Judges 6
Joshua « Judges 5 ‹ Judges 6 › Judges 7 » Ruth
ԳԵԴԷՈՆ
1Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 1առջեւ չարիք գործեցին. ուստի Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։
2Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլի դէմ զօրացաւ, ու Մադիանացիներուն պատճառով՝ Իսրայէլի որդիները իրենց համար խոռոչներ, քարայրներ եւ ամրութիւններ շինեցին լեռներու մէջ։
3Երբ Իսրայելացիները կը սերմանէին, Մադիանացիները անոնց դէմ կը բարձրանային, եւ Ամաղեկացիներն ու 2արեւելքցիներն ալ կը բարձրանային։
4Անոնց դիմաց բանակելով՝ գետինին արգասիքը կը փճացնէին մինչեւ Գազա, ու Իսրայէլի ապրուստ մը չէին թողուր, ո՛չ ոչխար, ո՛չ արջառ, եւ ո՛չ էշ։
5Արդարեւ անոնք իրենց խաշինքով ու վրաններով կը բարձրանային, եւ մարախի պէս՝ բազմութեամբ կու գային. թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց ուղտերը անթիւ էին, ու Իսրայէլի երկիրը կու գային՝ զայն կործանելու համար։
6Իսրայէլ Մադիանացիներուն պատճառով չափազանց 3թշուառացաւ. հետեւաբար Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին։
7Երբ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին Մադիանացիներուն պատճառով,
8Տէրը Իսրայէլի որդիներուն մարգարէ մը ղրկեց՝ որ անոնց ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Ե՛ս ձեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցի, ու ձեզ ստրկութեան տունէն դուրս հանեցի.
9ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ բոլոր ձեզ տանջողներուն ձեռքէն ազատեցի. զանոնք ձեր առջեւէն վռնտելով անոնց երկիրը ձեզի տուի,
10ու ձեզի ըսի. "Ե՛ս եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը. մի՛ վախնաք Ամորհացիներուն աստուածներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիք"։ Բայց դուք իմ խօսքս մտիկ չըրիք”»։
11Տէրոջ հրեշտակը եկաւ եւ Աբիեզերեան Յովասի բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր. անոր որդին՝ Գեդէոն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր, Մադիանացիներուն 4առջեւէն փախցնելու համար։
12Տէրոջ հրեշտակը իրեն երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։
13Գեդէոն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, իմ տէ՛րս, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ այս բոլոր բաները մեզի պատահեցան։ Ո՞ւր են անոր բոլոր սքանչելիքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով. “Տէ՛րը մեզ Եգիպտոսէն բարձրացուց”։ Բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգած է՝ մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնելով»։
14Տէրը իրեն նայեցաւ եւ ըսաւ. «Ա՛յդ ոյժովդ գնա, որպէսզի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Ես չե՞մ քեզ ղրկողը»։
15Գեդէոն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, իմ Տէ՛րս, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա՛ իմ 5գերդաստանս Մանասէի տոհմին ամենէն տկարն է, ու ես իմ հօրս տան ամենէն փոքրն եմ»։
16Տէրը իրեն ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ, եւ Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։
17Ինք ալ անոր ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, եթէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ՝ ինծի նշա՛ն մը 6ցոյց տուր՝՝, որպէսզի գիտնամ թէ դո՛ւն ես ինծի հետ խօսողը։
18Կ’աղերսե՛մ, ասկէ մի՛ հեռանար, մինչեւ որ քեզի գամ, իմ ընծաս 7բերեմ ու քու առջեւդ դնեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Կը սպասեմ՝ մինչեւ որ վերադառնաս»։
