Judges 9
Joshua « Judges 8 ‹ Judges 9 › Judges 10 » Ruth
ԱԲԻՄԵԼԷՔ
1Յերոբահաղի որդին՝ Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց, իր մօր եղբայրներուն քով, անոնց հետ խօսեցաւ, նաեւ իր մօր հօր տան ամբողջ գերդաստանին հետ՝ ըսելով.
2«Կ’աղերսե՛մ, Սիւքէմի բոլո՛ր 1բնակիչներուն ականջներուն ըսէք. “Ո՞րը լաւագոյնն է ձեզի. Յերոբահաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց կողմէ կառավարուի՞լը, թէ մէկ մարդու կողմէ կառավարուիլը”։ Նաեւ յիշեցէ՛ք թէ ես ձեր ոսկորն ու միսն եմ»։
3Ուստի իր մօր եղբայրները անոր մասին այս բոլոր խօսքերը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին, եւ անոնց սիրտը 2Աբիմելէքի հակեցաւ, քանի որ ըսին. «Ան մեր եղբայրն է»։
4Բահաղ-Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր, եւ Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձեց, որոնք իրեն հետեւեցան։
5Եփրայի մէջ իր հօր տունը մտաւ, եւ իր եղբայրները՝ Յերոբահաղի որդիները — եօթանասուն մարդ — մէկ քարի վրայ սպաննեց. բայց Յերոբահաղի ամենէն պզտիկ որդին՝ Յովաթամ ողջ մնաց, քանի որ պահուըտեցաւ։
6Յետոյ Սիւքէմի բոլոր բնակիչներն ու Մելոնի ամբողջ տունը հաւաքուեցան, եւ գացին Աբիմելէքը թագաւոր հռչակեցին Սիւքէմի մէջ՝ 3պահապաններու կաղնիին քով։
7Երբ ասիկա Յովաթամի իմացուցին, ան գնաց՝ Գարիզին լերան գագաթը կայնեցաւ, ձայնը բարձրացնելով պոռաց, եւ անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, որ Աստուած ձեզի մտիկ ընէ։
8Ծառերը գացին՝ որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն, ու ձիթենիին ըսին. “Թագաւորէ՛ մեր վրայ”։
9Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. “Հրաժարի՞մ պարարտութենէս, 4որ Աստուած եւ մարդիկը պատուել կու տայ ինձմով՝՝, ու երթամ 5իշխե՞մ ծառերուն վրայ”։
10Ծառերը թզենիին ըսին. “Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւորէ”։
11Սակայն թզենին անոնց ըսաւ. “Հրաժարի՞մ քաղցրութենէս եւ լաւ պտուղէս, ու երթամ իշխե՞մ ծառերուն վրայ”։
12Յետոյ ծառերը որթատունկին ըսին. “Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւորէ”։
13Որթատունկն ալ անոնց ըսաւ. “Հրաժարի՞մ Աստուած եւ մարդիկը ուրախացնող քաղցուէս, ու երթամ իշխե՞մ ծառերուն վրայ”։
14Այն ատեն բոլոր ծառերը 6դժնիկին ըսին. “Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւորէ”։
15Դժնիկը ծառերուն ըսաւ. “Եթէ ճշմարտապէս զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէ՛ք իմ շուքիս 7տակ նստեցէք՝՝. թէ ոչ՝ դժնիկէն թող կրակ ելլէ ու Լիբանանի մայրիները սպառէ”։
16Ուստի հիմա, եթէ Աբիմելէքը թագաւոր հռչակելով՝ դուք ճշմարտութեամբ եւ 8հաւատարմութեամբ վարուեցաք, եթէ Յերոբահաղի ու անոր տան բարութիւն ըրիք, եթէ անոր 9գործերուն վարձատրութեան համեմատ անոր հետ վարուեցաք.
17(արդարեւ իմ հայրս ձեզի համար պատերազմեցաւ, իր անձը 10վտանգի մէջ դրաւ՝՝ ու ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց.
18իսկ դուք այսօր իմ հօրս տան դէմ կանգնեցաք, անոր որդիները — եօթանասուն մարդ — մէկ քարի վրայ սպաննեցիք, եւ անոր աղախինին որդին՝ Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմի բնակիչներուն վրայ թագաւոր նշանակեցիք.)
