Genesis 45
Genesis 44 ‹ Genesis 45 › Genesis 46 » Exodus
ՅՈՎՍԷՓ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ
1Յովսէփ չկրցաւ ինքզինք զսպել բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ, ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը ո՛չ մէկը կեցած էր։
2Ձայնը բարձրացնելով լացաւ. Եգիպտացիները լսեցին, ու Փարաւոնի տունն ալ լսեց։
3Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ես Յովսէ՛փն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար անոր պատասխանել, որովհետեւ անոր առջեւ շփոթած էին։
4Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մօտեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք ալ մօտեցան, եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը՝ Յովսէ՛փն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։
5Ուստի հիմա մի՛ վշտանաք ու դուք ձեզի դէմ մի՛ բորբոքիք՝ որ զիս հոս ծախեցիք, որովհետեւ Աստուա՛ծ ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ ձեզ ողջ պահելու համար.
6արդարեւ ասիկա սովին երկրորդ տարին է երկրի վրայ, եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ հունձք։
7Աստուա՛ծ զիս ձեր առջեւէն ղրկեց, որպէսզի երկրի վրայ ձեզի պահեստ դնէ ու մեծ ազատումով ձեզ ողջ պահէ։
8Ուրեմն հիմա զիս հոս ղրկողը դո՛ւք չէք, հապա Աստուա՛ծ է. ան զիս Փարաւոնի հայր նշանակեց, իր ամբողջ տան՝ տէր, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին՝ կառավարիչ։
9Շտապելո՛վ բարձրացէք իմ հօրս քով, եւ ըսէ՛ք անոր. “Սա՛ կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. "Աստուած ամբողջ Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս։ Մի՛ ուշանար, իջի՛ր իմ քովս։
10Գեսէմի երկրին մէջ պիտի բնակիս ու իմ մօտս պիտի ըլլաս, դուն, քու որդիներդ եւ որդիներուդ որդիները, ոչխարներդ ու արջառներդ, եւ ամբողջ ունեցածդ։
11Հոն քեզ պիտի կերակրեմ, որովհետեւ տակաւին հինգ տարի սով կայ. որպէսզի դուն, քու ընտանիքդ ու ամբողջ ունեցածդ չթշուառանաք"”։
12Ահա՛ ձեր աչքերը, եւ իմ եղբօրս՝ Բենիամինի աչքերը կը տեսնեն թէ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։
13Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած ամբողջ փառքս, ու ձեր ամբողջ տեսածը պատմեցէ՛ք իմ հօրս, եւ շտապելո՛վ հայրս հոս իջեցուցէք»։
14Ու իր եղբօր՝ Բենիամինի վիզին վրայ ինկաւ եւ լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր վիզին վրայ լացաւ։
15Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ. եւ անկէ ետք՝ իր եղբայրները խօսեցան իրեն հետ։
16Այս լուրը Փարաւոնի տան մէջ լսուեցաւ, թէ Յովսէփի եղբայրները եկած են. ու Փարաւոնի եւ անոր ծառաներուն 1հաճելի եղաւ։
17Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՛. “Սա՛ ըրէք. ձեր անասունները բեռցուցէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանանի երկիրը մտէ՛ք,
18ձեր հայրն ու ընտանիքները առէ՛ք եւ ինծի՛ եկէք. Եգիպտոսի երկրին բարիքը ձեզի պիտի տամ, ու երկրին 2պարարտութենէն պիտի ուտէք”։
19Քեզի պատուիրուեցաւ որ անոնց ըսես. “Սա՛ ըրէք։ Ձեր մանուկներուն եւ կիներուն համար՝ Եգիպտոսի երկրէն սայլե՛ր առէք ձեզի, ձեր հայրը փոխադրեցէ՛ք ու եկէ՛ք։
20Ձեր առարկաներուն 3մի՛ նայիք՝՝, որովհետեւ ամբողջ Եգիպտոսի երկրին բարիքը ձե՛րն է”»։
21Իսրայէլի որդիները ա՛յդպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց սայլեր տուաւ՝ Փարաւոնի հրամանին համաձայն, եւ ճամբորդութեան համար անոնց պաշար տուաւ։
22Անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ զատ-զատ փոխելիք հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինի՝ երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ փոխելիք հանդերձ տուաւ։
23Իսկ իր հօր հետեւեալը ղրկեց.— տասը էշ՝ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած, ու տասը մատակ էշ՝ ցորենով, հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօր ճամբորդութեան համար։
24Ա՛յսպէս ուղարկեց իր եղբայրները, ու գացին. եւ անոնց ըսաւ. «Ճամբան մի՛ կռուիք»։
25Անոնք Եգիպտոսէն բարձրացան ու դէպի Քանանի երկիրը, իրենց հօր՝ Յակոբի գացին
26եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին կառավարիչը անիկա՛ է»։ Յակոբի սիրտը նուաղեցաւ, քանի որ անոնց չհաւատաց։
27Անոր հաղորդեցին Յովսէփի բոլոր խօսքերը՝ որ իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփի ղրկած սայլերը՝ զինք փոխադրելու համար, անոնց հօր՝ Յակոբի հոգին վերապրեցաւ։
28Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւակա՛ն է. իմ որդիս՝ Յովսէփ տակաւին ողջ է։ Երթա՛մ ու տեսնե՛մ զայն՝ մեռնելէս առաջ»։