Loading...

Genesis 43

Genesis 42  ‹  Genesis 43  ›  Genesis 44  »  Exodus


ԲԵՆԻԱՄԻՆ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍ

1

Սովը սաստկացաւ երկրին մէջ,

2

ու երբ Եգիպտոսէն իրենց բերած հացահատիկը կերան եւ հատցուցին, իրենց հայրը անոնց ըսաւ. «Վերադարձէ՛ք ու մեզի քիչ մը կերակո՛ւր գնեցէք»։

3

Յուդա անոր պատասխանեց. «Այդ մարդը մեզ յստա՛կօրէն ազդարարեց՝ ըսելով. “Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք”։

4

Եթէ մեր եղբայրը մեզի հետ ղրկես, կ’իջնենք ու քեզի կերակուր կը գնենք։

5

Բայց եթէ չղրկես՝ չենք իջներ, որովհետեւ այդ մարդը մեզի ըսաւ. “Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք”»։

6

Իսրայէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ չարիք ըրիք ինծի՝ այդ մարդուն իմացնելով թէ եղբայր մըն ալ ունիք»։

7

Անոնք պատասխանեցին. «Այդ մարդը ուղղակի հարցուց մեր մասին ու մեր ազգականներուն մասին՝ ըսելով. “Ձեր հայրը տակաւին ո՞ղջ է, ուրիշ եղբայր ունի՞ք”։ Մենք ալ այս խօսքերուն համաձայն պատմեցինք անոր. արդեօք մենք կրնայի՞նք գիտնալ թէ ան պիտի ըսէ. “Ձեր եղբայրը իջեցուցէ՛ք”»։

8

Յուդա իր հօր՝ Իսրայէլի ըսաւ. «Պատանին ինծի՛ հետ ղրկէ, կանգնի՛նք ու երթանք՝ որպէսզի ողջ մնանք եւ չմեռնինք, մե՛նք ալ, դո՛ւն ալ, մեր մանուկնե՛րն ալ։

9

Ես երաշխաւոր կ’ըլլամ անոր համար։ Զինք ի՛մ ձեռքէս պահանջէ. եթէ զինք քեզի չբերեմ ու քու առջեւդ չներկայացնեմ, կեանքիս բոլոր օրերը քեզի հանդէպ յանցաւոր ըլլամ։

10

Արդարեւ եթէ չտնտնայինք, ի՛րապէս հիմա երկրորդ անգամ վերադարձած կ’ըլլայինք»։

11

Իրենց հայրը՝ Իսրայէլ անոնց ըսաւ. «Եթէ այդպէս է, հիմա սա՛ ըրէք։ Ձեր անօթներուն մէջ՝ երկրիս ամենէն լաւ պտուղներէ՛ն առէք եւ մարդուն ընծա՛յ 1տարէք, քիչ մը բալասան ու քիչ մը մեղր, համեմներ եւ զմուռս, պիստակ ու նուշ։

12

Ձեր ձեռքը կրկնապատի՛կ դրամ առէք, եւ ձեր պարկերուն բերանը եղած դրամն ալ՝ որ վերադարձուեցաւ՝ ձեր ձեռքո՛վ վերադարձուցէք. թերեւս սխալ եղած էր։

13

Ձեր եղբա՛յրն ալ առէք, կանգնեցէ՛ք եւ այդ մարդո՛ւն վերադարձէք։

14

Եւ Ամենակարող Աստուածը ձեզի գթութիւն գտնել տայ այդ մարդուն առջեւ, որպէսզի ձեր միւս եղբայրն ու Բենիամինը ձեզի հետ ուղարկէ։ Իսկ եթէ զաւակներէ զրկուիմ, թող զրկուիմ»։

15

Ուստի մարդիկը առին այդ ընծաները, եւ իրենց ձեռքը կրկնապատիկ դրամ առին, նաեւ Բենիամինը, ու կանգնեցան, Եգիպտոս իջան, եւ Յովսէփի ներկայացան։

16

Երբ Յովսէփ Բենիամինը տեսաւ անոնց հետ, իր տան վերակացուին ըսաւ. «Տո՛ւն տար այս մարդիկը, ու 2գէր անասուններ՝՝ մորթէ՛ եւ պատրաստէ՛. որովհետեւ այս մարդիկը կէսօրին ինծի հետ պիտի ճաշեն»։