19ուստի եթէ այսօր Յերոբահաղի եւ անոր տան հետ ճշմարտութեամբ ու հաւատարմութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքի համար ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեզմով թող ուրախանայ.
20թէ ոչ՝ Աբիմելէքէն թող կրակ ելլէ եւ Սիւքէմի բնակիչներն ու Մելոնի տունը սպառէ, նաեւ Սիւքէմի բնակիչներէն ու Մելոնի տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը սպառէ»։
21Յետոյ Յովաթամ վազեց ու փախաւ, Բէեր գնաց ու հոն բնակեցաւ, իր եղբօր՝ Աբիմելէքի 11պատճառով։
22Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի իշխեց։
23Աստուած Աբիմելէքի եւ Սիւքէմի բնակիչներուն միջեւ չար ոգի մը ղրկեց, ու Սիւքէմի բնակիչները Աբիմելէքի անհաւատարիմ եղան.
24որպէսզի Յերոբահաղի եօթանասուն որդիներուն եղած բռնութիւնը անոր վրայ գայ, եւ անոնց թափուած արիւնը իրենց եղբօր՝ Աբիմելէքի վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր, ու Սիւքէմի բնակիչներուն վրայ, որ անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին՝ իր եղբայրները սպաննելու։
25Ուստի Սիւքէմի բնակիչները անոր դէմ դարանակալներ դրին լեռներուն գագաթները, եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Ասիկա Աբիմելէքի իմացուցին։
26Աբեդի որդին՝ Գաաղ իր եղբայրներուն հետ եկաւ, Սիւքէմի մէջէն անցան, ու Սիւքէմի բնակիչները անոր վստահեցան։
27Դուրս ելան՝ դաշտերը, իրենց այգիներուն խաղողները կթեցին, զանոնք կոխեցին եւ 12ուրախութիւն ըրին. իրենց աստուծոյն տունը մտան, կերան ու խմեցին, եւ Աբիմելէքը անիծեցին։
28Աբեդեան Գաաղ ըսաւ. «Ո՞վ է Աբիմելէք, եւ ո՞վ է Սիւքէմ, որ մենք անոր ծառայենք։ Անիկա Յերոբահաղի որդին չէ՞, ու Զեբուղ՝ անոր վերատեսուչը չէ՞ — Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի մարդոց ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ անոր պիտի ծառայենք։
29Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ ըլլար, որ Աբիմելէքը հեռացնէի»։ Աբիմելէքի ալ ըսաւ. «Զօ՛րքդ շատցուր, եւ դո՛ւրս ելիր»։
30Երբ քաղաքապետը՝ Զեբուղ լսեց Աբեդեան Գաաղի խօսքերը, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
31Ծածկաբար Աբիմելէքի պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա՛ Աբեդեան Գաաղ ու իր եղբայրները Սիւքէմ եկան, եւ ահա՛ անոնք քաղաքը քեզի դէմ 13ոտքի կը հանեն՝՝։
32Ուստի հիմա՝ կանգնէ՛ գիշերը, դուն ու քեզի հետ եղող ժողովուրդը, եւ դաշտը դարա՛ն մտիր։
33Առտուն՝ կանո՛ւխ ելիր, երբ արեւը ծագի, ու յարձակէ՛ քաղաքին վրայ. ահա՛ անիկա եւ անոր հետ եղող ժողովուրդը դուրս պիտի ելլեն՝ քեզի դէմ. ձեռքիդ գտածը ըրէ՛ անոնց»։
34Ուստի Աբիմելէք գիշերը կանգնեցաւ՝ իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդով, ու չորս ջոկատի բաժնուելով՝ Սիւքէմի դէմ դարան մտան։
35Աբեդեան Գաաղ դուրս ելաւ եւ քաղաքին դրան մուտքը կայնեցաւ. Աբիմելէք ալ դարանէն կանգնեցաւ՝ իրեն հետ եղող ժողովուրդով։
36Գաաղ այդ ժողովուրդը տեսնելով՝ Զեբուղի ըսաւ. «Ահա՛ լեռներուն գագաթէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։
37Գաաղ վերստին խօսեցաւ, եւ ըսաւ. «Ահա՛ երկրին 14բարձր տեղերէն՝՝ ժողովուրդ կ’իջնէ, ու ջոկատ մըն ալ Մէոն-Էնիմին կաղնիին ճամբայով կու գայ»։
38Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է հիմա այդ բերանդ, որով կ’ըսէիր. “Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայենք”։ Ատիկա չէ՞ քու անարգած ժողովուրդդ. կ’աղերսե՛մ, դո՛ւրս ելիր հիմա, ու պատերազմէ՛ անոր դէմ»։
39Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն 15երթալով՝ Աբիմելէքի դէմ պատերազմեցաւ։
40Աբիմելէք զինք հալածեց, եւ ինք անոր առջեւէն փախաւ. շատե՛ր խոցուած ինկան՝ մինչեւ դրան մուտքը։
41Աբիմելէք Արումա կեցաւ, իսկ Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէսզի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։
42Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դուրս ելաւ՝ դաշտը, եւ Աբիմելէքի իմացուցին։
43Իր ժողովուրդը առաւ, երեք ջոկատի բաժնեց ու դաշտին մէջ դարան մտաւ. երբ տեսաւ թէ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոր 16վրայ յարձակելով՝՝ զայն զարկաւ։
44Աբիմելէք եւ իրեն հետ եղող ջոկատը յարձակելով քաղաքին դրան մուտքը կայնեցան. իսկ միւս երկու ջոկատները բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։
45Աբիմելէք այդ ամբողջ օրը քաղաքին դէմ պատերազմեցաւ, ու քաղաքը գրաւեց. մէջը եղող ժողովուրդը մեռցուց, քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։
46Երբ Սիւքէմի աշտարակին բոլոր բնակիչները ասիկա լսեցին, Բերիթ աստուծոյն տան բերդը մտան։
47Աբիմելէքի իմացուցին թէ Սիւքէմի աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։
48Այն ատեն Աբիմելէք Սելմոն լեռը ելաւ՝ իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդով։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով՝ ծառի ճիւղ մը կտրեց, զայն վերցնելով իր ուսին վրայ դրաւ, եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա՛ տեսաք ի՛նչ որ ըրի. շուտո՛վ դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։
49Ուստի ամբողջ ժողովուրդն ալ կտրեց՝ իւրաքանչիւրը իր ճիւղը, ու Աբիմելէքի հետեւեցան։ Ճիւղերը բերդին քով դրին, եւ բերդը կրակով վառեցին 17անոնք ալ մէջը ըլլալով՝՝։ Այսպէս՝ Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկն ալ, որ հազարի չափ այր մարդիկ ու կիներ էին, մեռան։
50Յետոյ Աբիմելէք Թեբէս գնաց, Թեբէսի դիմաց բանակեցաւ ու զայն գրաւեց։
51Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար, եւ բոլոր այր մարդիկն ու կիները հոն փախան, նաեւ քաղաքին բոլոր 18բնակիչները. դուռը 19ներսէն գոցեցին եւ աշտարակին տանիքը ելան։
52Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց, անոր դէմ պատերազմեցաւ, ու աշտարակին մուտքին մօտեցաւ՝ որպէսզի զայն կրակով այրէ։
53Կին մը Աբիմելէքի գլուխին վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը ջախջախեց։
54Ան ալ շուտով իր զինակիր երիտասարդը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Սո՛ւրդ քաշէ եւ զի՛ս մեռցուր, որպէսզի ինծի համար չըսեն. “Կի՛ն մը զայն մեռցուց”»։ Ուստի իր երիտասարդը զինք սուրով խոցեց, ու մեռաւ։
55Երբ Իսրայէլի մարդիկը տեսան թէ Աբիմելէք մեռած է, գացին՝ իւրաքանչիւրը իր տեղը։
56Այսպէս Աստուած Աբիմելէքի 20հատուցանեց այն չարիքը, որ իր հօր ըրեր էր՝ իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։
57Նաեւ Սիւքէմի մարդոց ամբողջ չարութիւնը՝ Աստուած անոնց 21հատուցանեց, ու Յերոբահաղի որդիին՝ Յովաթամի անէծքը անոնց վրայ եկաւ։