Judges 12
Joshua « Judges 11 ‹ Judges 12 › Judges 13 » Ruth
ՅԵՓԹԱՅԷ ԵՒ ԵՓՐԵՄԵԱՆՆԵՐԸ
1Եփրեմի մարդիկը 1կանչուեցան, դէպի հիւսիսային կողմը անցան եւ Յեփթայէի ըսին. «Ինչո՞ւ Ամմոնի որդիներուն դէմ պատերազմելու գացած ատենդ մեզ չկանչեցիր, որպէսզի քեզի հետ երթայինք. ուստի տունդ կրակով պիտի այրենք քու վրադ»։
2Յեփթայէ անոնց ըսաւ. «Ես ու իմ ժողովուրդս մեծ կռիւի մէջ էինք Ամմոնի որդիներուն հետ, բայց երբ ձեզ 2կանչեցի, դուք զիս անոնց ձեռքէն չազատեցիք։
3Ես ալ, երբ տեսայ թէ դուք զիս չէք ազատեր, 3կեանքս վտանգելով՝՝ դէպի Ամմոնի որդիները անցայ, եւ Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնեց։ Ինչո՞ւ այսօր իմ քովս բարձրացաք՝ ինծի դէմ պատերազմելու»։
4Յեփթայէ Գաղաադի բոլոր մարդիկը հաւաքելով Եփրեմի դէմ պատերազմեցաւ։ Գաղաադի մարդիկը Եփրեմեանները զարկին, քանի որ ըսեր էին. «Դո՛ւք՝ Գաղաադացիներդ՝ Եփրեմի ազատածներն էք Եփրեմի մէջ ու Մանասէի մէջ»։
5Գաղաադացիները Եփրեմի առջեւէն Յորդանանի անցքերը գրաւեցին, ու երբ Եփրեմի ազատածներէն մէկը ըսէր. «Թողուցէ՛ք որ անցնիմ», Գաղաադի մարդիկը անոր կ’ըսէին. «Եփրեմեա՞ն ես»։ Եթէ ան “ո՛չ” ըսէր,
6իրենք անոր կ’ըսէին. «Այժմ 4“շիպպոլէթ” ըսէ»։ Եթէ ան “սիպպոլէթ” ըսէր, (քանի որ չէր կրնար շիտակ արտասանել,) զայն կը բռնէին եւ Յորդանանի անցքերուն մէջ կը մորթէին։ Այդ ատեն Եփրեմէն քառասուներկու հազար մարդ ինկաւ։
7Յեփթայէ Իսրայէլի մէջ վեց տարի դատաւոր եղաւ. յետոյ Գաղաադացի Յեփթայէ մեռաւ, ու Գաղաադի քաղաքներէն մէկուն մէջ թաղուեցաւ։
ԱԲԵՍՍԱ, ԵԼՈՆ, ԱԲԴՈՆ
8Անկէ ետք Իսրայէլի մէջ Բեթլեհեմացի Աբեսսան դատաւոր եղաւ։
9Ան երեսուն որդի ունէր, նաեւ երեսուն աղջիկ՝ որ դուրս ղրկեց, եւ դուրսէն ալ իր որդիներուն երեսուն աղջիկ ներս բերաւ. Իսրայէլը եօթը տարի դատեց։
10Երբ Աբեսսան մեռաւ՝ Բեթլեհէմի մէջ թաղուեցաւ։
11Անկէ ետք Զաբուղոնացի Ելոն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ, ու Իսրայէլը տասը տարի դատեց։
12Երբ Զաբուղոնացի Ելոն մեռաւ, Զաբուղոնի երկիրը՝ Այեղոնի մէջ թաղուեցաւ։
13Անկէ ետք Փարաթոնացի Հելլէլի որդին՝ Աբդոն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ։
14Ան քառասուն որդի ու երեսուն թոռ ունէր, որ եօթանասուն աւանակներու վրայ կը հեծնէին. Իսրայէլը ութ տարի դատեց։
15Երբ Փարաթոնացի Հելլէլի որդին՝ Աբդոն մեռաւ, Եփրեմի երկիրը՝ Փարաթոնի մէջ թաղուեցաւ, Ամաղեկացիներու լերան վրայ։