17

Այդ մարդը Յովսէփի հրամայածին համաձայն ըրաւ, ու մարդիկը Յովսէփի տունը տարաւ։

18

Մարդիկը վախցան՝ քանի որ Յովսէփի տունը տարուեցան, եւ ըսին. «Առաջին անգամ մեր պարկերուն մէջ վերադարձած դրամին համար է որ կը տարուինք, որպէսզի մեր վրայ 3յարձակի, մեր վրայ իյնայ ու մեզ իբր ստրուկ առնէ, նաեւ մեր էշերը»։

19

Ուստի Յովսէփի տան վերակացուն եղող մարդուն մօտեցան, տան մուտքը խօսեցան անոր

20

եւ ըսին. «Ո՜հ, տէ՛ր, ասկէ առաջ կերակուր գնելու իջանք։

21

Երբ իջեւանը հասանք, մեր պարկերը բացինք, ու ահա՛ իւրաքանչիւրիս դրամը իր պարկին բերանն էր, մեր դրամը՝ լման կշիռով, եւ զայն մեր ձեռքով վերադարձուցինք։

22

Մեր ձեռքին մէջ ուրիշ դրամ ալ 4բերինք՝ կերակուր գնելու համար։ Չենք գիտեր թէ ո՛վ դրաւ մեր դրամը մեր պարկերուն մէջ»։

23

Ան ալ ըսաւ. «Խաղաղութի՛ւն ձեզի, մի՛ վախնաք։ Ձեր Աստուածը եւ ձեր հօր Աստուածը ձեզի պահուած գանձ տուաւ ձեր պարկերուն մէջ. 5ե՛ս առի ձեր դրամը՝՝»։ Ու Շմաւոնը դուրս հանեց անոնց։

24

Այդ մարդը Յովսէփի տունը տարաւ մարդիկը, ջուր տուաւ անոնց ու իրենց ոտքերը լուացին, եւ անոնց էշերուն ճարակ տուաւ։

25

Անոնք ալ ընծաները պատրաստեցին՝ մինչեւ Յովսէփի գալուստը կէսօրին, քանի որ լսեցին թէ իրենք հոն հաց պիտի ուտեն։

26

Երբ Յովսէփ տուն եկաւ, իրենց ձեռքը եղած ընծաները անոր մատուցանեցին՝ տան մէջ, ու մինչեւ գետին խոնարհելով՝ անոր երկրպագեցին։

27

Յովսէփ անոնց 6որպիսութիւնը հարցուց՝ ըսելով. «Ձեր ծեր հայրը, որուն մասին խօսեցաք ինծի, լա՞ւ է, տակաւին ո՞ղջ է»։

28

Անոնք ալ պատասխանեցին. «Քու ծառադ՝ մեր հայրը լաւ է, տակաւին ողջ է», եւ խոնարհեցան ու երկրպագեցին։

29

Յովսէփ իր աչքերը վերցուց եւ իր մօր որդին, իր եղբայրը՝ Բենիամինը տեսաւ, ու ըսաւ. «Ա՞յս է ձեր պզտիկ եղբայրը, որուն մասին ինծի խօսեցաք»։ Եւ Բենիամինի ըսաւ. «Աստուած ողորմի՛ քեզի, որդեա՛կս»։

30

Յովսէփ շտապեց, քանի որ իր ընդերքը բռնկեցաւ եղբօր հանդէպ, ու լալու տեղ կը փնտռէր. ներքին սենեակը մտաւ եւ հոն լացաւ։

31

Ապա իր երեսը լուաց, դուրս ելաւ, ինքզինք զսպեց եւ ըսաւ. «Հա՛ց դրէք»։

32

Իրեն՝ զատ, անոնց՝ զատ, ու իրեն հետ ուտող Եգիպտացիներուն՝ զատ դրին. քանի Եգիպտացիները Եբրայեցիներուն հետ չէին կրնար հաց ուտել, որովհետեւ Եգիպտացիներուն գարշելի էր։

33

Անոր առջեւ նստան, անդրանիկը՝ իր անդրանկութեան իրաւունքին համեմատ, իսկ կրտսերը՝ իր կրտսերութեան համեմատ. եւ մարդիկը իրարու նայելով կը զարմանային։

34

Յովսէփ իր առջեւէն բաժիններ 7ղրկեց անոնց, բայց Բենիամինի բաժինը՝ միւսներուն բաժինին հինգ անգամն էր. ու խմեցին եւ անոր հետ 8զուարթացան։



1 Եբր.՝ իջեցուցէք
2 Եբր.՝ մորթելիք
3 Եբր.՝ գլորի
4 Եբր.՝ իջեցուցինք
5 Եբր.՝ ձեր դրամը ինծի եկաւ
6 Եբր.՝ խաղաղութիւնը
7 Եբր.՝ կրել տուաւ
8 Եբր.՝ գինովցան