Loading...

Judges 10

Joshua  «  Judges 9  ‹  Judges 10  ›  Judges 11  »  Ruth


ԹՈՎՂԱ

1

Աբիմելէքէն ետք՝ Թովղա ելաւ, Իսաքարեան Դովդայի որդիին՝ Փուայի որդին, Իսրայէլը ազատելու համար։ Ան Եփրեմի լեռնակողմը՝ Սամիրի մէջ կը բնակէր։

2

Իսրայէլի մէջ քսաներեք տարի դատաւոր եղաւ. ապա մեռաւ ու Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։


ՅԱՅԻՐ

3

Անկէ ետք՝ Գաղաադացի Յայիր ելաւ, եւ Իսրայէլի մէջ քսաներկու տարի դատաւոր եղաւ։

4

Ան երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին. անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որ մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։

5

Յայիր մեռաւ ու Կամոնի մէջ թաղուեցաւ։

6

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 1առջեւ վերստին չարիք գործեցին, եւ Բահաղները, Աստարովթը, 2Սուրիայի աստուածները, Սիդոնի աստուածները, Մովաբի աստուածները, Ամմոնի որդիներուն աստուածներն ու Փղշտացիներուն աստուածները պաշտեցին. Տէրը լքեցին եւ զայն չպաշտեցին։

7

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ, ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքը եւ Ամմոնի որդիներուն ձեռքը 3մատնեց։

8

Անոնք այդ տարիէն մինչեւ տասնութ տարի՝ Իսրայէլի որդիները ջախջախեցին ու 4ճնշեցին, այսինքն Իսրայէլի բոլոր որդիները՝ որ Յորդանանի միւս կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամորհացիներու երկրին մէջ կը բնակէին։

9

Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէսզի Յուդայի դէմ, Բենիամինի դէմ ու Եփրեմի տան դէմ ալ պատերազմին։ Ուստի Իսրայէլ չափազանց տագնապեցաւ։

10

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին եւ ըսին. «Քեզի դէմ մեղանչեցինք, քանի որ մեր Աստուածը լքեցինք ու Բահաղները պաշտեցինք»։

11

Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Ես չէի՞ ձեզ ազատողը Եգիպտացիներէն, Ամորհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն եւ Փղշտացիներէն։

12

Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ տանջեցին եւ դուք ինծի աղաղակեցիք, ե՛ս ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։

13

Սակայն դուք զիս լքեցիք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտեցիք. հետեւաբար՝ անգա՛մ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։

14

Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներո՛ւն աղաղակեցէք. ձեր տագնապին ատենը անո՛նք թող ազատեն ձեզ»։

15

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ ըսին. «Մեղանչեցինք. ըրէ՛ մեզի ի՛նչ որ 5քեզի հաճելի կը թուի՝՝, միայն թէ ազատէ՛ մեզ այսօր, կ’աղերսե՛նք»։

16

Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները հանեցին ու Տէ՛րը պաշտեցին. եւ անոր անձը վհատեցաւ Իսրայէլի տաժանքին համար։

17

Ամմոնի որդիները 6կանչուեցան, ու Գաղաադի մէջ բանակեցան. Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան եւ Մասփայի մէջ բանակեցան։

18

Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանաւորները իրարու ըսին. «Ո՛վ որ սկսի Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմիլ, անիկա՛ թող ըլլայ Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն զօրագլուխը»։



1 Եբր.՝ աչքերուն
2 Եբր.՝ Արամի
3 Եբր.՝ ծախեց
4 Կամ՝ խոշտանգեցին
5 Եբր.՝ աչքերուդ լաւ է
6 Եբր.՝ աղաղակով կանչուեցան