Judges 8
Joshua « Judges 7 ‹ Judges 8 › Judges 9 » Ruth
ՄԱԴԻԱՆԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ
1Եփրեմեանները Գեդէոնի ըսին. «Ինչո՞ւ այս արարքը գործեցիր մեզի դէմ. Մադիամի դէմ պատերազմելու գացիր, բայց մեզ չկանչեցիր», եւ իրեն հետ սաստիկ վիճեցան։
2Ինք ալ անոնց ըսաւ. «Ես հիմա ի՞նչ ըրի ձեզի նման։ Արդեօք Եփրեմի ճռաքաղը՝ Աբիեզերի այգեկութէն լաւագոյն չէ՞։
3Աստուած ձե՛ր ձեռքը մատնեց Մադիամի իշխանաւորները՝ Օրէբն ու Զէբը. ես ի՞նչ կրցայ ընել ձեզի նման»։ Երբ այս խօսքը ըսաւ, իրեն հանդէպ անոնց հոգին հանդարտեցաւ։
4Գեդէոն Յորդանան եկաւ, եւ ինք ու իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտ պարտասած էին, թշնամին կը հետապնդէին։
5Սոկքովթի մարդոց ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, 1ինծի հետեւող՝՝ ժողովուրդին հացի նկանակնե՛ր տուէք, քանի պարտասած են, ու ես Մադիամի թագաւորները՝ Զեբէն եւ Սաղմանան կը հետապնդեմ»։
6Բայց Սոկքովթի իշխանաւորները ըսին. «Միթէ Զեբէի ու Սաղմանայի ափերը արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք զօրքիդ հաց տանք»։
7Գեդէոն ըսաւ. «Ուրեմն երբ Տէրը Զեբէն եւ Սաղմանան ձեռքս մատնէ, ձեր մարմինները անապատին փուշերով ու տատասկներով պիտի ծեծեմ»։
8Անկէ Փանուէլ բարձրացաւ, եւ անոնց նոյնպէս խօսեցաւ. Փանուէլի մարդիկն ալ իրեն պատասխանեցին այնպէս՝ ինչպէս Սոկքովթի մարդիկը պատասխաներ էին։
9Ուստի Փանուէլի մարդոցն ալ ըսաւ. «Երբ խաղաղութեամբ վերադառնամ, այս աշտարակը պիտի փլցնեմ»։
10Զեբէ ու Սաղմանա Կարկարի մէջ էին, եւ անոնց հետ՝ իրենց բանակը, 2արեւելքցիներուն ամբողջ բանակէն մնացած զօրքը, տասնհինգ հազարի չափ մարդ. արդարեւ հարիւր քսան հազար սուր քաշող մարդ ինկած էր։
11Գեդէոն Նոբահի ու Յոգբեհայի արեւելեան կողմէն՝ վրանաբնակներուն ճամբայով բարձրացաւ եւ բանակը զարկաւ, քանի բանակը կը կարծէր ապահովութեան մէջ ըլլալ։
12Զեբէ ու Սաղմանա փախան. Գեդէոն զանոնք հետապնդեց, Մադիամի երկու թագաւորները՝ Զեբէն ու Սաղմանան բռնեց, եւ ամբողջ բանակը դողացուց։
13Յովասի որդին՝ Գեդէոն 3արեւը չելած՝՝ պատերազմէն վերադարձաւ։
14Սոկքովթի մարդոցմէն երիտասարդ մը բռնեց եւ զայն հարցուփորձեց. ան ալ Սոկքովթի իշխանաւորներէն ու երէցներէն եօթանասունեօթը մարդու անուն գրելով անոր տուաւ։
15Գեդէոն Սոկքովթի բնակիչներուն եկաւ եւ ըսաւ. «Ահա՛ Զեբէն ու Սաղմանան, որոնց համար զիս նախատեցիք եւ ըսիք. “Միթէ Զեբէի ու Սաղմանայի ափերը արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք պարտասած մարդոցդ հաց տանք”»։
16Ուստի քաղաքին երէցները առաւ, նաեւ անապատէն փուշեր ու տատասկներ, եւ անոնցմով Սոկքովթի մարդիկը 4պատժեց։
17Իսկ Փանուէլի աշտարակը փլցուց ու քաղաքին մարդիկը մեռցուց։
