Loading...

Judges 11

Joshua  «  Judges 10  ‹  Judges 11  ›  Judges 12  »  Ruth


ՅԵՓԹԱՅԷ

1

Գաղաադացի Յեփթայէ զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց պոռնիկ կնոջ մը որդին էր. Գաղաադ ծնած էր Յեփթայէն։

2

Գաղաադի կինը իրեն որդիներ ծնաւ. երբ իր կնոջ որդիները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին եւ անոր ըսին. «Դուն մեր հօր տան մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանի ուրիշ կնոջ մը որդին ես»։

3

Յեփթայէ իր եղբայրներուն 1առջեւէն փախչելով՝ Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ։ Յեփթայէի քով դատարկապորտ մարդիկ հաւաքուեցան, եւ անոր հետ 2կը շրջէին՝՝։

4

Ժամանակէ մը ետք՝ Ամմոնի որդիները Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։

5

Մինչ Ամմոնի որդիները Իսրայէլի դէմ կը պատերազմէին, Գաղաադի երէցները գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն բերեն։

6

Յեփթայէի ըսին. «Եկո՛ւր, մեզի մեծաւո՛ր եղիր, որպէսզի Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմինք»։

7

Յեփթայէ Գաղաադի երէցներուն ըսաւ. «Դուք զիս չատեցի՞ք եւ իմ հօրս տունէն զիս չվռնտեցի՞ք. ուստի ինչո՞ւ ինծի եկաք, հիմա որ տագնապի մէջ էք»։

8

Գաղաադի երէցները Յեփթայէի ըսին. «Հիմա քեզի վերադարձանք, որպէսզի մեզի հետ երթաս, Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմիս, ու մեր — Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն — զօրագլուխը ըլլաս»։

9

Յեփթայէ Գաղաադի երէցներուն ըսաւ. «Եթէ դուք զիս վերադարձնէք՝ Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմելու համար, եւ Տէրը զանոնք իմ 3ձեռքս մատնէ, ես ձեր զօրագլուխը պիտի ըլլա՞մ»։

10

Գաղաադի երէցները Յեփթայէի ըսին. «Տէրը մեր միջեւ 4վկայ է թէ ըսածիդ համաձայն պիտի ընենք՝՝»։

11

Ուստի Յեփթայէ Գաղաադի երէցներուն հետ գնաց, ու ժողովուրդը զայն իր վրայ զօրագլուխ եւ մեծաւոր նշանակեց։ Յեփթայէ Տէրոջ առջեւ ըսաւ իր բոլոր խօսքերը՝ Մասփայի մէջ։

12

Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի դէմ եկար՝ իմ երկրիս մէջ պատերազմելու համար»։

13

Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէի պատգամաւորներուն պատասխանեց. «Որովհետեւ Իսրայէլ՝ Եգիպտոսէն բարձրացած ատենը՝ իմ երկիրս առաւ, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու մինչեւ Յորդանան։ Ուստի հիմա զայն խաղաղութեա՛մբ վերադարձուր»։

14

Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորին վերստին պատգամաւորներ ղրկեց,

15

եւ անոր ըսաւ. «Յեփթայէ սա՛ կ’ըսէ. “Իսրայէլ Մովաբի երկիրը չառաւ, ո՛չ ալ Ամմոնի որդիներուն երկիրը։

16

Արդարեւ՝ Եգիպտոսէն բարձրացած ատենը՝ Իսրայէլ անապատէն քալեց մինչեւ Կարմիր ծովը, ու Կադէս հասաւ.

17

Իսրայէլ Եդովմի թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. "Կ’աղերսե՛մ, քու երկրէդ անցնիմ", բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ։ Մովաբի թագաւորին ալ ղրկեց. սակայն ան չուզեց։ Ուստի Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց։

18

Յետոյ անապատին մէջէն գնաց, Եդովմի երկրին եւ Մովաբի երկրին շուրջը դարձաւ, ու Մովաբի երկրին արեւելեան կողմէն երթալով՝ Առնոնի միւս կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբի հողամասին մէջ չմտաւ. քանի որ Մովաբի սահմանը Առնոնն էր։

19

Իսրայէլ պատգամաւորներ ղրկեց Ամորհացիներու Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) եւ Իսրայէլ անոր ըսաւ. "Կ’աղերսե՛մ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէսզի իմ տեղս երթամ"։

20

Բայց Սեհոն Իսրայէլի 5արտօնութիւն չտուաւ՝՝ որ իր հողամասէն անցնի. հապա Սեհոն իր ամբողջ ժողովուրդը հաւաքեց, Յասսայի մէջ բանակեցան ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։

21

Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը Սեհոնը եւ անոր ամբողջ ժողովուրդը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց, որ զանոնք զարկաւ։ Իսրայէլ այդ երկրին մէջ բնակող Ամորհացիներուն ամբողջ երկրին տիրացաւ։

22

Իսրայէլ Ամորհացիներուն ամբողջ հողամասին տիրացաւ, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, ու անապատէն մինչեւ Յորդանան։

23

Ուստի, հիմա որ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը Ամորհացիները վտարած է իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլի առջեւէն, դո՞ւն պիտի տիրանաս այն երկրին։

24

Միթէ տիրացած չե՞ս այն երկրին, որուն քու աստուածդ՝ Քամովս քեզի տիրել տուած է. մենք ալ մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի մեր առջեւէն վտարած ազգերուն երկրին կը տիրանանք։

25

Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն՝ Սեպփորեան Բաղակէն աւելի՞ 6զօրաւոր ես. միթէ անիկա Իսրայէլի դէմ կռուեցա՞ւ, կամ անոնց դէմ պատերազմեցա՞ւ։

26

Իսրայէլ Եսեբոնի ու անոր 7գիւղերուն մէջ, Արոէրի ու անոր գիւղերուն մէջ, եւ Առնոնի ափին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է որ կը բնակի. ինչո՞ւ զանոնք այդքան ատեն չազատագրեցիք։

27

Ուստի ես քեզի դէմ մեղանչած չեմ, ու դուն ինծի դէմ պատերազմելով՝ ինծի չարիք կ’ընես։ Իսրայէլի որդիներուն եւ Ամմոնի որդիներուն միջեւ դատաւոր եղող Տէ՛րը թող դատէ այսօր”»։

28

Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէի 8հաղորդած խօսքերը մտիկ չըրաւ։

29

Այն ատեն Տէրոջ Հոգին Յեփթայէի վրայ եկաւ, եւ ան Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ, Գաղաադի Մասփայէն ալ անցաւ, եւ Գաղաադի Մասփայէն դէպի Ամմոնի որդիները անցաւ։

30

Յեփթայէ Տէրոջ ուխտ ըրաւ՝ ըսելով. «Եթէ Ամմոնի որդիները բոլորովին ձեռքս մատնես

31

եւ Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ վերադառնամ, իմ տանս դռներէն ո՛վ որ ելլէ զիս դիմաւորելու՝ Տէրոջ պիտի ըլլայ, ու զայն իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։

32

Յեփթայէ դէպի Ամմոնի որդիները անցաւ՝ որպէսզի անոնց դէմ պատերազմի, եւ Տէրը զանոնք իր ձեռքը մատնեց։

33

Յոյժ մեծ պարտութեան մատնեց զանոնք՝ Արոէրէն 9մինչեւ Մեննիթ — քսան քաղաք — ու մինչեւ Աբէլ-Քերամիմ, եւ Ամմոնի որդիները Իսրայէլի որդիներուն առջեւ ընկճուեցան։


ՅԵՓԹԱՅԷԻ ԱՂՋԻԿԸ

34

Յեփթայէ Մասփա՝ իր տունը եկաւ, եւ ահա՛ իր աղջիկը դուրս ելաւ՝ թմբուկներով ու պարերով զինք դիմաւորելու։ Ան իր մէկ հատիկ զաւակն էր. անկէ զատ որդի կամ աղջիկ չունէր։

35

Երբ Յեփթայէ զայն տեսաւ՝ իր հագուստները պատռեց, եւ ըսաւ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, զիս բոլորովին 10նուաստացուցիր, ու զիս դժբախտացնողներէն մէկը եղար. արդարեւ բերանս Տէրոջ բացի, եւ չեմ կրնար 11ընկրկիլ»։

36

Բայց ան իրեն ըսաւ. «Իմ հա՛յրս, եթէ բերանդ Տէրոջ բացիր, բերանէդ ելածին համաձայն ըրէ՛ ինծի. քանի Տէրը քու թշնամիներէդ՝ Ամմոնի որդիներէն վրէժդ առաւ»։

37

Նաեւ իր հօր ըսաւ. «Միայն սա՛ բանը ըրէ ինծի. թո՛ղ զիս երկու ամիս, որպէսզի երթամ, լեռներուն վրայ 12թափառիմ, եւ ընկերուհիներովս իմ կուսութիւնս լամ»։

38

Ան ալ ըսաւ. «Գնա՛», ու զինք երկու ամսուան համար ղրկեց. եւ ինք իր ընկերուհիներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ։

39

Երկու ամսուան վախճանին իր հօր վերադարձաւ, եւ ան իր ըրած ուխտը անոր հանդէպ կատարեց.— ան այր մարդ չգիտցաւ։

40

Ուստի Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ամէն տարի Իսրայէլի աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէի աղջիկը տարփողեն, տարին չորս օր։



1 Եբր.՝ երեսէն
2 Եբր.՝ դուրս կ’ելլէին
3 Եբր.՝ առջեւս
4 Եբր.՝ լսող ըլլայ եթէ քու ըսածիդ համաձայն չընենք
5 Եբր.՝ չվստահեցաւ
6 Եբր.՝ լաւ
7 Եբր.՝ աղջիկներուն
8 Եբր.՝ ղրկած
9 Եբր.՝ մինչեւ որ գաս
10 Եբր.՝ կքեցիր
11 Եբր.՝ ետ դառնալ
12 Եբր.՝ ելլեմ ու իջնեմ