Loading...

Genesis 42

Genesis 41  ‹  Genesis 42  ›  Genesis 43  »  Exodus


ՅՈՎՍԷՓԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ Կ’ԵՐԹԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍ

1

Երբ Յակոբ տեսաւ թէ Եգիպտոսի մէջ հացահատիկ կար, Յակոբ իր որդիներուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ իրարու կը նայիք»։

2

Եւ ըսաւ. «Ահա՛ լսեցի թէ Եգիպտոսի մէջ հացահատիկ կայ. հո՛ն իջէք ու անկէ մեզի համար գնեցէ՛ք, որպէսզի ողջ մնանք եւ չմեռնինք»։

3

Յովսէփի տասը եղբայրները իջան՝ Եգիպտոսէն ցորեն գնելու.

4

բայց Յակոբ Յովսէփի եղբայրը՝ Բենիամինը՝ անոր եղբայրներուն հետ չղրկեց, քանի որ ըսաւ. «Անոր փորձանք մը թող չպատահի»։

5

Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ հացահատիկ գնելու եկան, որովհետեւ Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։

6

Յովսէփ այդ երկրին կառավարիչն էր, եւ ի՛նք երկրին ամբողջ ժողովուրդին հացահատիկ կը ծախէր։ Յովսէփի եղբայրները եկան, ու իրենց դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցնելով՝ անոր երկրպագեցին։

7

Երբ Յովսէփ իր եղբայրները տեսաւ՝ զանոնք ճանչցաւ, բայց ինքզինք անոնց օտար ձեւացուց, եւ անոնց հետ խստութեամբ խօսելով՝ իրենց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն՝ կերակուր գնելու եկանք»։

8

Յովսէփ իր եղբայրները ճանչցաւ, բայց անոնք զինք չճանչցան։

9

Յովսէփ անոնց մասին իր տեսած երազները յիշեց, ու անոնց ըսաւ. «Դուք լրտեսնե՛ր էք. երկրին 1տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։

10

Ըսին անոր. «Ո՛չ, իմ տէ՛րս. հապա քու ծառաներդ կերակուր գնելու եկան։

11

Մենք բոլորս մէ՛կ մարդու որդիներ ենք։ Մենք ուղիղ մարդիկ ենք. ծառաներդ լրտեսներ չեն»։

12

Իսկ ինք անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, հապա երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։

13

Անոնք ըսին. «Մենք՝ քու ծառաներդ, Քանանի երկրին մէջ մէկ մարդու որդիներն ըլլալով՝ տասներկու եղբայր էինք։ Ահա՛ ամենէն պզտիկը այսօր մեր հօր քով է, իսկ միւսը չկայ»։

14

Յովսէփ անոնց ըսաւ. «Ա՛յդ է որ ձեզի խօսելով՝ ըսի թէ “դուք լրտեսնե՛ր էք”։

15

Սա՛պէս պիտի փորձարկուիք։ Փարաւոնի կեանքին համար՝ դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։

16

Ձեզմէ մէկը ղրկեցէ՛ք՝ ձեր եղբայրը բերելու. իսկ դուք պիտի բանտարկուիք, որպէսզի ձեր խօսքերը փորձարկուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՛յ. թէ ոչ՝ Փարաւոնի կեանքին համար՝ դուք լրտեսնե՛ր էք»։

17

Ու երեք օր զանոնք միասին բանտարկեց։

18

Երրորդ օրը՝ Յովսէփ անոնց ըսաւ. «Սա՛ ըրէք՝ որպէսզի ողջ մնաք, որովհետեւ ես Աստուծմէ կը վախնամ։

19

Եթէ դուք ուղիղ մարդիկ էք, ձեր եղբայրներէն մէկը թող կապուի ձեր 2բանտարկուած տան մէջ. իսկ դուք գացէ՛ք, ձեր տան անօթութեան համար հացահատի՛կ տարէք։

20

Բայց ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի՛ բերէք, որպէսզի ձեր խօսքերը հաստատուին, ու չմեռնիք»։ Եւ ա՛յդպէս ըրին։

21

Իրարու ըսին. «Անկասկած մեր եղբօր հանդէպ յանցաւոր ենք. որովհետեւ մենք տեսանք անոր անձին տագնապը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք. ատո՛ր համար այս տագնապը մեր վրայ եկաւ։»

