իր ձեռքէն մատանին հանեց ու Յովսէփի ձեռքը դրաւ. անոր բարակ քթանէ հագուստներ հագցուց եւ անոր վիզը ոսկի մանեակ անցուց։
43Ապա՝ զայն իր երկրորդ կառքը նստեցուց, ու կը պոռային անոր առջեւէն. «Ծնրադրեցէ՛ք»։ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին վրայ կարգեց զայն։
44Եւ Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Ե՛ս եմ Փարաւոնը. առանց քեզի՝ ո՛չ մէկը իր ձեռքը կամ իր ոտքը պիտի վերցնէ Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ»։
45Փարաւոն Յովսէփի անունը 7Փսոմփթոմփանէ կոչեց, եւ 8Արեգ քաղաքին՝՝ Պետափրա քուրմին աղջիկը՝ Ասանէթը անոր տուաւ՝ իբր կին։ Յովսէփ դուրս ելաւ՝ Եգիպտոսի երկիրը շրջելու։
46Յովսէփ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ներկայացած ատենը երեսուն տարեկան էր։ Յովսէփ Փարաւոնի առջեւէն դուրս ելաւ, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկիրը շրջագայեցաւ։
47Առատութեան եօթը տարիներուն մէջ՝ երկիրը 9յոյժ շատ՝՝ բերք տուաւ։
48Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած եօթը տարիներուն ամբողջ պարէնը ժողվեց, եւ քաղաքներու մէջ դրաւ պարէնը. ամէն քաղաքի շրջակայ արտերուն պարէնը՝ նո՛յն քաղաքին մէջ դրաւ։
49Յովսէփ ծովու աւազին չափ յոյժ շատ ցորեն դիզեց. այնպէս որ հաշուելէ հրաժարեցաւ՝ անթիւ ըլլալուն համար։
50Սովի տարիներուն գալէն առաջ՝ Յովսէփի երկու որդիներ ծնան, որ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը՝ Ասանէթ ծնաւ անոր։
51Յովսէփ անդրանիկին անունը 10Մանասէ կոչեց, քանի որ ըսաւ. «Աստուած ինծի մոռցնել տուաւ իմ ամբողջ տաժանքս ու հօրս ամբողջ տունը»։
52Իսկ երկրորդին անունը 11Եփրեմ կոչեց, որովհետեւ ըսաւ. «Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս»։
53Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած առատութեան եօթը տարիները վերջացան,
54եւ Յովսէփի ըսածին համաձայն՝ սովի եօթը տարիները սկսան գալ։ Բոլոր երկիրներուն մէջ սով եղաւ, բայց Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ հաց կար։
55Երբ Եգիպտոսի ամբողջ երկիրը անօթեցաւ, ժողովուրդը հացի համար Փարաւոնի աղաղակեց։ Փարաւոն բոլոր Եգիպտացիներուն ըսաւ. «Յովսէփի՛ գացէք. ի՛նչ որ ձեզի ըսէ՝ ըրէ՛ք»։
56Երկրի ամբողջ մակերեսին վրայ սով եղաւ. Յովսէփ բացաւ բոլոր շտեմարանները, ու Եգիպտացիներուն հացահատիկ ծախեց։ Սովը սաստկացաւ Եգիպտոսի երկրին մէջ,
57եւ բոլոր երկիրներէն Եգիպտոս կու գային՝ Յովսէփէ հացահատիկ գնելու, որովհետեւ ամէն երկրի մէջ սովը սաստկացաւ։