Judges 7
Joshua « Judges 6 ‹ Judges 7 › Judges 8 » Ruth
ԳԵԴԷՈՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
1Յերոբահաղ, այսինքն՝ Գեդէոն, եւ անոր հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը՝ կանուխ ելան, ու Հարոդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակավայրը անոր հիւսիսային կողմն էր, դէպի Մորէի բլուրը՝ հովիտին մէջ։
2Տէրը Գեդէոնի ըսաւ. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը մատնել, որպէսզի Իսրայէլ ինծի դէմ 1չպարծենայ եւ չըսէ. “Ի՛մ ձեռքս զիս ազատեց”։
3Ուստի հիմա գոչէ՛ ժողովուրդին ականջներուն՝ ըսելով. “Ո՛վ որ վախկոտ է ու կը սարսռայ, թող վերադառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն հեռանայ”»։ Ժողովուրդէն քսաներկու հազար անձ վերադարձաւ, ու տասը հազար մնաց։
4Տէրը Գեդէոնի ըսաւ. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք, ու հոն քեզի համար զանոնք զտեմ. որո՛ւն համար որ քեզի ըսեմ. “Ասիկա քեզի հետ թող երթայ”, ան քեզի հետ թող երթայ. եւ որո՛ւն համար որ քեզի ըսեմ. “Ասիկա քեզի հետ թող չերթայ”, ան թող չերթայ»։
5Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց, եւ Տէրը Գեդէոնի ըսաւ. «Ո՛վ որ իր լեզուով ջուրը կը լակէ՝ ինչպէս շունը կը լակէ, զայն զա՛տ դիր. նաեւ զա՛տ դիր ո՛վ որ իր ծունկերուն վրայ կը ծռի՝ խմելու համար»։
6Ձեռքը բերանը տանելով լակողներուն թիւը երեք հարիւր մարդ էր. մնացեալ ամբողջ ժողովուրդը իր ծունկերուն վրայ ծռեցաւ՝ ջուր խմելու համար։
7Տէրը Գեդէոնի ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որ ջուրը լակեցին, ձեզ պիտի ազատեմ, ու Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ. մնացեալ ամբողջ ժողովուրդը թող երթայ, իւրաքանչիւրը՝ իր տեղը»։
8Ուստի ժողովուրդը իր ձեռքը պաշար առաւ, նաեւ իր շեփորները։ Գեդէոն Իսրայէլի մնացեալ բոլոր մարդիկը ղրկեց, իւրաքանչիւրը իր վրանը. իսկ այդ երեք հարիւր բմարդիկը իր քով պահեց՝՝։ Մադիամի բանակավայրը իրմէ վար էր՝ հովիտին մէջ։
9Նոյն գիշերը՝ Տէրը անոր ըսաւ. «Կանգնէ՛, եւ ասկէ բանակավա՛յրը իջիր, քանի զայն քու ձեռքդ մատնեցի։
10Բայց եթէ իջնելու կը վախնաս, քու սպասաւորիդ՝ Փուրայի՛ հետ բանակավայրը իջիր,
11ու լսէ՛ թէ անոնք ի՛նչ կը խօսին. անկէ ետք ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէսզի բանակավայրը իջնես»։ Ուստի ինք եւ իր սպասաւորը՝ Փուրա բանակավայրին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։
12Մադիամ, Ամաղէկ ու բոլոր 2արեւելքցիները մարախներու պէս՝ բազմութեամբ հովիտին մէջ փռուած էին. անոնց ուղտերը անթիւ էին, ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։
13Երբ Գեդէոն հոն հասաւ, ահա՛ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր եւ կ’ըսէր. «Երազ մը տեսայ. ահա՛ գարիէ հացի նկանակ մը դէպի Մադիամի բանակավայրը կը թաւալէր, ու վրանին հասնելով՝ անոր զարկաւ եւ ան ինկաւ. զայն տակնուվրայ ըրաւ, ու վրանը տապալեցաւ»։
14Անոր ընկերը պատասխանեց. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, այլ Իսրայելացի Յովասի որդիին՝ Գեդէոնի սուրը։ Աստուած Մադիամն ու ամբողջ բանակավայրը անոր ձեռքը մատնած է»։
15Երբ Գեդէոն երազին պատմութիւնը եւ անոր մեկնութիւնը լսեց, Տէրոջ երկրպագեց. յետոյ Իսրայէլի բանակավայրը վերադարձաւ ու ըսաւ. «Կանգնեցէ՛ք, քանի Տէրը Մադիամի բանակավայրը ձեր ձեռքը մատնած է»։
16Այդ երեք հարիւր մարդիկը երեք ջոկատի բաժնելով՝ բոլորին ձեռքը շեփորներ եւ պարապ սափորներ տուաւ, սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ։
17Անոնց ըսաւ. «Ինծի՛ նայեցէք ու նո՛յնպէս ըրէք. երբ բանակավայրին ծայրը հասնիմ, ի՛նչ որ ընեմ՝ նո՛յնպէս ըրէք։
18Երբ ես եւ բոլոր ինծի հետ եղողները շեփոր հնչեցնենք, դո՛ւք ալ ամբողջ բանակավայրին շուրջը շեփորնե՛րը հնչեցուցէք եւ ըսէ՛ք. “Տէրոջ ու Գեդէոնի սուրը”»։
19Գեդէոն եւ անոր հետ եղող հարիւր մարդիկը՝ կէս գիշերուան պահուն սկիզբը, երբ պահապանները նոր նշանակած էին, բանակավայրին ծայրը հասան, եւ շեփորները հնչեցնելով՝ իրենց ձեռքերուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։
20Երեք ջոկատներն ալ շեփորները հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին. ձախ ձեռքով ջահերը բռնած էին, աջ ձեռքով ալ շեփորները՝ հնչեցնելու համար, եւ կը պոռային. «Տէրոջ ու Գեդէոնի սուրը»։
21Մինչ իւրաքանչիւրը իր տեղը կայնած էր՝ բանակավայրին շուրջը, ամբողջ բանակը վազելով եւ գոռալով փախաւ։
22Երբ այդ երեք հարիւր մարդիկը իրենց շեփորները հնչեցուցին, Տէրը իւրաքանչիւրին սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց՝ ամբողջ բանակավայրին մէջ. բանակը մինչեւ Բեթասետա՝ դէպի Սարերա, ու մինչեւ Աբէլ- Մաուլայի սահմանը եւ Տաբէթ փախաւ։
23Իսրայելացիները Նեփթաղիմէն, Ասերէն եւ ամբողջ Մանասէէն 3կանչուեցան, ու Մադիանացիները հետապնդեցին։
24Գեդէոն Եփրեմի ամբողջ լեռնակողմը պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Իջէ՛ք Մադիանացիներուն հանդիպելու, եւ ջուրե՛րը գրաւեցէք անոնց առջեւէն՝ մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը»։ Ուստի Եփրեմի բոլոր մարդիկը կանչուեցան ու ջուրերը գրաւեցին մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը։
25Մադիամի երկու իշխանաւորները բռնեցին, Օրէբն ու Զէբը. Օրէբը՝ Օրէբի վէմին քով մեռցուցին, Զէբն ալ Զէբի հնձանին քով մեռցուցին։ Ապա Մադիանացիները հետապնդեցին, եւ Օրէբի ու Զէբի գլուխները Գեդէոնի բերին՝ Յորդանանի միւս կողմէն։