22

Ռուբէն անոնց պատասխանեց. «Ես ձեզի խօսելով՝ չըսի՞. “Զաւակին դէմ մի՛ մեղանչէք”։ Բայց դուք մտիկ չըրիք, եւ ահա՛ անոր արիւնն ալ մեզմէ կը պահանջուի»։

23

Անոնք չէին գիտեր թէ Յովսէփ կը հասկնար, որովհետեւ թարգմանով կը խօսէր իրենց հետ։

24

Ինք անոնցմէ 3մեկուսացաւ ու լացաւ։ Ապա անոնց վերադարձաւ, խօսեցաւ անոնց հետ, եւ իրենցմէ Շմաւոնը առնելով՝ իրենց աչքերուն առջեւ կապեց զայն։

25

Յետոյ Յովսէփ պատուիրեց որ անոնց տոպրակները ցորենով լեցնեն, իւրաքանչիւրին դրամը իր քուրձին մէջ վերադարձնեն, ու անոնց ճամբայի պաշար տան։

26

Ա՛յսպէս ըրաւ անոնց։ Անոնք ալ իրենց էշերուն վրայ բեռցուցին իրենց հացահատիկը, եւ անկէ գացին։

27

Անոնցմէ մէկը՝ իջեւանին մէջ իր իշուն ճարակ տալու համար իր քուրձը բացած ատեն՝ իր դրամը տեսաւ, որ ահա՛ իր պարկին բերանն էր։

28

Իր եղբայրներուն ըսաւ. «Իմ դրամս վերադարձուած է, ու ահա՛ հոս՝ պարկիս մէջ է»։ Անոնց սիրտերը նուաղեցան, եւ դողալով իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս, որ Աստուած մեզի ըրաւ»։


ՅՈՎՍԷՓԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՔԱՆԱՆ

29

Երբ Քանանի երկիրը հասան, իրենց հօր՝ Յակոբի քով, իրենց բոլոր պատահածները անոր պատմեցին՝ ըսելով.

30

«Այդ երկրին տէրը եղող մարդը՝ խստութեամբ խօսեցաւ մեզի, ու մեզ երկիրը լրտեսողներու տեղ դրաւ։

31

Անոր ըսինք. “Մենք ուղիղ մարդիկ ենք, լրտեսներ չենք։

32

Մենք՝ մեր հօր որդիները՝ տասներկու եղբայր ենք. մէկը չկայ, իսկ ամենէն պզտիկը՝ Քանանի երկրին մէջ մեր հօր քով է այսօր”։

33

Այդ երկրին տէրը եղող մարդը մեզի ըսաւ. “Ձեր ուղիղ մարդիկ ըլլալը սա՛պէս պիտի գիտնամ. ձեր եղբայրներէն մէկը իմ քովս ձգեցէ՛ք, ձեր ընտանիքին անօթութեան համար պաշա՛ր առէք եւ գացէ՛ք,

34

ու ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի՛ բերէք, որպէսզի գիտնամ թէ դուք լրտեսներ չէք, հապա ուղիղ մարդիկ էք. այսպէս ձեր եղբայրը ձեզի կը յանձնեմ, եւ այս երկրին մէջ առուտուր կ’ընէք”»։

35

Մինչ իրենց քուրձերը կը պարպէին, ահա՛ իւրաքանչիւրին դրամին ծրարը իր քուրձին մէջ էր։ Երբ իրենք ու իրենց հայրն ալ դրամին ծրարները տեսան՝ վախցան։

36

Իրենց հայրը՝ Յակոբ անոնց ըսաւ. «Զիս զաւակներէ զրկեցիք։ Յովսէփ չկայ, Շմաւոն չկայ, Բենիամինն ալ պիտի առնէք։ Այս բոլորը ինծի՛ հանդիպեցան»։

37

Ռուբէն իր հօր խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եթէ ես զինք քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցո՛ւր։ Զինք ձե՛ռքս յանձնէ, ու ես քեզի պիտի վերադարձնեմ զինք»։

38

Բայց Յակոբ ըսաւ. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ, որովհետեւ անոր եղբայրը մեռած է եւ ան մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր գացած ճամբային մէջ անոր փորձանք մը պատահի, ճերմակ մազերս տրտմութեամբ 4դժոխք պիտի իջեցնէք»։



1 Եբր.՝ մերկութիւնը
2 Եբր.՝ պահպանուած
3 Եբր.՝ դարձաւ
4 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը