Loading...

Genesis 44

Genesis 43  ‹  Genesis 44  ›  Genesis 45  »  Exodus


ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՍԿԱՀԱԿԸ

1

Յովսէփ իր տան վերակացուին պատուիրեց. «Այս մարդոց պարկերը կերակուրո՛վ լեցուր, ա՛յնչափ որ կրնան կրել, ու իւրաքանչիւրին դրամը իր պարկին բերանը դիր։

2

Եւ ամենէն պզտիկին պարկին բերանը՝ իմ սկահակս, արծաթէ սկահակը, ու իր հացահատիկին դրամը դիր»։ Ան ալ Յովսէփի ըսած խօսքին համաձայն ըրաւ։

3

Երբ առտուն լուսցաւ՝ անմիջապէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք եւ իրենց էշերը։

4

Անոնք քաղաքէն ելլելով դեռ հեռացած չէին՝ երբ Յովսէփ իր տան վերակացուին ըսաւ. «Կանգնէ՛, հետապնդէ՛ այդ մարդիկը, հասի՛ր անոնց եւ ըսէ՛ իրենց “Ինչո՞ւ բարիքի փոխարէն չարիք հատուցանեցիք։

5

Այս այն սկահակը չէ՞, որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով՝ չարիք ըրիք”»։

6

Վերակացուն անոնց հասաւ, եւ իրենց ըսաւ այդ նոյն խօսքերը։

7

Անոնք իրեն ըսին. «Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ. հեռո՛ւ մեզմէ, որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն։

8

Ահա՛ մեր պարկերուն բերանը գտած մեր դրամը՝ Քանանի երկրէն քեզի վերադարձուցինք. ուրեմն ի՞նչպէս տիրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք։

9

Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, անիկա՛ թող մեռնի, ու մենք ալ իմ տիրոջս ստրուկներ ըլլանք»։

10

Ան ալ ըսաւ. «Հի՛մա ճիշդ ձեր ըսածին համաձայն թող ըլլայ. որո՛ւն քով որ գտնուի՝ անիկա՛ իմ ծառաս պիտի ըլլայ, եւ դուք անպարտ պիտի ըլլաք»։

11

Ուստի իւրաքանչիւրը արտորալով իր պարկը գետին իջեցուց, իւրաքանչիւրը իր պարկը բացաւ,

12

ան ալ խուզարկեց՝ մեծէն սկսելով մինչեւ պզտիկը. եւ սկահակը Բենիամինի պարկին մէջ գտնուեցաւ։

13

Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին, իւրաքանչիւրը իր էշը բեռցուց, եւ քաղաքը վերադարձան։

14

Յուդա ու անոր եղբայրները Յովսէփի տունը եկան. ան ալ տակաւին հոն էր, եւ անոր առջեւ գետին ինկան։

15

Յովսէփ անոնց ըսաւ. «Այս ի՞նչ գործ է՝ որ կատարեցիք. չէ՞ք գիտեր թէ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ»։

16

Յուդա պատասխանեց. «Իմ տիրոջս ի՞նչ ըսենք, ի՞նչ խօսինք, կամ ի՞նչպէս մենք մեզ արդարացնենք։ Աստուած քու ծառաներուդ անօրէնութիւնը գտաւ։ Ահա՛ մենք մեր տիրոջ ծառաներ ենք, մե՛նք ալ, ա՛ն ալ՝ որուն քով սկահակը գտնուեցաւ»։

17

Ան ալ ըսաւ. «Հեռո՛ւ ինձմէ, որ այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը, որուն քով սկահակը գտնուեցաւ, միայն անիկա՛ ինծի ծառայ պիտի ըլլայ, իսկ դուք խաղաղութեա՛մբ ձեր հօր քով բարձրացէք»։


ՅՈՒԴԱ Կ’ԱՂԱՉԷ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՀԱՄԱՐ

18

Այն ատեն Յուդա անոր մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէ՛րս, կ’աղերսե՛մ, քու ծառադ թող խօ՛սք մը ըսէ տիրոջս ականջներուն, ու ծառայիդ դէմ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. որովհետեւ դուն Փարաւոնի պէս ես։

19

Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց. “Հայր կամ եղբայր ունի՞ք”։

20

Եւ մենք ըսինք մեր տիրոջ թէ “ծեր հայր մը ունինք, եւ թէ ան իր ծերութեան ատեն ծնած զաւակ մը ունի, տակաւին պզտիկ. անոր եղբայրը մեռած է, ու միայն անիկա՛ իր մօրմէն մնացած է, եւ անոր հայրը կը սիրէ զայն”։

21

Քու ծառաներուդ ըսիր. “Ինծի՛ իջեցուցէք զայն՝ որ 1տեսնեմ”։

22

Իմ տիրոջս ըսինք. “Պատանին իր հայրը չի կրնար թողուլ. քանի որ եթէ իր հայրը թողու, ան պիտի մեռնի”։

23

Քու ծառաներուդ ըսիր. “Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս անգա՛մ մըն ալ պիտի չտեսնէք”։

24

Ու երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս քով բարձրացանք, տիրոջս խօսքերը հաղորդեցինք անոր։

25

Երբ մեր հայրը կրկին ըսաւ. “Վերադարձէ՛ք եւ մեզի քիչ մը կերակո՛ւր գնեցէք”,

26

մենք ըսինք. “Չենք կրնար իջնել։ Եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, ա՛յն ատեն կ’իջնենք. որովհետեւ պիտի չկարենանք տեսնել այն մարդուն երեսը՝ եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ”։

27

Քու ծառադ՝ իմ հայրս՝ մեզի ըսաւ. “Դուք գիտէ՛ք թէ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի,

28

ու մէկը քովէս ելաւ։ Ես ըսի. "Անտարակոյս գազանէ մը բզքտուած է", եւ մինչեւ հիմա զինք չտեսայ։

29

Եթէ ասիկա՛ ալ քովէս առնէք ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս չարիքով 2դժոխք պիտի իջեցնէք”։

30

Ուստի հիմա, երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս երթամ, ու պատանին մեզի հետ չըլլայ, անոր անձը՝ պատանիին անձին հետ կապուած ըլլալով,

31

երբ տեսնէ թէ պատանին մեզի հետ չէ՝ պիտի մեռնի, եւ ծառաներդ քու ծառայիդ՝ մեր հօր ճերմակ մազերը տրտմութեամբ դժոխք պիտի իջեցնենք։

32

Որովհետեւ ծառադ՝ իմ հօրս երաշխաւոր եղաւ պատանիին համար՝ ըսելով. “Եթէ ես զայն քեզի չբերեմ, իմ հօրս հանդէպ կեանքիս բոլոր օրերը յանցաւոր ըլլամ”։

33

Ուստի հիմա կ’աղերսե՛մ, պատանիին տեղը ծառա՛դ իմ տիրոջս ստրուկ թող մնայ, իսկ պատանին իր եղբայրներուն հետ թող բարձրանայ։

34

Արդարեւ եթէ պատանին ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս պիտի բարձրանամ իմ հօրս քով. հօրս գալիք չարիքը չտեսնեմ»։



1 Եբր.՝ աչքերս անոր վրայ դնեմ
2 Այսինքն՝ մեռած անձերու կայանը