18Յետոյ Զեբէի ու Սաղմանայի ըսաւ. «Ի՞նչպէս էին Թաբորի մէջ ձեր սպաննած մարդիկը»։ Անոնք պատասխանեցին. «Ինչպէս դուն ես, անոնք ալ այնպէս էին. իւրաքանչիւրը թագաւորի որդիի կը նմանէր»։
19Ինք ալ ըսաւ. «Անոնք իմ եղբայրներս՝ մօրս որդիներն էին։ Տէրը կ’ապրի՛. եթէ զանոնք ողջ թողուցած ըլլայիք, ես ձեզ չէի մեռցներ»։
20Ապա իր անդրանիկ որդի ին՝ Յեթերի ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր եւ մեռցո՛ւր ասոնք»։ Բայց պատանին իր սուրը չքաշեց, որովհետեւ վախցաւ՝ 5դեռահասակ ըլլալով։
21Ուստի Զեբէ ու Սաղմանա ըսին. «Դո՛ւն կանգնէ եւ մեր վրայ յարձակէ, քանի մարդուն զօրութիւնը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»։ Հետեւաբար Գեդէոն կանգնեցաւ, ու Զեբէն եւ Սաղմանան մեռցուց. անոնց ուղտերուն վիզին վրայ եղած մահիկներն ալ առաւ։
22Իսրայելացիները Գեդէոնի ըսին. «Դո՛ւն տիրէ մեր վրայ, թէ՛ դուն, թէ՛ որդիդ, եւ թէ որդիիդ որդին, որովհետեւ մեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեցիր»։
23Բայց Գեդէոն անոնց ըսաւ. «Ես չեմ տիրեր ձեր վրայ, ո՛չ ալ իմ որդիս պիտի տիրէ ձեր վրայ. Տէ՛րը թող տիրէ ձեր վրայ»։
24Ապա Գեդէոն անոնց ըսաւ. «Ձեզմէ 6բան մը պիտի խնդրեմ. իւրաքանչիւրդ իր աւարին օղերը ինծի թող տայ»։ (Արդարեւ անոնք Իսմայելացի ըլլալով՝ ոսկի օղեր ունէին։)
25Անոնք ալ պատասխանեցին. «7Յօժար սիրտով՝՝ կու տանք»։ Ուստի հանդերձ մը փռեցին, եւ իւրաքանչիւրը իր աւարին օղերը հոն ձգեց։
26Իր խնդրած ոսկի օղերուն կշիռը հազար եօթը հարիւր սիկղ ոսկի եղաւ, մահիկներէն, գինդերէն, ու Մադիամի թագաւորներուն վրայի 8ծիրանի հագուստներէն եւ անոնց ուղտերուն վիզին վրայ եղած մանեակներէն զատ։
27Գեդէոն անոնցմով 9եփուտ մը՝՝ շինեց ու զայն Եփրայի մէջ՝ իր քաղաքին մէջ դրաւ. եւ հոն ամբողջ Իսրայէլը անոր հետ պոռնկեցաւ. ատիկա Գեդէոնի ու անոր տան որոգայթ եղաւ։
28Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ ընկճուեցաւ, եւ անկէ ետք չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Գեդէոնի ժամանակ՝ երկիրը քառասուն տարի հանդարտեցաւ։
ԳԵԴԷՈՆԻ ՄԱՀԸ
29Յովասի որդին՝ Յերոբահաղ գնաց եւ իր տունը բնակեցաւ։
30Գեդէոն եօթանասուն որդի ունէր՝ իր երանքէն ելած, քանի շատ կիներ ունէր։
31Սիւքէմի մէջ ունեցած հարճն ալ իրեն որդի մը ծնաւ, որուն անունը Աբիմելէք դրաւ։
32Յովասի որդին՝ Գեդէոն լա՛ւ ալեւորութեան մէջ մեռաւ, եւ Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ իր հօր՝ Յովասի գերեզմանը թաղուեցաւ։
33Երբ Գեդէոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիները դարձեալ Բահաղներու հետ պոռնկեցան, ու Բահաղ-Բերիթը իրենց աստուած ըրին։
34Իսրայէլի որդիները չյիշեցին Տէրը՝ իրենց Աստուածը, որ զիրենք ազատած էր իրենց շրջակայ բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն.
35ո՛չ ալ կարեկցութեամբ վարուեցան Յերոբահաղի (այսինքն՝ Գեդէոնի) տան հետ, անոր Իսրայէլի ըրած ամբողջ բարիքին համեմատ։