19Գեդէոն ներս գնաց, այծերէն ուլ մը պատրաստեց, նաեւ բաղարջ՝ մէկ արդու ալիւրէ. միսը սակառի մը մէջ դրաւ, արգանակն ալ պտուկի մը մէջ դրաւ, անոր 8բերաւ՝ բեւեկնիին տակ, եւ մատուցանեց։
20Աստուծոյ հրեշտակը իրեն ըսաւ. «Միսն ու բաղարջը ա՛ռ, այս ժայռին վրայ դի՛ր, եւ արգանակը թափէ՛»։ Ինք ալ այդպէս ըրաւ։
21Յետոյ Տէրոջ հրեշտակը իր ձեռքը եղող ցուպին ծայրը երկարեց, ու միսին եւ բաղարջին դպաւ. վէմէն կրակ բարձրացաւ, միսն ու անխմոր կարկանդակը սպառեց, ապա Տէրոջ հրեշտակը անոր աչքերուն առջեւէն գնաց։
22Երբ Գեդէոն տեսաւ թէ ան Տէրոջ հրեշտակն էր, Գեդէոն ըսաւ. «Վա՜յ ինծի, Տէ՛ր Եհովա, որովհետեւ Տէրոջ հրեշտակը երես առ երես տեսայ»։
23Բայց Տէրը իրեն ըսաւ. «Խաղաղութի՜ւն քեզի. մի՛ վախնար, պիտի չմեռնիս»։
24Գեդէոն հոն Տէրոջ զոհասեղան մը կառուցանեց եւ անոր անունը 9Եհովա-Շալոմ կոչեց, որ մինչեւ այսօր Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ կեցած է։
25Այդ գիշերը՝ Տէրը իրեն ըսաւ. «Ա՛ռ քու հօրդ զուարակը, եօթը տարեկան երկրորդ զուարակը, փլցո՛ւր հօրդ ունեցած Բահաղի բագինը, ու կտրէ՛ քովի աստարովթը։
26Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ զոհասեղա՛ն մը կառուցանէ այս 10ապառաժին գագաթը՝ յարմար կերպով՝՝, ա՛ռ երկրորդ զուարակը, եւ ողջակէ՛զ մատուցանէ աստարովթին փայտով՝ որ պիտի կտրես»։
27Գեդէոն իր ծառաներէն տասը մարդ առաւ, ու Տէրոջ իրեն ըսածին համաձայն ըրաւ. սակայն այս բանը ցերեկը չըրաւ՝ իր հօր ընտանիքէն եւ քաղաքին մարդոցմէն վախնալով, հապա գիշերը ըրաւ։
28Երբ քաղաքին մարդիկը առտուն՝ կանուխ ելան, ահա՛ Բահաղի բագինը փլած էր, անոր քովի աստարովթը՝ կտրուած, ու երկրորդ զուարակը՝ կառուցանուած զոհասեղանին վրայ ողջակէզ մատուցանուած։
29Ուստի իրարու ըսին. «Ո՞վ գործեց այս արարքը»։ Որոնեցին, փնտռեցին, եւ ըսուեցաւ. «Յովասի որդին՝ Գեդէոն գործեց այս արարքը»։
30Քաղաքին մարդիկը Յովասի ըսին. «Դո՛ւրս հանէ որդիդ՝ որպէսզի մեռնի, քանի որ Բահաղի բագինը փլցուցեր ու անոր քովի աստարովթը կտրեր է»։
31Յովաս իրեն 11ընդդիմացող բոլոր մարդոց ըսաւ. «Միթէ Բահաղի իրաւունքը դո՞ւք պիտի պաշտպանէք, կամ թէ զայն դո՞ւք պիտի ազատէք. ո՛վ որ անոր իրաւունքը պաշտպանէ, անիկա՛ թող մեռցուի մինչեւ առտու։ Եթէ ան աստուած է, թող ի՛նք պաշտպանէ իր իրաւունքը անոր դէմ, քանի որ իր բագինը փլցուած է»։
32Այդ օրը զայն 12Յերոբահաղ կոչեց, որովհետեւ ըսաւ. «Թող Բահա՛ղ պաշտպանէ իր իրաւունքը անոր դէմ, քանի որ ան իր բագինը փլցուց»։
33Բոլոր Մադիանացիները, Ամաղեկացիներն ու 13արեւելքցիները միաբանութեամբ հաւաքուեցան, եւ Յորդանանէն անցնելով՝ Յեզրայէլի հովիտին մէջ բանակեցան։
34Տէրոջ Հոգին 14Գեդէոնի վրայ հանգչեցաւ՝՝. երբ ան շեփոր հնչեցուց, Աբիեզերեանները իր 15քով 16կանչուեցան։
35Ամբողջ Մանասէի պատգամաւորներ ղրկեց, ան ալ իր քով կանչուեցաւ. Ասերի, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի ալ պատգամաւորներ ղրկեց, եւ անոնք բարձրացան զիրենք դիմաւորելու։
36Գեդէոն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես՝ ինչպէս ըսիր,
37ահա՛ կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ ըլլայ, իսկ ամբողջ գետինը չոր մնայ, այն ատեն պիտի գիտնամ թէ Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես՝ ինչպէս ըսիր»։
38Եւ այնպէս եղաւ. երբ առտուն՝ կանուխ ելաւ ու գզաթը ճմլեց, գզաթէն իր քամած ցօղը՝ լման գաւաթ մը ջուր եղաւ։
39Գեդէոն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ ինծի դէմ թող չբորբոքի, եւ միայն այս անգամ խօսիմ։ Կ’աղերսե՛մ, միայն այս անգամ ալ գզաթով փորձեմ. այժմ միայն գզաթը թող չոր մնայ, իսկ ամբողջ գետինին վրայ թող ցօղ ըլլայ»։
40Այդ գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ. միայն գզաթը չոր մնաց, իսկ ամբողջ գետինին վրայ ցօղ եղաւ։